Երեքշաբթի, 5 Նոյեմբեր 2019-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ ականապատուած ինքնաշարժ մը պայթեցաւ հիւսիսային Ռաքքայի Թել Ապիատ աւանին մէջ, ուր կը գտնուին թրքական ուժերն ու անոր պատկանող զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումները:

Տեղական աղբիւրներ ՍԱՆԱ-ին յայտնեցին, որ պայթումին հետեւանքով արձանագրուած են վիրաւորներ եւ նիւթական բազմաթիւ վնասներ:

Յիշենք, որ նախորդ Շաբաթ՝ 2 Նոյեմբեր 2019-ին, Թել Ապիատի շուկային մէջ ականապատուած ինքնաշարժի մը պայթումին հետեւանքով քաղաքացի մը զոհուած էր, ուրիշներ վիրաւորուած էին: