Առասպելները Հոգեբանութեան Մէջ
Արդէն յստակ է, որ առասպելներու աշխարհը անքակտելիօրէն կապուած է մարդու հոգեկան աշխարհին հետ, մէկը միւսին բնական շարունակութիւնն ու արտացոլումն է։ ԺԹ. դարուն, երբ հոգեբանութիւնը իբրեւ անկախ գիտութիւն սկսաւ զարգանալ, հոգեբաններ օգտագործեցին առասպելները՝ յատկապէս յունական դիցաբանութեան հերոսներն ու դէպքերը նկարագրելու համար։ Ստորեւ պիտի ներկայացնենք զոյգ մը այդպիսի հոգեվիճակներ ու անոնց հետ առնչուած առասպելները։
Narcissism, ծայրայեղ անձնասիրութիւն
Նարկիզին առասպելը մեզի հասած է հռոմէացի բանաստեղծ Օվիտի «Metamophosis» (Այլակերպումներ) գիրքով։ Ըստ այս առասպելին, Նարկիզը յոյն գեղեցիկ երիտասարդ մըն էր։ Անտառի փերիներէն Էքօն (արձագանգը) կը սիրահարի անոր, սակայն յաւակնոտ Նարկիզը, ոչ միայն կը մերժէ փերիին սէրը, այլ կը ծաղրէ անոր ամէն ձայն կրկնելու ճակատագիրը։ Վիրաւորուած Էքօն կ’աղաչէ սիրոյ դիցուհի Աֆրոտէթին, որ իր կոտրած սրտին մխիթարանք տայ։ Աֆրոտէթ կը լսէ սիրով տառապող փերիին աղերսանքը եւ կ’ուղարկէ իր զաւակը՝ Էրոսը, որպէսզի պարծենկոտ Նարկիզը պատժէ։ Այն պահուն, երբ Նարկիզ լիճի եզերքին ծռած ինքնիր պատկերը կը դիտէր, Էրոս իր նետը կ’արձակէ անոր սրտին ուղղութեամբ եւ Նարկիզ ինքնիր պատկերին կը սիրահի, այն աստիճան, որ կը գամուի իր տեղը ու կը շարունակէ յափշտակուած դիտել ինքզինք։ Այդպէս ալ ան կը քարանայ ու կը վերածուի մեզի ծանօթ նարկիզ ծաղիկներու, զորս կը հաւաքեն փերիները եւ կը տարածեն անտառին մէջ։
Այս պատմութենէն ներշնչուելով, հոգեբաններ ծայրայեղ անձնասիրութիւնը կոչած են narcissism, որ բառացիօրէն հայերէն կը թարգմանուի «նարկիզականութիւն» բառով։ Նարկիզականութենէ տառապողները կ’ըլլան եսասէր, ինքնակեդրոն մարդիկ։ Անձնասիրութիւնը անոնց մօտ անցած կ’ըլլայ բնականի սահմանները եւ վերածուած հիւանդագին վիճակի։ Անոնք յաճախ կ’ըլլան ցուցամոլ, նախանձոտ, ամբարտաւան ու գոռոզ, կը չարաշահեն իրենց շրջապատը, յատկապէս՝ զիրենք սիրողները, չեն ճանչնար իրենց չափն ու սահմանը եւ իրենք իրենց անձերուն վրայ այնքան մեծ յաւակնութիւն կ’ունենան, կարծէք իրենք իրենց աչքին կախարդական էակներ ըլլան։ Այսպիսի անձնաւրութիւններ կարելի է դիւրաւ գտնել մեր շրջապատին մէջ, որովհետեւ, ըստ կարգ մը ուսումնասիրութիւններու մարդկութեան մէկ առ հարիւրը կը տառապի նարկիզականութենէ։ Նախընտրելի է այսպիսի անձնաւորութիւններէ հեռու մնալը, որքան ալ անոնք գրաւիչ ըլլան, որովհետեւ անոնց համար գոյութիւն չունին խորունկ եւ իմաստալից յարաբերութիւններ։ Նարկիզականները ընդհանրապէս զգացական գետնի վրայ անտարբեր կ’ըլլան, ուրիշին հետ զգացական կապեր չեն մշակեր եւ անոնց կը հետաքրքրեն միայն այն մարդիկը, զորս կարելի է չարաշահել, գոհացնելու համար իրենց հիւանդագին եսասիրութիւնը։
Փիկմելիոնի ազդեցութիւնը
Առասպելական քանդակագործ Փիկմելիոնին առասպելն ալ մեզի հասած է նոյն վերոյիշեալ աղբիւրէն։ Ըստ Օվիտի, Փիկմելիոն կիպրացի հռչակաւոր քանդակագործ մըն էր, որ տեսնելով իր շրջապատի վատահամբաւ կիներուն բարքը, ուխտած էր ոչ մէկ կնոջ հետ յարաբերիլ։ Օր մը ան կը քանդակէ աղջկան մը փղոսկրեայ արձանը, որ այնքան բնական ու գեղեցիկ էր, որ Փիկմելիոն կը սիրահարի անոր։ Վենիւսական տօներուն, Փիկմելիոն գաղտնաբար ու ջերմեռանդութեամբ կ’աղօթէ Աֆրոտէթին, որ իր յուսահատ սիրտին դարման մը գտնէ։ Տուն վերադարձին, դիցուհիին ներշնչանքով, քանդակագործը կը համբուրէ փղոսկրեայ արձանը, որ համբոյրին ազդեցութեամբ եւ Աֆրոտէթի միջամտութեամբ կը վերածուի իսկական աղջկայ։ Երկուքը կ’ամուսնանան եւ կ’ունենան դուստր մը՝ Փաֆոս, որուն անունով ալ հետագային կը կոչուի իրենց բնակած քաղաքը։
 Փիկմելիոնի ազդեցութիւնը յարաբերութիւններու այն վիճակն է, երբ մեր պատկերացումը դիմացի անձին մասին այնքան խորունկ կ’ըլլայ, որ ի վերջոյ խնդրոյ առարկան ալ կը համոզուի թէ ինք այդպէս է, ինչպէս Փիկմելիոնի հաւատքը փղոսկրեայ արձանը վերածեց միս ու ոսկորով կնոջ։ Այս երեւոյթին դրսեւորումը կը գտնենք առաւելաբար մանկավարժութեան մէջ։ Օրինակ՝ եթէ երեխայի մը մասին այն պատկերացումը ունենանք, թէ ան ծոյլ է եւ անոր հետ վարուինք այդ հիման վրայ, հետզհետէ այդ մէկը իրականութեան կը վերածուի, նոյնիսկ եթէ երեխան իսկապէս ծոյլ չէ։ Կամ ճիշդ հակառակը, դրական մօտեցումով, քաջալերանքով ու փաղաքշական խօսքերով կարելի է սահմանափակ կարողութիւններու տէր երեխան յանկարծ գտնել առաջնակարգերու շարքին։ Փիկմելիոնի ազդեցութիւնը կու գայ մեզի յիշեցնելու, որ մեր կանխատրամադրութիւնները չաճապարենք մարդոց արտայայտելու, անոնք կրնայ ըլլալ որ սխալ ըլլան, սակայն կրկնութեամբ տուեալ անձին կեանքին մէջ իրականութեան վերածուին։ Իսկ դրական մօտեցումը, միշտ կրնայ ծաղկիլ եւ հետեւողականութեամբ ստեղծել դրական կացութիւն մը։
Յուշիկ Ղազարեան