«Արմէնփրէս».- Ռումանիոյ խորհրդարանի շէնքէն ներս 15 Հոկտեմբերին Ռումանիոյ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան նախաձեռնութեամբ եւ ՀՀ Կրթութեան, Գիտութեան, Մշակոյթի եւ Մարմնամարզի Նախարարութեան, «Մատենադարան» Մեսրոպ Մաշտոցի անուան հին ձեռագիրներու գիտահետազօտական հիմնարկի ու Ռումանահայոց Միութեան աջակցութեամբ բացուած է «12 Հոկտեմբերին Ռումանիոյ մէջ Հայոց լեզուի, այբուբենի եւ մշակոյթի օր հռչակելու» օրէնքի ընդունման համար կազմակերպուած ցուցահանդէսը: Ցուցահանդէսի բացման ելոյթներով հանդէս եկած են Ռումանիոյ խորհրդարանի Պատգամաւորներու պալատի նախագահ Իոն-Մարսել Չիոլաքուն/Ion-Marcel CIOLACU, Ռումանիոյ ՀՀ դեսպան Սերկէյ Մինասեան եւ օրէնքի համահեղինակներ, Ռումանիոյ Խորհրդարանի պատգամաւորներ Վարուժան Ոսկանեանն ու Վարուժան Փամպուքճեան:
Ներկաները ծանօթացած են հայկական այբուբենի ինքնատիպութեան, Մատենադարանի մէջ պահուող հայ միջնադարեան որոշ ձեռագիր մատեաններու պատկերազարդումներուն ու մանրանկարչութեան:
Նախաձեռնութեան ներկայ եղած են Ռումանիոյ խորհրդարանական կուսակցութիւններու եւ խմբակցութիւններու ղեկավարներ, պատգամաւորներ, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ ԶԼՄ-ներու ներկայացուցիչներ: