Հովանաւորութեամբ Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Աբղ. Եղիայեանի, Հոկտեմբեր ամսուն, ՍՕԽ-ի «Արցախ» Մասնաճիւղի Վարչութիւնը կազմակերպեց շտապ օգնութեան դասընթացք, որուն նպատակն էր գործնական վաժութիւններով մարզել խաչուհիները, որպէսզի նախնական դարմանումով մը անակնկալ պատահարներու եւ արկածներու պարագային ամոնք կարենան վիրաւորներուն կեանքը փրկել։
Դասատուն՝ վաստակաշատ բուժքոյր Շուշանիկ Ղազարեանը, երկու շաբթուան ընթացքին, 43 խաչուհիներուն տեսերիզի ցուցադրութեամբ եւ գործնական դասերով բացատրեց կոտրուածքներու, այրուածքներու տեսակները, ասեղի սրսկման ձեւն ու բժշկական անհրաժեշտ գիտելիքներ փոխանցեց։
Դասընթացքը իր աւարտին հասաւ Հինգշաբթի, 31 Հոկտեմբեր 2019-ին։

Առ այդ, Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Աբղ. Եղիայեան այցելեց ՍՕԽ-ի «Արցախ» Մասնաճիւղի կեդրոն եւ մասնակցեցաւ վերջին դասընթացքին, որուն աւարտին հոգեշնորհ հայր սուրբը իր խօսքին մէջ բարձրօրէն գնահատեց ՍՕԽ-ի «Արցախ» Մասնաճիւղի Վարչութիւնը, մասնակցող խաչուհիները եւ դասատու բուժքոյր Շուշանիկ Ղազարեանը, նկատելով որ նման դասընթացքներու մասնակցութիւնը անհրաժեշտութիւն է իւրաքանչիւր անձի համար, նամանաւանդ երկրի ներկայ պայմաններուն մէջ։ Ապա ՍՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ Անի Սարգիսեան խորհրդանշական յուշանուէրով մը պատուեց յարգելի դասատուն, որմէ ետք յիշատակի խմբանկար մը առնուեցաւ:

Բժշկհ. Մարի Մելքոն