-Կը գործակցիմ, կը գործակցիս, կը գործակցի…
-Ի՞նչ, մէկէնիմէկ միտքդ այս բային խոնարհումը սորվի՞լը ինկաւ:
-Ինկաւ, խոնարհեմ ըսի, որ իմաստազուրկ դարձած այս բային ճշգրիտ իմաստը վերյիշեմ: Քանի մոռցնել տուին…
– Մոռցուելի՞ք բայ է, որ կը մոռնաս:
– Յիշողութեան խանգարում չէ, բայը ծամծմելով գործակցիլ ձեւացնողներու տրամաբանութեան խանգարում:
-Գործակցութեա՞ն ալ ձեւականը կայ եղեր:
– Կայ, ճանըմ, կայ հապա..
– Ինչպէ՞ս…
– Գործին կցելով համով-հոտով բառեր:
-Բառե՞ր, թէ ոչ ածականներ…
– Երկուքն ալ կ’ըլլան, տեղին համաձայն…
-Օրինակ մը տուր, հասկնանք, եղբա՛յր…
– Գործին մէյ մը կը կցես հաւատք, մէյ մըն ալ հայհոյանք, մէյ մը պիտակ, մէյ մըն ալ տարօրինակներու բառամթերքէն քաղուած բառեր, որոնք գործածութեան յատուկ եղանակ, վայր եւ ժամանակ ունին:
– Է, ի՞նչ կ’ըլլայ:
– Գործ ա կցութիւն կ’ըլլայ: Կծծիներուն հետ կապ չունի ասիկա, կցողներուն հետ կապ ունի: Շատ դիւրին, գործ ա կցութիւն կ’ըլլայ: Ուզած ատենդ գործ մը կը սկսիս, ուզած ատենդ վազ կ’անցնիս:
– Սիրեցի այս գործակցութիւնը, զուարճալի է, չէ՞:
– Զուարճալի է ու զուարճանալ փափաքողներու յատուկ:
-Բացառութիւններ չկա՞ն:
-Բացառութիւններ կան, բայց աչքէ, աղմուկէ հեռու: Այդպիսիներուն գործակցութեան արդիւնքը կը տեսնես միայն, զիրենք չես ալ նկատեր, ո՛չ աղմուկ կը բարձրացնեն, ոչ ալ գլուխ կ’արդուկեն:
Փշակն