Շաբաթ,  26 Հոկտեմբերին, Նիւ Եորքի Սուրբ Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ «Փաշալեան» սրահէն ներս, տեղի ունեցաւ հայ մամուլին նուիրուած գիտաժողովը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսին կողմէ 2019 թուականը «Մամուլի Տարի» հռչակուելուն, «Հայրենիք»ի 120-ամեակին եւ «Արմինիըն Ուիքլի»ի 85-ամեակին առիթներով։ ԱՄՆ Արեւելեան Թեմի Ազգային առաջնորդարանն ու «Հայրենիք» հաստատութիւնը միասնաբար կազմակերպեցին այս ձեռնարկը, որ հետաքրքրական զեկուցումներ ու զրոյցներ ընդգրկեց։
Հրաւիրեալներուն շարքին էին նաեւ Յակոբ Վարդիվառեան («Պայքար»ի խմբագիր), Հրանդ Մարգարեան (գրագէտ, բեմադրիչ եւ յօդուածագիր), Անդրանիկ Գասպարեան («Արմինիըն Ուիքլի»ի նախկին խմբագիր) եւ Թամար Շահինեան (Գանատայի «Հորիզոն» պատկերասփիւռի կայանի պատասխանատու)։
Նախքան բացումը, ներկաները բարձրացան եկեղեցի, ուր ԱՄՆ Արեւելեան շրջանի բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան արք. Դանիէլեան աղօթեց եւ պատարագեց մշակոյթի ամսուան առթիւ եւ յատկապէս ի յիշատակ հայ մամուլի նահապետ Հայր Յարութիւն Շմաւոնեանի, որուն ջանքերով, 1794-96 թուականներուն լոյս տեսած է հայկական առաջին պարբերականը՝ «Ազդարար» (Մատրաս, Հնդկաստան)։
Ապա, եկեղեցւոյ հովիւ հայր Մեսրոպ Լագիսեան բեմահարթակ բարձրանալով, բարի գալուստ յայտնեց եւ գիտաժողովին բացումը կատարեց։
Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ Խաժակ Մկրտիչեան, որ ներկայացուց, արեւելեան ԱՄՆ-ի Կեդրոնական Կոմիտէին խօսքը։ Ան յայտնեց.
«Գեղեցիկ զուգադիպութեամբ, երբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Գահակալ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոսը այս տարին «Հայ Մամուլի Տարի» հռչակեց, հայ մամուլի նահապետ «Հայրենիք»ը կը յիշատակէ իր հիմնադրութեան 120-ամեակը եւ նոյն ոգեղէն հայրենիքի հարազատ ծնունդ հանդիսացող «Արմինիան Ուիքլի»ի՝ 85-ամեակը:
120 տարիներու վրայ երկարող «Հայրենիք» Հաստատութեան կատարած մեծ դերը կարելի չէ սեղմել քանի մը տողերու կամ էջերու մէջ: Նոյնիսկ, ցարդ կատարուած ուսումնասիրութիւնները չեն կրցած լիարժէք գնահատել պատմական այն դերը, որ «Հայրենիք»ը ունեցած է եւ դեռ կը շարունակէ ունենալ հայ կեանքին մէջ»:

Ապա ան սեղմ գիծերու մէջ ամփոփեց «Հայրենիք»ի մեծ աւանդը եւ շարունակուող առաքելութիւնը:

Ապա խօսք առաւ «Հայրենիք»ի խմբագիր Զաւէն Թորիկեան խօսք առնելով, ըսաւ․
«120 տարի առաջ, քանի մը խենթեր քով քովի գալով, երբ գաղափարը յղացան թերթ մը հրատարելու, բարեբախտաբար այդ օրերուն ո՛չ ենամակ կար, ոչ ալ ինստակրամ, դայլայլիչ՝թուիթըր եւայլն։ Այլապէս կարիքը պիտի չըլլար ՀԱՅՐԵՆԻՔին։
Այսօր արդիականացած եւ կատարելագործուած աշխարհին մէջ, միայն մամուլի բնագաւառը չէ որուն մասին կ՛անդրադառնանք, այլ քարոզչականը այբէն ֆէ, գրել, կարդալ, լսել, դիտել, այսիքն լսատեսողական ոճով ըմբոշխնել, ունկնդրել…:
Կարկինը սեղմենք: Փրկենք թերթը, մամուլը, առողջ քարոզչական բնագաւառը, մանաւանդ որ գերադիական, ցանցային , համակարգչային կառոյցը փլած են սահմանները, սահմաններ որոնք Պերլինեան կամ մեր խելացի նախագահի մը շինելիք պատերուն հետ կապ չունին, այլ տրամաբանական ու բնական սահմաններ են»:

Անգլերէն բաժնի՝ «Արմինիըն Ուիքլի»-ի խմբագիր՝ Լիզա Առաքելեան իր կարգին խօսք առնելով յայտնեց, թէ իրեն համար պատիւ է միանալ այս ընտանիքին։ Ան իր մանկութենէն յուշեր պատմեց, թէ որքան կառչած է հայ մամուլին։ Մանրամասնութիւններ՝ անգլերէն բաժնի մէջ։
Օրուան զեկուցաբերն էր Վարդան Մատթէոսեանը, որ ներկայացուց «Հայ դասական մամուլն ու առցանցային եւ ելեկրոնային լրատուական միջոցներն ու ընկերային ցանցերը», նաեւ անդրադառնալով հայ մամուլի դերը հայ ինքնութեան (լեզու եւ մշակոյթ) պահպանման եւ ազգային պահանջատիրութեան։
Մատթէոսեան յայտնեց, թէ միայն կլոր տարեդարձները առիթ պէտք չէ դառնան խորհրդածութեան եւ թերեւս խորհրդակցութեան։ Ան յատկապէս յատկապէս լուսարձակի տակ առաւ․-
ա) Մամուլի լեզուի ընդհանուր աղճատումն ու համահարթեցումը։
բ) Արեւմտահայերէն ու արեւելահայերէն անհարկի խառնելու իրողութիւններ,
գ) Օտար լեզուներու (ռուսերէն, անգլերէն, ֆրանսերէն, արաբերէն եւ այլք՝ ըստ շրջանի) ճնշումի բազմացում,
դ) Հայերէնի քերականութեան տարրական կանոններու իմացութեան պակաս,
ե) Ուղղագրական սխալներու աճը, ինչպէս եւ խորհրդային ուղղագրութեամբ գրուած յօդուածներու հիւրընկալումը։
«․․․Թերեւս ժամանակը հասած է, որ հայ մամուլը վերաքննութիւն մը կատարէ իր խօսոյթին (discourse) եւ փոխանակ 1970-ական-1980-ական թուականներուն գտնուելու, երբ ցեղասպանութեան ճանաչումը եւ բոլոր յարակից հարցերը diaper-ներու մէջ փաթթուած էին (մէկ հատիկ Ուրուկուայը պաշտօնապէս ճանչցած էր ցեղասպանութիւնը, այդ ալ՝ «ցեղասպանութիւն» բառը չգործածելով), երբ Սփիւռքը իր վտիտ ուսերուն վրայ առանձինն կը կրէր այդ պայքարին բեռը, ուրեմն՝ ցատկ մը կատարէ 4-50 տարի դէպի յառաջ եւ հասնի 2020ի սեմին։ Այդ ցատկին արդիւնքը պէտք է ըլլայ այն անդրադարձը, որ սփիւռքահայ մամուլը լոյս կը տեսնէ Սփիւռքի մէջ եւ նախ եւ առաջ պարտաւոր է Սփի՛ւռքը եւ իր հրատարակութեան վայրի համայնքը դարձնել իր կիզակէտը։ Երկրորդ նիւթը որ պէտք է ուշադրութեան առանցքը ըլլայ՝ Հայաստանն է, բառիս լայն իմաստով (Արցախն ալ, հարկաւ, բայց Արցախը պատմական Հայաստանի տասնհինգ նահանգներէն մէկը ըլլալէ դադրած չէ, իսկ Դեկտեմբեր 1, 1989ի Հայաստանի հետ վերամիացման որոշումը երբեք չեղեալ համարուած չէ), իսկ երրորդ նիւթը՝ հայկական պահանջատիրութիւնը։ Ասիկա չի նշանակեր, կը շեշտեմ, որեւէ ձեւով հրաժարիլ որեւէ բանէ։ Կը նշանակէ, սակայն, առաջնահերթութիւն տալ մեր յիշածին։ Գիտակցիլ որ երբ գրեթէ 30ամեայ անկախ պետականութիւն մը ունինք, պարտաւոր ենք առաջին հերթին ողջերով զբաղիլ՝ անոր սահմաններէն ներս թէ դուրս։ Մեռելները արթուն են մեր հոգիներուն մէջ, իսկ հայ մամուլը, կը կարծեմ, պարտի առաջին հերթին ողջերը սնուցանել ապրող երկրի մը, ապրող հաւաքականութեան մը, ապրող մշակոյթի մը լուրերով, տեղեկատուութեամբ, վերլուծումներով, որպէսզի ո՛չ թէ հետզհետէ դառնայ լուսանցքի վրայ ապրող, միայն անցեալի «հին պատմութիւնները» արծարծող, այլ՝ ընդհակառակը՝ փնտռուած լրատուամիջոցը եւ մեր հանրութիւնը առաջնորդող դրօշակիրը, չորրորդ իշխանութիւնը 21րդ դարուն։ Որպէսզի ողջերուն ներշնչէ, նորահաս սերունդները լիցքաւորէ հայ ըլլալու դրական ու ողջմիտ, լուսաւոր ուղիներով դէպի ապագայ ընթանալու գաղափարով»։
Անգլերէն բաժինի զրուցավարն էր Ռուբէն Ճանպազեան («Արմինիըն Ուիքլի»ի նախկին խմբագիր), որ բեմ հրաւիրեց Ճորճի-Անն Օշականը («Արմինիըն Ուիքլի»ի նախկին խմբագիր), ներկայացնելու համար «Մամուլն ու երիտասարդութիւնը, լեզուական դժուարութիւնն ու այլալեզու մամուլին դերի արժեւորումը» նիւթը, ապա «Արմինիըն Միրըր-Սփեքթէյթըր»-ի փոխ խմբագիր Արամ Արքունը՝ «Մամուլը եւ նորարար արհեստագիտութեան մարտահրաւէրները։ Տեղեկատուական անվտանգութիւնն ու լրատուութեան հաւաստիութիւնը» նիւթերը։
Ռուբէն Ճանպազեան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ անգլերէնով լոյս տեսնող հայկական թերթերու կարեւորութեան եւ մասնաւորաբար ներկայիս անոնց ունեցած մեծ դերակատարութեան, յատկապէս՝ «Արմինիըն Ուիքլի»ին։ Ան նաեւ ներկայացուց Համազգայինի առցանց բեմը` h-pem.com, որ միեւնոյն նպատակին ծառայելու կոչուած է, եւ որ արդիական շունչով կը գործէ, անգլերէն լեզուով է եւ նպատակ ունի հասնիլ սփիւռքահայութեան, յատկապէս` երիտասարդութեան։
Անգլերէն բաժինի առաջին զեկուցաբերն էր Ճորճի-Անն Պաղրամեան, որ անդրադարձաւ թերթի կարեւորութեան, յատկապէս հայ թերթին՝ հայկական ինքնութեան պահպանման եւ արմատներուն կառչածութեան իմաստով։ Ան շատ խիզախ քայլ նկատեց անգլերէն լեզուով հայկական թերթ հրատարակելու որոշումը՝ դիտել տալով, որ անիկա նոր սերունդը գրաւելու եւ անոր կողքին կանգնելու քայլ մըն է, նաեւ կամուրջ՝ հայութեան եւ հայկական իրականութեան կապող, երիտասարդութեան նկատմամբ հաւատքը ամրապնդող։

Երկրորդ զեկուցաբերն էր Արամ Արքուն, որ լուսարձակի տակ առաւ մերօրեայ արհեստագիտական նորութիւնները, որոնք նաեւ իրենց հետ կը բերեն տարբեր մարտահրաւէրներ, դժուարութիւններ՝ պատճառ դառնալով նոյնիսկ թերթերու փակման, որովհետեւ տնտեսական ծանր կացութիւններու դէմ յանդիման կը գտնուին անոնք։

Հայերէն բաժնի զրուցավարն էր Վահագն Գարագաշեան(«Հայրենիք»ի նախկին խմբագիր եւ այժմ Գանատայի «Հորիզոն»-ի խմբագիր)։ Իսկ խօսք առնողներն էին տոքթ, Արա Սանճեան (Միշիկըն համալսարանի դասախօս), տոքթ․ Խաչիկ Մուրատեան («Արմինիըն Ուիքլի»-ի նախկին խմբագիր եւ այժմ Քոլումպիա համալսարանի դասախօս) եւ Վրէժ Արմէն Արթինեան (Գանատայի «Հորիզոն»-ի նախկին խմբագիր)։
Վահագն Գարագաշեան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ այն յատկանշական երեւոյթին, որ այս գիտաժողովը համախմբած է սփիւռքահայ 10 խմբագիրներ, որոնք եկած են քննարկելու հայ մամուլին վերաբերող տարաբնոյթ հարցեր։ Անցեալին «Հայրենիք»-ի եւ ներկայիս «Հորիզոն»-ի իբրեւ խմբագիր իր ունեցած հետաքրքրական փորձառութեան մասին պատմելէ ետք, Վահագն Գարագաշեան դիտել տուաւ, որ այսօրուան դրութեամբ հայ մամուլին կը դիմագրաւէ տեղեկատուական պատերազմ՝ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի կողմէ, որ ունի բազում վտանգներ, զորս դիմագրաւելու կոչուած են հայկական զոյգ հանրապետութիւններն ու սփիւռքը։
Ապա ան ներկայացուց գիտաժողովի հայերէն բաժինի հիւրերը՝ դոկտ. Արա Սանճեան, դոկտ. Խաչիկ Մուրատեան եւ Վրէժ-Արմէն Արթինեան։
Առաջին զեկուցաբերն էր դոկտ. Արա Սանճեանը, իսկ նիւթը՝ «Սփիւռքահայ մամուլը՝ հրատարակիչի, ընթերցողի եւ պատմաբան-հետազօտողի դիտանկիւնէն»։ Ան դիտել տուաւ, որ վերջին 225 տարուան ընթացքին տարբեր պայմաններու մէջ, տարբեր թուականներու եւ տարբեր նպատակներով լոյս տեսած են հազարաւոր հայերէն, հայատառ թրքերէն եւ հայապատկան օտար լեզուով թերթեր ու պարբերականներ, որոնց ուսումնասիրութիւնը ըստ արժանւոյն չէ կատարուած, բայց եւ այնպէս անոնք, յատկապէս յետեղեռնեան սփիւռքահայ մամուլը, սկզբնական կարեւոր աղբիւր կը հանդիսանան։ Ան ուրախութիւն յայտնեց, որ մամուլի արխիւները հասանելի են կարգ մը կարեւոր գրադարաններուն մէջ, նաեւ դիտել տուաւ, թէ վերջին քանի մը տարիներուն Հայաստանի Ազգային գրադարանը մեծ աշխատանք կը տանի՝ հայատառ մամուլի թուայնացման։
Երկրորդ զեկուցաբերին` դոկտ. Խաչիկ Մուրատեանին նիւթն էր «Խօսքի ազատութի՞ւն, թէ՞ անիշխանական բեւեռացում. լրատուական դաշտէն ներս մրցակցութեան եւ շահութաբերութեան պայմաններուն մէջ անոնց պատասխանատուութիւններու շրջագիծը»։

Դոկտ. Խաչիկ Մուրատեան դիտել տուաւ, որ եթէ մենք առաջնորդուինք 19-20-րդ դարերու գործելաոճով եւ մօտեցումներով, նոյն ձեւով ալ լուծումներ առաջադրենք, բնական է, որ երիտասարդութիւնը պիտի վանենք մեզմէ, սակայն եթէ չթափանցենք հարցին իսկութեան խորը, անոնց ակնկալութիւններուն ու կարիքներուն ականջ չտանք, պիտի ըսենք, որ նոր սերունդի ներկայացուցիչները անտարբեր են, թերթ չեն կարդար։
Խաչիկ Մուրատեան յայտնեց, որ յանցանքը այլ տեղ փնտռելու սովորութենէն դուրս գալով, պէտք է գիտակցինք, որ երիտասարդութիւնն ալ ունի ներուժ, կարողութիւններ, մօտեցումներ, որոնց հետ պէտք է առնչութիւն ունենալ, գիտնալ անոնց հետաքրքրութիւնները եւ գոհացնել զանոնք։ «Մենք պէտք է փորձենք առնուազն մեր կարելիութեան սահմաններուն մէջ արծարծել մեր թուլութիւնները, մեր դիմագրաւած հարցերը, եւ ասիկա հսկայական տարբերութիւն ընելու դուռ կը բանայ, որովհետեւ մենք երբեմն կը յայտնուինք այնպիսի տեղ, որ մեր կեցուածքներով խոտոր կը համեմատինք գետնի վրայ տիրող կացութեան, մեր շրջապատի իրականութեան», յայտնեց Մուրատեան։ Այս ծիրին մէջ ան թուեց այս նպատակը հետապնդող, հայկական սեղմ նիւթերէ դուրս տարբեր ծրագիրներ, որոնք իրենց արդիւնքը սկսած են տալ արդէն։ «Եթէ հայ լեզուն, հայկական միտքը, հայ մամուլը` հայերէն եւ անգլերէն, պիտի գոյատեւէ, պիտի գոյատեւէ նաեւ, յատկապէս սփիւռքահայ իրականութեան մէջ, այն գիտակցութեամբ, որ այսօրուան խմբագիրը երէկուան խմբագիրէն տարբեր պէտք է ըլլայ, տարբեր աշխարհահայեացք ունենայ, որովհետեւ երէկուան խմբագիրին աշխարհահայեացքը արդէն նախորդ դարուն կը պատկանի։ Եթէ այս գիտակցութիւնը չզարգացնենք, պիտի շարունակենք մնալ այս նեղ շրջանակին մէջ, որ օրէ օր աւելի կը սեղմուի եւ կը նեղնայ», եզրափակեց Խ. Մուրատեան։
Յաջորդ զեկուցաբերն էր Վրէժ-Արմէն Արթինեան, որ ներկայացուց «Առնչութիւններ հայրենիքի հետ. հայ մամուլի, դաշնակցական մամուլի եւ կուսակցական մամուլի մարտահրաւէրները» նիւթը։ Ան նախ յիշեց, որ «Հայրենիք»-ին հետ իր առնչութիւնը կու գայ 1922 թուականէն, երբ սկսած է հրատարակուիլ «Հայրենիք»-ը, եւ իր մեծ հայրը, իսկ անկէ ետք ինք բաժանորդագրուած են, մնայուն կերպով ստացած են ամբողջական հաւաքածոն, իսկ իր ննջասենեակին մէջ տեղադրուած թերթի հաւաքածոները մեծ ազդերութիւն ունեցած են իր վրայ։ Իսկ յաջորդ առնչութիւնը եղած է, երբ սկսած է աշխատակցիլ թերթին՝ երկար տարիներ, հանդիսանալով թէ՛ աշխատակիցը, եւ թէ ջատագովը։ «Հայրենիք»-ը միայն թերթ մը չէ, այլ մեզի համար հայ մամուլի խորհրդանիշ մըն է», վկայեն ան։
Ապա Վրէժ-Արմէն Արթինեան անդրադարձաւ հայ մամուլին դիմաց ծառացած մարտահրաւէրներուն եւ ունեցած դերակատարութեան, որոնց առաջինը տեղեկատուական բաժինն է, որովհետեւ ինչ ալ ըլլայ մերօրեայ մրցավազքը՝ արագ լուր հաղորդելու, մամուլը կոչուած է ճշգրիտ լուրի աղբիւր ըլլալու, սուտ լուրերը ջրելու եւ հայ ընթերցողներուն հասցնելու իրականութիւնը։ Անոր համաձայն՝ մենք պէտք չէ տեղեկատուութիւնը ընենք միայն հայկական հարցերու, այլ նաեւ աշխարհի իրադարձութիւններու, որովհետեւ ամէն ինչ փոխկապակցուած է իրարու եւ պէտք է դուրս գալ նեղ շրջագիծէն։ Զեկուցաբերը դիտել տուաւ, որ մեր մամուլը ունի նաեւ դաստիարակչական, առաջնորդողի դերակատարութիւն՝ հինէն ի վեր, որպէսզի գիտնանք ինչ պէտք է ընել, ինչ կ՛ակնկալուի մեզմէ՝ այս բոլորին մէջ մեր գոյութիւնը պահպանելու համար։
Վրէժ-Արմէն լուսարձակի տակ առաւ այն երեւոյթը, որ ներկայիս կայ այնպիսի կացութիւնը, որ մամուլին մէջ ամէն ինչ վարդագոյն ներկայացնելու փորձ կը կատարուի, մինչ այդ մամուլը պարտի ներքին ամէն տեսակ հարցի վրայ լուսարձակ բանալ, իրականութիւնները մատնանշել եւ անոնց գծով տեսակէտ փոխանակել, նաեւ կուսակցութիւնները իւրաքանչիւրը իր պատեանին մէջ քաշուած ըլլալու եւ միւսին հետ առնչութիւն չունենալու վիճակի մէջ է, ինչ որ կը պակսեցնէ թերթին որակը, արժէքը եւ ստեղծելիք հետաքրքրութիւնը։ Ան նաեւ անդրադարձաւ լեզուի հարցին եւ յայտնեց, որ պէտք է տարբեր նիւթերու մասին խօսիլ մեր մայրենիով, որպէսզի նոր սերունդը սորվի եւ իր բառամթերքը հարստանցէ։ Այս առումով եւ լեզուի ծաղկումին սատարելու իմաստով Վրէժ Արմէն նկատել տուաւ, որ մեր թերթերը նահանջի մէջ են՝ կոչ ուղղելով՝ այս իմաստով նախաձեռնող ըլլալէ չդադրելու։
Վրէժ-Արմէն Արթինեան հայ մամուլի պարտականութիւններէն նկատեց նաեւ մշակել հայ ըլլալու հպարտութիւն, որուն պատճառները պէտք է լուսարձակի տակ առնուին, որպէսզի նոր սերունդը գիտակցի եւ համոզուի։ Ան այս հպարտութեան առանցքը նկատեց մեր նորօրեայ աստղերը, յաղթակաները, յաջողութիւնները՝ տարբեր բնագաւառներու մէջ, որոնց վրայ պէտք է լուսարձակ բանալ եւ անոնց տեղ տալ թերթին առաջին էջերուն վրայ։
Տեցի ունեցան հարց-պատասխաններ։
Աւարտին, խօսք առաւ արեւելեան ԱՄՆ-ի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Ճորճ Աղճայեան, որ ներկայացուց «Հայրենիք»ի շէնքի վերանորոգման աշխատանքները եւ յաւելեալ մանրամասնութիւններ յայտնեց թերթերու թուայնացման աշխատանքներուն առնչութեամբ։