Երեք­շաբ­թի, 22 Հոկ­տեմ­բե­րին, պի­տի սպա­ռի հրա­դա­դա­րի այն պայ­մա­նա­ժա­մը, որ թր­քօ-ամե­րիկ­եան համաձայնութեամբ որ­դեգր­ուե­ցաւ ան­կէ հինգ օր առաջ. զի­նա­դու­լը խոր­քին մէջ քիւր­տե­րուն ուղղ­ուած վերջ­նա­գիր մըն էր, որ­պէս­զի քաշ­ուին Թուրք­իոյ հետ Սուր­իոյ սահ­մա­նա­յին գօտի­էն, որ­պէս­զի Թուրք­իա ինք­զինք ապա­հով զգայ «քիւրտ ահա­բե­կիչ­ներ»էն, ազա­տու­թիւնը ու­նե­նայ պաշ­տօ­նա­պէս թա­փան­ցե­լու Սուր­իոյ հո­ղե­րէն ներս, հա­լա­ծե­լու քիւրտ զին­եալ­ներ ու ընդ­հան­րա­պէս քիւրտ բնա­կիչ­նե­րը, գոր­ծադ­րու­թեան դնէ շր­ջա­նի քիւր­տերն ու այլ բնա­կիչ­ներ հեռաց­նե­լու եւ զա­նոնք իր հո­ղե­րուն վրայ ապաս­տան գտած սուր­ի­ա­ցի գաղ­թա­կան­նե­րով փո­խա­րի­նե­լու։
Ասոնք ծրա­գի­րին յայ­տա­րար­ուած երես­նե­րուն հիմ­նա­կան գի­ծերն են։ Ասոնց­մէ ան­դին, կան ան­շուշտ սուր­ի­ա­կան նոր հո­ղեր իրո­ղա­պէս կամ պաշ­տօ­նա­պէս իրեն կցե­լու-գրա­ւե­լու թր­քա­կան հին ծրա­գի­րը, որ­պէս­զի Ալեք­սանտ­րէ­թի գօ­տին չմ­նայ «որբ»։ Թուրք­իա նա­եւ բազ­մա­ճիւղ սպառ­նա­լիք­ներ կ’ուղ­ղէ իր եւ­րո­պա­ցի բա­րե­կամ­նե­րուն, թէ՝ կր­նայ գաղթական­ներ ղր­կել դէ­պի Եւ­րո­պա. Էր­տո­ղա­նի հոգն ան­գամ չէ, թէ եւ­րո­պա­ցիք կը սպառ­նան կամ որո­շում­ներ կու տան Թուրք­իոյ զէն­քի մա­տա­կա­րա­րու­մը դադ­րեց­նե­լու։ Հոս ալ կայ բե­մադ­րու­թեան աղա­ղա­կող միւս երե­սը, որ կը սպասէ նոր Պէ­քէ­թի մը՝ ան­հե­թե­թի թատ­րո­նի նոր գլուխ գոր­ծոց մը իրա­կա­նաց­նե­լու հա­մար։ Ան­դին, Թուրք­իա հրապարակ կը նե­տէ հիւ­լ­է­ա­կան զէնք ու­նե­նա­լու պա­հանջ մը, անուղ­ղակի­օ­րէն շա­հա­գոր­ծե­լով իրան­եան կո­րի­զա­յին ուժա­նիւ­թի ծրա­գի­րին դէմ Արեւ­մուտ­քի ծա­նօթ տրա­մադ­րու­թիւն­նե­րը, նա­եւ իբ­րեւ թէ հա­կադր­ուե­լու կո­րի­զա­յին ու­ժով օժտ­ուած Իս­րա­յէ­լին։
Զի­նա­դու­լի պայ­մա­նա­ժա­մին սպառ­ման սպա­սող եւ թր­քա­կան մի­ջամ­տու­թիւնը գրե­թէ մի­ա­ձայ­նութ­եամբ դատապարտող աշ­խար­հը նոյն­պի­սի անձ­կու­թեամբ կը հե­տե­ւի Թուրք­իա-Ռուս­իա խա­ղին նո­րա­գոյն արար­նե­րուն, որով­հե­տեւ Էր­տո­ղան նոյն օրը՝ Երեք­շաբ­թի, Սո­չի պի­տի ուղղ­ուի եւ տե­սակ­ցի նա­խա­գահ Փու­թի­նի հետ։ Անց­եալ շաբաթ, Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու փոխ­նա­խա­գահ Փեն­սի եւ ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Փոմ­փէ­ո­յի Թուրք­իա սնա­մէջ այ­ցե­լու­թիւնը շատ աւե­լի լու­սար­ձակ գրա­ւեց, քան նոյն օրը Թուրք­իա այ­ցե­լող ռու­սա­կան պատ­ուի­րա­կու­թիւնը։ Յե­տոյ, լրա­տու աղ­բիւր­ներ ամչ­կոտ վե­րա­բեր­մունք ցու­ցա­բե­րե­ցին զի­նա­դու­լը լի­ո­վին չգոր­ծադ­րե­լու եւ քր­տա­կան շր­ջան­նե­րու ռմ­բա­կո­ծու­մը շա­րու­նա­կե­լու Թուրք­իոյ արարք­նե­րուն նկատ­մամբ, որոշ լու­սար­ձակ­ներ կեդ­րո­նա­ցու­ցին Ռաս ուլ Այ­նէն քր­տա­կան ու­ժե­րու հե­ռաց­ման քայ­լին վրայ, զայն ներ­կա­յաց­նե­լով իբ­րեւ թր­քօ-ամե­րիկ­եան հա­մա­ձայ­նու­թեամբ գո­յա­ցած հրա­դա­դա­րին իրա­կա­նաց­ման մէկ քայ­լը։
Զու­գա­հեռ գի­ծե­րու վրայ, աշ­խար­հը շռն­դա­լի մեկ­նա­բա­նու­թիւն­նե­րով ողող­ուե­ցաւ մէկ կող­մէ՝ սահ­մա­նա­մերձ գօտի­էն աւե­լի քան 200 հա­զար գաղ­թա­կան դար­ձած­նե­րու տագ­նա­պին, զո­հե­րու, վի­րա­ւոր­նե­րու եւ քան­դում­նե­րուն, տա­կա­ւին՝ Ուա­շինկ­թը­նի կող­մէ իրենք զի­րենք կռ­նա­կէ դա­շու­նա­հար­ուած գտ­նե­լու քիւր­տե­րու կա­ցու­թեան ու դէ­պի Դա­մաս­կոս ու Ռուս­իա յա­րե­լուն մա­սին։ Նմա­նա­պէս լու­սա­րա­ձակ­ներ կեդ­րո­նա­ցան մէկ կող­մէ՝ Սուր­իա­յէն հե­ռա­ցող-հե­ռաց­ուե­լիք ամերիկ­եան ու­ժե­րու նոր տե­ղա­բաշ­խում­նե­րուն (Թրամ­փի որո­շու­մը հա­ւա­սա­րա­պէս քն­նա­դատ­ուե­ցաւ ընդ­դի­մա­դիր ժողովր­դա­վար­նե­րու եւ անոր կու­սա­կից հան­րա­պե­տա­կան­նե­րու կող­մէ, յա­ւել­եալ ջուր բե­րե­լով նա­խա­գա­հին պաշտօնազր­կու­մը հետպն­դող­նե­րու ջա­ղաց­քին. քն­նա­դատ­նե­րը նկա­տել տուին, որ Թրամ­փի քայ­լը մեծ սխալ էր, իսկ այն ինք­նար­դա­րա­ցու­մը, թէ՝ ինք այն քայ­լին դի­մած է, որ­պէս­զի թուր­քերն ու քիւրտ­ե­րը պահ մը իրա­րու հետ կռ­ուին, որպէսզի ինք յե­տոյ մի­ջամ­տէ ու զի­նա­դուլ գո­յաց­նէ, ար­ժա­նի եղաւ ծի­ծա­ղի ու հեգ­նան­քի), ամե­րիկ­եան նա­հան­ջին դիմաց ռու­սա­կան նոր թա­փան­ցում­նե­րու (սահ­մա­նա­յին կարգ մը շր­ջան­նե­րէ ներս ռու­սա­կան ու­ժե­րու տե­ղա­ւո­րու­մով, սուր­ի­ա­կան բա­նա­կին ար­ձա­նագ­րած յա­ռաջ­խա­ղաց­քով ու այդ բո­լո­րէն ան­դին, Ծո­ցի եր­կիր­նե­րուն մէջ զէն­քի նոր շուկանե­րու ստեղ­ծու­մով, իբ­րեւ յա­ւե­լում՝ Թուրք­իոյ վա­ճառ­ուած զէն­քե­րուն), վեր­ջա­պէս՝ քր­տա­կան խա­ղա­թուղ­թը ամերի­կա­ցի­նե­րու ձեռ­քէն ռու­սա­կան կող­մին անց­նե­լու խա­ղե­րուն մա­սին։
Դէպ­քե­րու եւ մեկ­նա­բա­նու­թիւն­նե­րու շտե­մա­րա­նը այս­քա­նով չի լեց­ուիր։ Կայ շատ աւե­լին, շատ աւե­լի տա­րա­ծու­նը եւ հե­ռա­հա­սը, որուն մէջ ոչ-ար­հա­մար­հե­լի ստո­րա­կէտ­ներ են սուր­ի­ա­կան քա­րիւ­ղի շա­հարկ­ման թղ­թած­րարն ու ռազմավարա­կան-մար­տա­վա­րա­կան խա­ղե­րը։
Այս բո­լո­րը աչ­քի առ­ջեւ ու­նե­նա­լով, ու հա­ւա­նա­կա­նու­թեանց նժա­րին վե­րի­վայ­րում­նե­րը դի­տե­լով, կա­րե­լի է ան­վա­րան կա­տա­րել մէկ ան­վի­ճե­լի հաս­տա­տում. ո՛չ միայն հիւ­սի­սա­յին Սուր­իոյ, այլ ամ­բողջ Մի­ջին-Մեր­ձա­ւոր Արե­ւել­քի մէջ, ին­չո՞ւ չէ՝ նա­եւ շատ աւե­լի հե­ռու­նե­րը, ճատ­րա­կի ան­վեր­ջա­նա­լի խա­ղը, մե­ծե­րու պա­րա­նաձ­գու­թիւնը կը մտ­նէ նոր փուլ մը։ Վա­ղը, նոր էջեր ու հա­տոր­ներ կր­նան ար­ձա­նագր­ուիլ քիւր­տե­րու եւ այ­լոց իբ­րեւ թէ պաշտ­պա­նու­թեան կամ կռ­նա­կէն դա­շու­նա­հար­ման արարք­նե­րու մա­սին. կր­նան վե­րա­բաց­ուիլ այն թղ­թած­րար­նե­րը, որոնք աշ­խար­հին եւ նոյ­նինքն քիւրտե­րուն- ու ճա­կա­տագ­րա­կից­նե­րու- կր­նան յի­շեց­նել, թէ մօ­տիկ կամ աւե­լի հե­ռու անց­եա­լին, Ռուս­ի­ան ալ դա­ժան խա­ղեր խա­ղա­ցած է քիւր­տե­րուն ու այ­լոց գլ­խուն, որով­հե­տեւ, ինչ­պէս Արեւ­մուտ­քը, նոյն­պէս ալ Խորհր­դա­յին Միութեան ժա­ռան­գորդ Ռուս­իա, նա­եւ այլ մե­ծեր, կը շար­ժին իրենց սե­փա­կան շա­հե­րուն ու հա­շիւ­նե­րուն նախամեծարու­թիւն տա­լով. անոնք կր­նան բե­մին յա­ռա­ջա­մա­սին խա­ղալ այն­պէս մը, որ իրա­րու հա­կադր­ուած ու մրցակից են, մինչ­դեռ բե­մին ետին տե­ղի կ’ու­նե­նան իրա­կան մր­ցակ­ցու­թիւն­ներն ու հա­մա­կար­գում­նե­րը, որոնք անպայման հա­մա­պա­տաս­խան չեն երեւ­ցող­նե­րուն։
Երեւ­ցող ու անե­րե­ւոյթ «ճատ­րա­կի խա­ղեր»ուն զո­հե­րը եղած են ու կը մնան անոնց խա­ղա­լիք դար­ձած ժո­ղո­վուրդ­ներն ու եր­կիր­նե­րը, գի­տակ­ցա­բար կամ ան­գի­տակ­ցա­բար, եր­բեմն մին­չեւ իսկ… բա­րի նպա­տակ­նե­րով։ Վա­ղը, թր­քա­կան ուժերը կր­նան տասն­եակ հա­զար­նե­րով քիւրտ կամ այլ բնա­կիչ­ներ ջար­դել, գաղ­թա­կան­նե­րու նոր ալիք­ներ ստեղ­ծել՝ գաղթա­կան­նե­րու տագ­նապ մը դար­մա­նե­լու ան­ուան տակ. Արեւ­մուտ­քը ար­դէն սկ­սած է քր­տա­կան ու­ժե­րուն մօ­տե­նալ թր­քա­կան այն ակ­նո­ցով ու բա­ռամ­թեր­քով, որ քր­տա­կան զին­եալ խմ­բա­ւո­րում­նե­րը կը նկա­տէ «ահա­բեկ­չա­կան ու­ժեր», զա­նոնք հա­մա­զօր կը դա­սէ «իս­լա­մա­կան պե­տու­թեան» ոճ­րա­յին խմ­բա­ւո­րում­նե­րուն, իսկ վեր­ջին­նե­րը ար­դէն կը պատրաստ­ուին, Թուրք­իոյ անուղ­ղա­կի կն­քա­հայ­րութ­եամբ, դարձ­եալ հրա­պա­րակ գալ ծա­նօթ դե­րա­կա­տա­րու­թեամբ, կր­նան ար­ձակ­ուիլ նոյ­նինքն քիւր­տե­րուն եւ այ­լոց դէմ, որոնք դեռ երէկ, ամե­րիկ­եան եւ այլ ու­ժե­րու հետ գոր­ծակ­ցա­բար, զս­պու­մի եւ մեծ հա­մե­մա­տու­թեամբ քայ­քա­յու­մի տա­րած էին այդ խմ­բա­ւո­րում­նե­րը։ Այս բո­լո­րը պի­տի կա­տար­ուին աշխար­հի աչ­քե­րուն առ­ջեւ, պի­տի ստեղ­ծեն խօս­քի ու դա­տա­պար­տան­քի նոր հե­ղեղ­ներ, ցու­նա­մի­նե՛ր, իսկ գի­նը մեծ մասամբ պի­տի շա­րու­նա­կեն վճա­րել ան­մեղ­ներ…
21-րդ դա­րու պատ­մու­թիւնը կ’ար­ձա­նագր­ուի այն մե­լա­նով, որով ար­ձա­նագր­ուած էին 20-րդ դա­րու աշխարհամարտնե­րուն, զա­նոնք կան­խած ու անոնց յա­ջոր­դած «ճատ­րա­կի խա­ղեր»ուն պատ­մու­թիւն­նե­րը։ Անպատասխան կը մնան այն հար­ցում­նե­րը, թէ ին­չո՞ւ կա­րե­լի չ’ըլ­լար մի՛շտ «հիւանդ մարդ»ու կա­ցու­թեան մէջ եղող Թուրք­ի­ան զս­պու­մի են­թար­կել, ան­կէ տու­ժող­նե­րուն մի­ջեւ քա­ղա­քա­կան-դիւա­նա­գի­տա­կան հա­մա­կար­գում գո­յաց­նել եւ հա­կա­հար­ուած­նե­րու մա­սին մտա­ծել, մինչ անոր ան­վերջ առիթ­ներ կ’ըն­ծայ­ուին կրկ­նե­լու իր ոճ­րա­յին խա­ղե­րը…
Մար­դիկ իրա­ւունք ու­նի՞ն նման խա­ղե­րու դի­մաց վեր­ջա­կէտ­ներ ակն­կա­լե­լու։ Ան­շո՛ւշտ որ ու­նին։ Սուր­իոյ հիւ­սիս-արեւել­եան գօտի­ին մէջ յա­ռա­ջի­կայ փու­լի զար­գա­ցում­նե­րը ճա­շակ մը պի­տի տան, թէ նման ակն­կա­լու­թիւն­ներ կր­նա՞ն իրա­կա­նու­թիւն դառ­նալ։
Սարգիս Մահսերէճեան