«Երկիր».- ՀՀ Անվտանգութեան Խորհուրդի գրասենեակի իրաւասու մարմիններուն մասնակցութեամբ, երէկ տեղի ունեցած են քննարկումներ Թուրքիոյ Սուրիոյ հիւսիսարեւելեան տարածքներ զինուորական ներխուժման հետեւանքով հայկական բնակչութիւն ունեցող շրջաններուն մէջ ստեղծուած իրավիճակին շուրջ:
ԱԽ-ի գրասենեակը ուշադրութեամբ կը հետեւի Սուրիոյ հիւսիս-արեւելքը ծաւալող իրադարձութիւններուն, միաժամանակ կը մշակուին հնարաւոր զարգացումներուն արձագանգելու տարբերակներ հայ բնակչութեան անվտանգութիւնը ապահովելու նպատակով: