Հինգշաբթի, 31 Հոկտեմբեր 2019-ին, Սուրիոյ նախագահութեան կայքը վկայակոչելով Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ Ասատի հարցազրոյցը պաշտօնական կարգ մը լրատուամիջոցներու հետ, յայտնեց, որ նախագահը պարզած է Սուրիոյ դերակատարութիւնը ՏԱՀԵՇ-ի ղեկավար Ապու Պաքր ալ Պաղտատիի սպանութեան մէջ։
Ան նաեւ անդրադարձած է քրտական հարցին, թուրք-ռուսական համաձայնութեան շուրջ Դամասկոսի դիրքորոշման, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ հետ նախապէս տեղի ունեցած կամ յառաջիկային ակնկալուող հանդիպումներուն։

Նախագահը յայտնած է, որ Սուրիոյ պատերազմի տարիներուն Ռուսիոյ մօտեցումները հիմնուած էին միջազգային օրէնքին, Սուրիոյ ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան պահպանման վրայ, աւելցնելով, որ Ռուսիոյ կեցուածքը փոփոխութիւն չէ կրած, իսկ
ռուս-թրքական համաձայնութիւնը ժամանակաւոր է, կարելի է զայն դրական քայլ համարել։ Քայլ մը, որ թէեւ մեր բոլոր ակնկալիքները չ՛իրականացներ, սակայն վնասները կը նուազեցնէ եւ մօտիկ ապագային տարածաշրջանը ազատագրելու ուղին կ՛ուրուագծէ։
«Ռուսիան թուրք-ամերիկեան համաձայնութեան մաս չի կազմեր։ Ռուսական քաղաքականութեան մէջ անհասկնալի դիրքորոշումներ չկան, ինչ որ դրական կը համարենք»։

Սուրիոյ նախագահը խօսելով սուրիական ընկերութեան բաղադրիչներուն եւ պատերազմի տարիներուն անոնց ցուցաբերած կեցուածքին մասին, սուրիահայ համայնքը բաղդատած է սուրիական ընկերութեան այլ բաղադրիչներու հետ ու ըսած.
«Ո՞վ էր այն վերջին բաղադրիչը, որ միացաւ սուրիական ընկերութեան
հիւսուածքին։
Հայութիւնն էր. հայութիւնը նախ եւ առաջ հայրենասիրական մօտեցումով յատկանշուող օրինակելի բաղադրիչը դարձաւ սուրիական ընկերութեան։ Այս ճշմարտութիւնը կտրականապէս փաստեց Սուրիոյ պատերազմը։ Այս բաղադրիչը ունի իր սեփական միութիւնները, եկեղեցիները, մանաւանդ դպրոցները… Եթէ հայկական որեւէ տօնակատարութեան ներկայ ըլլաք, նոյնիսկ հարսանիքի,— ես ունեցած եմ հայ բարեկամներ եւ ներկայ եղած եմ նախապէս հայկական ձեռնարկներու,— պիտի տեսնէք, որ անոնք կ՚երգեն ազգագրական երգեր, բայց աւարտին՝ անպայման հայրենասիրական, քաղաքական բնոյթ կրող երգեր։ Ասկէ աւելի ազատութիւն գոյութիւն ունի՞։ Աւելին ըսեմ՝ սուրիահայութիւնը, համեմատած աշխարհասփիւռ հայութեան հետ, ամէնէն քիչ ձուլուող բաղադրիչն է այստեղ։ Ան շաղախուեցաւ սուրիական ընկերութեան, սակայն պահպանեց իր իւրայատկութիւնները»։

Նախագահը աւելցնելով ըսաւ. « Ինչո՞ւ ուրեմն, այստեղ լայնամիտ ենք, այլ տեղ՝ չենք։ Որովհետեւ այլ տեղեր անջատողական խմորումներ կան։ Մենք հպարտ ենք սուրիական բազմերանգ ընկերութեամբ։ Բազմազանութիւնը հարստութիւն է, ուժ է, բայց բազմազանութիւնը մէկ բան է, երկիրը քայքայելը՝ այլ բան։ Մեր արդար իրաւունքն է պահպանել մեր երկրին տարածքային ամբողջականութիւնն ու ժողովուրդին միասնութիւնը»։