Շաբաթ, 12 Հոկտեմբեր 2019-ի միջօրէին Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան հանդիպում ունեցաւ Թել Ապիատէն թրքական հրթիռակոծումներուն հետեւանքով դուրս եկած եւ Հալէպ ժամանած հայ ընտանիքներու հետ: Հայ ընտանիքներուն կ՛ընկերակցէր Սուրիահայութեան Շտապ Օգնութեան եւ Վերականգնումի Գործադիր Մարմինի անդամ Յարութ Հայրապետեան:

Անոնք դիտել տուին, որ բոլոր հայ ընտանիքները չեն յաջողած Հալէպ գալ, ոմանք անցած են Գամիշլի եւ Հասիչէ, ուրիշներ առժամաբար տեղափոխուած են Թել Ապիատի շրջակայ ապահով գիւղեր եւ հիւրընկալուած են արաբ ընտանիքներու կողմէ, մինչեւ Հալէպ կամ Գամիշլի իրենց մեկնումը:

Հիւսիսային շրջաններու հրթիռակոծումներուն հետեւանքով հայ զոհեր եւ վիրաւորներ չկան:
Սրբազան Հայրը ընդունելով զիրենք, իր զօրակցութիւնը յայտնեց անոնց եւ Բերիոյ Հայոց Թեմին անունով պատրաստակամութիւն յայտնեց հիւրընկալելու տեղահանուած ընտանիքներ թէ՛ Հալէպի եւ թէ Գամիշլիի մէջ:

Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդը մշտական կապի մէջ է նաեւ Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տէր Լեւոն Աբեղայ Եղիայեանի հետ:
Սրբազանը մաղթեց որ պատերազմը դադրի, խաղաղութիւն հաստատուի եւ անոնք վերադառնան իրենց արտերը, իրենց դաշտերն ու բնակարանները: Թել Ապիատի հայ ընտանիքները իրենց կառչածութիւնը յայտնեցին Սուրիական Հայրենիքին եւ յոյս յայտնեցին, որ կացութիւնը բարելաւուի եւ իրենք շրջան մը վերջ վերադառնան Թել Ապիատ:

Աւելցնենք, որ օրեր առաջ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր զօրակցութիւնը յայտնած էր Ճեզիրէի հայութեան եւ դատապարտած էր Թուրքիոյ ներխուժումը:
ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը եւս մնայուն կապի մէջ է Ճէզիրէի Հայոց Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Աբղ. Եղիայեանի հետ: Հայր սուրբը մանրամասն կերպով տեղեակ կը պահէ Վեհափառ Հայրապետը զանազան շրջաններէն ներս տեղի ունեցող զարգացումներուն մասին՝ այս փուլին շրջանի մեր ժողովուրդին ապահովութիւնը, ինչպէս նաեւ առաւելագոյն չափով անոնց աջակցութիւնը նկատելով հրամայական: