«Ասպարէզ».- 28 Սպտեմբերին, Արեւմտեան Ամերիկայի եւ Սան Կապրիէլ հովիտի Հայ Դատի Յանձնախումբերը եւ համայնքի ներկայացուցիչները հանդիպում մը ունեցան Լոս Անճըլըս գաւառի վերահսկիչներու խորհուրդի առաջին ընտրատարածքը ներկայացնող Հիլտա Սոլիսի եւ անոր անձնակազմի անդամներուն հետ, քննարկելով ամերիկահայութիւնը յուզող տեղական եւ շրջանային շարք մը հարցեր։
Յատուկ ուշադրութիւն դարձուեցաւ Միացեալ Նահանգներու 2020-ի մարդահամարին ամերիկահայութեան առաւելագոյն մասնակցութիւնը ապահովելու ջանքերուն, ինչպէս նաեւ ամերիկահայութիւնը քուէարկելու մղելու նպատակով Հայ Դատի «Հայ Վոթց»ին վրայ։