«Ազդակ».-ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Սփութնիք- Արմենիա»-ի հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ Լիբանանի մէջ բռնկած բողոքի ցոյցերուն եւ ժողովրդային շարժումին:

Ան յայտնեց, որ բնականաբար անցնող վեց օրերուն ընթացքին ժողովրդային այս պոռթկումը իր գագաթնակէտին հասած է, տարիներու կուտակումի հետեւանք է:

«Անիկա արդար պոռթկում է ժողովուրդի պահանջներուն նկատմամբ ցուցաբերուած անտարբերութեան, գողութեան, փտածութեան, ընկերային կացութեան հանդէպ ցուցաբերուած անարդար եւ ոչ գոհացուցիչ որոշումներուն պատճառով», ըսաւ ան:

Երեսփոխան Բագրատունի հաստատեց, որ այսօր ժողովուրդը կը պոռթկայ եւ ամէն տեսակի հեղինակութիւն կը մերժէ` սկսելով հանրապետութեան նախագահէն մինչեւ խորհրդարանի նախագահ, վարչապետ, նախարարաց խորհուրդ եւ երեսփոխաններ: «Այսօրուան երեւոյթը այն է, որ թէեւ այդ ցոյցերուն կը մասնակցին երկրին բաղկացուցիչ տարբեր համայնքներէ եւ տարբեր կուսակցութիւններէ անհատներ, սակայն բոլորն ալ միացած են լիբանանեան դրօշին ներքեւ: Անշուշտ այս երեւոյթը միայն ժողովրդային ցասումի առումով պէտք չէ քննել, որովհետեւ կան տեղական, շրջանային եւ միջազգային քաղաքական որոշ տուեալներ, որոնք այս պարագային նոյնացած են եւ ունեցած փողոցին մէջ դրսեւորուած իրենց արտայայտութիւնը», ըսաւ ան:

«Լիբանանահայութեան պարագային բարեբախտութիւն է, որ մենք երկրին մէջ փտածութեան մաս չենք կազմած, ո՛չ կաշառակերութեան եւ ո՛չ գողութեան մեղսակցած ենք եւ ո՛չ ալ անարդար որոշումներու մաս կազմած: Այս իրականութիւնը մեզ յաւելեալ պատասխանատուութեան տակ դրած է` մեր համայնքին եւ մեր ժողովուրդին կարիքներուն սեփական միջոցներով օգտակար դառնալու համար: Մենք յստակօրէն կառավարութենէն պահանջեցինք տալ այնպիսի որոշումներ, որոնք ժողովուրդը կը գոհացնեն: Այդ որոշումներէն են պարտքերու կուտակման հարցին լուծումը, ելեկտրականութեան տագնապին լուծումը, առօրեայ կարիքներուն գոհացումը, պետական պարտքի հատուցումը, իւրացուած եւ յափշտակուած գումարներու վերադարձը, նախագահներու, նախարարներու եւ երեսփոխաններու ամսական աշխատավարձի նուազումը եւ նման այլ որոշումներ, որոնք բարեբախտաբար երկրին վարչապետին հետ մեր հանդիպումներուն ընթացքին դրական կերպով ընկալուեցան, եւ ապա նախարարաց խորհուրդին կողմէ որդեգրուեցան», ըսաւ ան:

Յ. Բագրատունի յայտնեց սակայն, որ տակաւին կանուխ է եզրակացնել, թէ ժողովուրդը փողոցներէն կը հեռանայ: «Յաւելեալ ժամանակի կարիք կայ` իմանալու համար, թէ ժողովուրդը կրնա՞յ իր բողոքի ցոյցերուն վերջ տալ: Անհրաժեշտ է, որ այս տագնապը արագ լուծուի, որովհետեւ երկրին բաղկացուցիչ կացութիւնը այնպիսին է, որ շատ արագ կերպով արտաքին միջամտութիւններ կամ ներկրօնական եւ յարանուանական տագնապներ կրնան յառաջանալ եւ երկիրը առաջնորդել աւելի վտանգաւոր կացութիւն», շեշտեց Յ. Բագրատունի:

Երեսփոխան Բագրատունի ընդգծեց, որ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն համաձայն չէ, որ ներկայ փուլին կառավարութիւնը հրաժարի, որովհետեւ ատիկա երկրին աւանդութեան վրայ ժխտական կրնայ ազդել եւ պարապութիւն մը ստեղծել: «Երկիրը կրնայ կառավարութիւն չունենալ, եւ անիկա ուղղակիօրէն կ՛ազդէ տնտեսական կացութեան վրայ, դրամատնային կացութեան վրայ, ամերիկեան տոլարի սակին բարձրացումին վրայ, որ շատ աւելի աննախատեսելի եւ անհակակշռելի կացութիւններու դէմ յանդիման կը դնէ մեզ», եզրափակեց ան: