Քանի մը օր առաջ, երբ համալսարանը ազատ պահ ունէինք, բակը նստած էի դասընկերուհիներուս հետ: Երկար արձակուրդէ մը ետք կրկին տեսնուած էինք եւ զանազան նիւթերու շուրջ կը զրուցէինք: Դասընկերուհիներէս մէկուն խօսքը զիս երկա՜ր մտմտուքներու մէջ սուզեց.
-Երէկ ընկերուհիներէս մէկուն հանդիպեցայ, ըսաւ որ շատ գիրցած եմ: Իր այս նկատողութիւնը շատ նեղացուց զիս, քանի որ վիրաւորական բառերով արտայայտուեցաւ:
Պահ մը խորհեցայ, թէ դասընկերուհիս ինչո՞ւ այսքան ընկճուած էր այդ նկատողութիւնը լսելով: Արդեօ՞ք կը համարէր, թէ մարդուն իսկական արժէքը իր տեսքին ու կերպարանքին մէջ է, ոչ թէ՝ ներաշխարհին կամ միտքին:
Ենթադրեցի, թէ զինք շրջապատող անձերէն ազդուած է ան: Հաւանաբար անոնց համար առաջնահերթութիւնը մարդուս արտաքին տեսքն է: Ցաւօք զինք ալ համոզեր են որ այդպէս է:
 Այս մտածելակերպը անհանգստացուց զիս, քանի որ առաջին անգամը չէր որ բարեկամներէս մէկը ինքզինք անարժէք կը զգար իր արտաքին երեւոյթին պատճառով: Ենթադրենք, թէ ընկերուհիս գիրցած է քիչ մը. ատիկա չափանի՞շ մըն է իր արժէքին: Մարդ արարածը իր ողջ կեանքին ընթացքին նոյն ծանրութեամբ պիտի չմնայ, բնականաբար: Պիտի գիրնայ, պիտի նիհարնայ, պիտի փոխուի արտաքնապէս իր կեանքի իւրաքանչիւր փուլին: Կեանքը վերելք ու վայրէջք է վերջապէս:
Այս միտքերով տարուած ուրիշ ընկերոջ մը արտայայտութեան ականջալուր դարձայ.
– Անցեալ օրուան հաւնած տաբատս փորձեցի, չվայելեց, մարմինս տձեւ է…:
 Զարմանալի: Տաբատին կաղապարին յարմարելու համար ինքզինք կ’այպանէ, իր մարմինը տձեւ կը համարէ: Ինչո՞ւ չի խորհիր, որ այդ տաբատը կարող դերձակը չԷ յաջողած բոլորին յարմարող կաղապար մը մէջտեղ բերել:
Վայրկեաններ անց ուրիշ մը կը յուշէ, թէ ինքզինք չի հաւնիր, քանի որ մազերը սկսած են թափիլ, անդին մէկ այլ ընկեր մը կը գանգատի իր մորթին գոյնէն, կը սպասէ ամրան, որպէսզի արեւուն տակ փրուի ու ճեփ-ճերմակ մորթը քիչ մը մթագնի:
Դժգոհներուն շարքը կ’երկարի: Քանի մը վայրկեան ետք կը հանդիպիմ ուրիշ դասընկերուհիի մը: Ան ալ մորթին մուգ գոյնէն կը դժգոհի եւ ճերմակամորթներուն երանի կու տայ:
Այս ի՞նչ վիճակ է, կը մտածեմ, արդեօ՞ք կատարեալ մարդ կայ մեր մոլորակին վրայ: Գեղեցկութիւնը համեմատական է, մարդոց մտածողութենէն, արժէքային համակարգէն, զարգացումէն կախեալ է: Կարելի չէ տքնիլ արտաքին տեսքդ բոլորին համար ընդունելի դարձնելու անիմաստ ջանքերով: Իրականութեան մէջ քեզ անկեղծօրէն սիրողն ու արժեւորողը ո՛չ ծանրութեանդ, ո՛չ մազիդ գոյնին եւ ոչ ալ հասակիդ համար պիտի սիրէ: Ան պիտի թափանցէ հոգիէդ ներս ու այնտեղ փնտռէ արժանիքներդ, այնտեղէն երբեմն դուրս բերէ դրական յատկանիշներդ, մնայուն գեղեցկութիւնդ:
Մեզմէ իւրաքանչիւրը յատկութիւն մը ունի, յատուկ բնաւորութիւն, մտածելակերպ, վարք ու բարք:
Ուրեմն սիրենք մենք զմեզ, հեռու մնանք ձեւականութիւններէ եւ հաշտ ապրինք մենք մեզի հետ, որպէսզի մեր շուրջիններն ալ տեսնեն մեր դրական յատկութիւնները ու սիրեն մեզ:
Սարին Գրիգորեան