ԱՄՆ Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու պալատը քիչ առաջ ընդունեց Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւի քուէարկութեան ձեւին եւ ընթացակարգին վերաբերող որոշում։ Որդեգրուեցաւ համապատասխան յանձնաժողովին երէկուան տեսակէտը՝ բանաձեւի քննարկման տրամադրել մէկ ժամ, առանց որեւէ փոփոխութեան, որուն պիտի յաջորդէր քուէարկութիւնը։ Քուէարկութեան մասնակցած քոնկրեսականներէն կողմ քուէարկեց 223, իսկ դէմ՝ 191-ը։