Երեքշաբթի, 8 Հոկտեմբեր 2016-ին Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Պետ Վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեան եւ Հալէպի Հայ Աւետարանական եկեղեցիներէն ներկայացուցիչներ այցելութիւն տուին Հալէպի Հայ Ծերանոց:
Անոնք Ծերանոցի խնամակալութեան եւ տնօրէնին կողմէ հիւրընկալուեցան: Ծերանոցի տնօրէն Աւօ Գաթրճեան հակիրճ կերպով անդրադարձաւ ծերանոցի ներկայ իրավիճակին ու առօրեայ մարտահրաւէրներուն: Համայնքապետ Վերապատուելին համապատասխան լուծումներ առաջարկեց՝ դժուարութիւնները յաղթահարելու եւ ծերանոցէն ներս աւելի բարօր վիճակ ստեղծելու համար: Այնուհետեւ ներկաները ծերունիներուն հետ ունեցան հաւաքական ճաշ եւ հաղորդակցական պահ, որմէ ետք Վերապատուելին այցելեց պատսպարեալ ծերունիներուն առանձնասենեակները, լսելով անոնց դժուարութիւնները՝ յուսադրեց եւ խրախուսեց զանոնք, որպէսզի կարենան յոյսի եւ լոյսի նշոյլ մը տեսնել՝ գալիք լաւ ու բարի օրերուն ակնկալութեամբ: