ՏԵՂԱԿԱՆ
ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ
– Ներկայութեամբ ՖԻՊԱ-ի Ասիոյ տնօրէն տիար Յակոբ Խաչերեանի, անցեալ շաբթուան ընթացքին Դամասկոսի մէջ տեղի ունեցաւ արեւմտեան Ասիոյ ընդհանուր խորհրդաժողովը: ժողովին քննարկուեցաւ արեւմտեան Ասիոյ պասքեթի իրավիճակը: Աւարտին, Խաչերեան պաշտօնապէս յայտարարեց, թէ այսուհետեւ Սուրիոյ հաւաքականներն ու խումբերը իրաւունք ունին Ասիոյ պասքեթի իրենց բոլոր մրցումները կատարել Սուրիոյ դաշտերուն վրայ:
– 2020-ի համաշխարհային ֆութպոլի զտման երկրորդ փուլի մրցումներուն, Սուրիոյ հաւաքականը անգնահատելի խաղարկութեամբ եւ 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Մալթիւի կազմը: Մրցումին Սու-րիոյ զոյգ կոլերը նշանակեց խմբապետ Ումար Սոման: Աւելցնենք, որ վերջին շրջանին Սուրիոյ ժողովուրդին մեծամասնութիւնը կը պահանջէ հաւաքականի մարզիչ Ֆաճար Իպրահիմի հեռացումը:
– Սուրիոյ տղոց երիտասարդական պասքեթի ախոյեանութեան առաջին մրցումին, ՀՄԸՄ-ի կազմը 65-49 արդիւնքով յաջողեցաւ պարտութեան մատնել Իթթիհատի խումբը, իսկ ՀԵԸ 108-75 արդիւնքով պար- տ- ուեցաւ ճալաա-էն:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ
ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԼԻԽՏԵՆՇՏԱՅՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ ԱՒԱՐՏԵՑԱՒ ՀԱՒԱՍԱՐ ԱՐԴԻՒՆՔՈՎ
Ֆութպոլի Եւրոպայի 2020 թուականի որակաւորման խմբակի 7-րդ փուլի մրցումներու շրջագիծին մէջ, Հայաստանի հաւաքականը հիւրընկալեց Լիխտենշտայնը: Հանդիպումի 18-րդ վայրկեանին, Տիգրան Բարսեղեան յաջողեցաւ ուժեղ հարուածով մը ցնցել մրցակիցին դարպասը: Կոլէն ետք, Հայաստանի խաղացողները դարձեալ տիրապետեցին խաղարկութեան, եւ այլ առիթներով յաջողեցան մուտք գործել մրցակիցին կիսադաշտը, բայց անոնց բոլոր յարձակումները ապարդիւն մնացին: Երկրորդ կիսախաղը շարունակուեցաւ նոյն ոճով, իսկ մրցակիցը վստահեցաւ արագ յարձակումներու, որոնցմէ մէկէն օգտուելով, կրցաւ նշանակել հաւասարութեան կոլը՝ Ֆրիկի միջոցով:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
ՆԷՅՄԱՐ ՎՆԱՍՈՒԵՑԱՒ
Ֆրանսայի Փարիզ Սան Ժերման խումբի եւ Պրազիլի հաւաքականի յարձակողական խաղացող Նէյմար, Շաբաթ օր Պրազիլ Նիճերիա բարեկամական մրցումին ընթացքին վնասուեցաւ: 27-տարեկան ֆութպոլիստը դաշտէն դուրս եկաւ հանդիպումի 12-րդ վայրկեանին, անոր փոխարինեց Պայերն Միունիխի յարձակողական խաղացող Ֆիլիփ Քոթինիոն: Աւելցնենք, որ հանդիպումը աւարտեցաւ 1-1 հաւասարութեամբ:
ՍԵՐԺԻՕ ՌԱՄՈՍ ՆՈՐ ՄՐՑԱՆԻՇ ԱՐՁԱՆԱԳՐԵՑ
Սպանիոյ հաւաքականի եւ Ռէալ Մատրիտի խմբապետ Սերժիօ Ռամոս Շաբաթ օր կատարեց Սպանիոյ հաւաքականին հետ իր 168-րդ մրցումը, եւ արձանագրեց Սպանիոյ հաւաքականի նոր մրցանիշ մը, որ նախապէս վերապահուած էր Սպանիոյ հաւաքականի նախկին դարպասապահ Իքէր Քասիասին:
Ռամոս Սպանիոյ հաւաքականին առաջին անգամ մաս կազմեց 2005-ին, Չինաստանի դէմ տեղի ունեցած մրցումին: Ան երկիրի հաւաքականին հետ 2008-ին եւ 2012-ին տիրացաւ Եւրոպայի ախոյեանութեան , ինչպէս նաեւ 2010-ին աշխարհի տիտղոսակիր դարձաւ: Ռամոս 2016-էն ի վեր կը վարէ Սպանիոյ հաւաքականի խմբապետի պաշտօնը:
ԵՈՐԿԷՆ ՔԼՈՓ ԱՄՍՈՒԱՆ ԼԱՒԱԳՈՅՆ ՄԱՐԶԻՉԸ
Անգլիոյ Լիվըրփուլի գերմանացի մարզիչ Եորկէն Քլոփ ընտրուեցաւ անցնող ամսուան լաւագոյն մարզիչ, շնորհիւ խումբին արձանագրած ութը յաղթանակներուն: Սեպտեմբեր ամ- սուան ընթացքին Լիվըրփուլ յաջողեցաւ պարտութեան մատնել Նիւ Քասէլը 3-1, Չէլսին 2-1, Շիվիլտ Եունայթըտը 1-0: Յիշենք, թէ անցեալ ամսուան Անգլիոյ ախոյեանութեան լաւագոյն մարզիչի կոչումը դարձեալ վստահուեցաւ Քլոփին. Անոր խումբը ներկայիս 24 կէտով կը գլխաւորէ Անգլիոյ ախոյեանութեան աղիւսակը, Մանչէսթըր Սիթին իրեն կը յաջորդէ ութը կէտերու տարբերութեամբ:
ՌԷԱԼ ՊԱՏՐԱՍՏ Է ՎԱՃԱՌԵԼ ՄՈՏՐԻՉԸ
Ըստ սպանական Diario Gol կայքին, Ռէալ Մատրիտը յառաջիկայ ամառնային փոխադրաշրջանին պատրաստ է վաճառելու Լուքա Մոտրիչը։ «Արքայական» ակումբը պատրաստ է ստանալ առաջարկներ խրուաթ կիսապաշտպանին համար։ Նախկին շրջանին Մոտրիչին ծառայութիւններով լրջօրէն հետաքրքրուած էր Ինթէր Միլանը եւ Փարիզ Սան Ժերմանը: Յիշենք, որ Լուքա Մոտրիչ Ռէալ Մատրիտին միացաւ 2012-ին:
Պատրաստեց
Ռաֆֆի Սիւլահեան