23 Հոկտեմբերին, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն յայտարարած է, որ Թուրքիան Սուրիոյ հիւսիս-արեւելքը զինուորական գործողութիւնները կասեցուցած է, սակայն երբ կարիք ըլլայ, անոնք կը վերսկսին:

Իսկ աւելի ուշ պաշտօնական Անգարան յայտարարած էր, որ կարիք չկայ վերսկսելու զինուորական գործողութիւնները Սուրիոյ մէջ, որովհետեւ Միացեալ Նահանգներու կողմէն տեղեկացուած է հիւսիսի սահմանամերձ տարածքէն քրտական ուժերու լիակատար դուրսբերման մասին: Թուրքիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը այս հաղորդագրութիւնը տարածած էր Սոչիի մէջ Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ նախագահներու 6 ժամ տեւող հանդիպումէն ետք:
ԱՄՆ-ի միջնորդութեամբ հաստատուած զինադադարի հնգօրեայ ժամկէտը լրանալէն ժամեր առաջ Վլատիմիր Փութին եւ Էրտողան 22 Հոկտեմբերին համաձայնած են Սուրիոյ հիւսիս-արեւելքը միատեղ ռազմական պարեկութիւն կատարել եւ քրտական ուժերը այդ շրջանէն դուրս հանելու մասին նոր վերջնաժամկէտ ներկայացուցած են:
Ի՞նչ է իրավիճակը այսօր Լիբանանի մէջ, արդեօ՞ք տեղի կ’ունենայ գունաւոր յեղափոխութիւն, որքանո՞վ կ’ազդէ այդ երկրէն շահեր ակնկալող պետութիւններու ներքաղաքական զարգացումներուն եւ լարումներուն վրայ, վտանգ կա՞յ արդեօք Լիբանանի մէջ բնակող հայութեան վրայ: Որքանո՞վ համարժէքօրէն կը գնահատեն եւ կ’արձագանգեն Հայաստանի օրուան իշխանութիւնները տարածաշրջանային այս իրողութիւններուն:
Այս եւ յարակից հարցերու շուրջ LIVEnews.am-ը զրուցած է ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեանին հետ: Հարցազրոյցը՝ տեսանիւթով