28 Հոկտեմբեր 2019-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Ազգային Առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը լիբանանահայութեան տարբեր շերտերու ներկայացուցիչներուն հետ, որոնք իրազեկ դարձան լիբանանեան վերջին զարգացումներուն` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիին կողմէ տրուած մանրամասն բացատրութիւններուն եւ իրավիճակին վերաբերող բոլոր ծալքերուն կատարուած անդրադարձին ընդմէջէն:
Իր խօսքին սկիզբը Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ իբրեւ քաղաքական ուժ եւ մեր ժողովուրդին կողմէ որոշ չափով վստահութիւն վայելող կուսակցութիւն, պարտաւոր զգացած են բաժնեկցիլ երկրին մէջ գոյութիւն ունեցող մտահոգութիւնները, կուսակցութեան դիրքերը եւ կեցուածքները յստակացնել, որովհետեւ, երեսփոխան Բագրատունի դիտել տուաւ, թէ որքան որ դիւրին է կեցուածք որդեգրել, նոյնքան դժուար է այդ կեցուածքը ներկայացնել հանրութեան, բայց մանաւանդ` այդ կեցուածքին արձագանգել, դժգոհութիւն եւ առաջարկներ լսել:
Ան ըսաւ. «17 Հոկտեմբերին սկսած ժողովրդային ցասումը, շարժումը մեզի կը դնէ կրկնակի պատասխանատուութեան դիմաց, որուն մէջ չենք ուզեր առաջնահերթութիւնններ ճշդել, բայց կը հաստատենք, որ ատիկա լիբանանցի հայուն պատասխանատուութիւնն է: 17 Հոկտեմբերին սկսած ժողովրդային շարժումը տասնամեակներու չարաշահումներու, փտածութեան, քաղաքական ղեկավարութեան անհոգութեան, անտարբերութեան, երբեմն մեծամտութեան, խոնարհութեան պակասի, ականջ դնելու պատրաստակամութեան պակասի պատճառով հետզհետէ մէջտեղ եկաւ: Եթէ փորձենք մտածել, թէ ինչո՞ւ պատահեցան այս բոլորը, առանց մտնելու անպայմանօրէն միջազգային դաւադրութիւններու, շրջանային քաղաքական անցուդարձերու, երկրին մէջ քաղաքական տարբեր կեցուածքներու շահերու մէջ, կը տեսնենք, որ հիմնականին մէջ արդարացի պահանջներով արդարացի բողոքով լիբանանցի քաղաքացին եկաւ ըսելու, որ ա՛լ կը բաւէ, դանակը հասաւ ոսկորին: Հետզհետէ զարգացան ժողովուրդին դժգոհութիւններուն տուն տուող պատճառները, որոնց մէկ կարեւոր բաժինը իրական եւ էական էին, իսկ մէկ կարեւոր բաժինը շինծու եւ արուեստական էին»:
Ժողովրդային շարժումին հիմնական պատճառը տարիներու ընթացքին այն հալածանքն է ,որ քաղաքացին ապրած է իր պետութեան մէջ, իր ընտրած ղեկավարներուն կողմէ, նշեց ան, ապա աւելցուց. «Անցնող տասը օրերուն ընթացքին մենք տարբեր միջոցներով յայտարարեցինք, որ ժողովուրդին պահանջները արդարացի են, ժողովուրդը իրաւունք ունի պոռթկալու, եւ մենք թէ՛ իբրեւ կուսակցութիւն եւ թէ՛ իբրեւ լիբանանահայեր այս շարժումին կողքին ենք: Թէ ինչո՛ւ իբրեւ կուսակցութիւն բարձր ձայնով մենք չյայտարարեցինք, որ մեր ժողովուրդը մասնակցի այս ցոյցերուն, պարզապէս անոր համար, որ նկատեցինք, որ ոչ մէկ կուսակցութիւն յայտարարեց, ոչ մէկ կուսակցութիւն իր անունով կոչ ուղղեց: Գաղտնիք չէ, որ մեր երիտասարդութիւնն ու ուսանողութիւնը փողոց իջան եւ իրենց կարծիքը արտայայտեցին քաջօրէն եւ հպարտօրէն` իբրեւ լիբանանցի հայ քաղաքացիներ: Եւ մենք ո՛չ միայն համաձայն էինք, այլ նաեւ քաջալերող եղանք»:
Ան հաստատեց, որ ժողովրդային բոլոր պահանջները արդարացի են, եւ թէեւ շարժումը տեսանելի ղեկավարող չկայ, բայց վերջին հաշուով բնական է, որ կան ղեկավարներ, որովհետեւ մէկ օրուան մէջ չէ, որ վրաններ կը լարուին, հովանոցներ կը բաժնուին, բեմեր կը կառուցուին, մէկ օրուան մէջ չէ, որ հայհոյանքներու տարափ կը սկսի այս կամ այն ղեկավարներու հասցէին:
Յակոբ Բագրատունին խօսքի աւարտին վստահեցուց, որ, իբրեւ քաղաքական ուժ, ամէն վայրկեան կը հետեւին կացութեան, լաւագոյն ճիգը կը թափեն եւ պատասխանատուութենէ չեն հրաժարիր: Ան ըսաւ. «Ո՛չ պիտի հրաժարինք կառավարութենէն, ո՛չ ալ պիտի հրաժարինք խորհրդարանէն, որովհետեւ ընտրուած ենք եւ պատասխանատուութեան կանչուած: Պատասխանատուութենէն խուսափիլը տկարութիւն եւ պարտութիւն է: Մենք կը շալկենք բոլոր տեսակի ամբաստանութիւններ եւ զրպարտութիւններ. լուծը ծանր է, մենք պատրաստ ենք այդ լուծը շալկելու, մենք պարտաւոր ենք մեր ժողովուրդը պաշտպանելու, մենք պարտաւոր ենք մեր բանուոր, աշխատաւոր, հարուստ, բարեկեցիկ եւ բոլոր դասակարգերը պաշտպանելու: Օրերը դժուար են, բայց, միասնաբար աշխատելով, պիտի փորձենք մեր համայնքը` լիբանանահայութիւնը, խաղաղ նաւահանգիստ հասցնել»: