Արցախի Հանրապետութեան Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի գրասենեակէն կը հաղորդեն, որ Արցախի Հանրապետութեան Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արտակ Պեգլարեան 5 Նոյեմբերին շարք մը հանդիպումներ ունեցած է Վիեննայի` միջազգային եւ հայկական շրջանակներուն հետ:
Պաշտպանը, Աւստրիոյ ՀՀ Դեսպանութեան եւ Հայ Դատի գրասենեակի կազմակերպութեամբ, դեսպանութեան շէնքէն ներս հանդիպած է տեղւոյն հայ համայնքի խումբ մը ներկայացուցիչներուն հետ` արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Արմէն Պապիկեանի նախագահութեամբ: Ա.Պեգլարեան ներկայացուցած է Արցախի Մարդու Իրաւունքներու պաշտպանութեան համակարգը, առանձնայատկութիւններն ու մարտահրաւէրները: Ներկաներուն հետ քննարկում ծաւալած է Արցախի հետագայ զարգացման գործին մէջ Սփիւռքի դերի վերարժեւորման եւ յարակից այլ հարցերու շուրջ:
Պաշտպանը հանդիպումներ ունեցած է նաեւ Աւստրիոյ ասորական եւ քրտական համայնքներու ղեկավարութեան հետ` անոնց հետ քննարկելով Թուրքիոյ եւ մերձաւորարեւելեան այլ երկիրներու մէջ ազգային փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու պաշտպանութեան առնչուող հարցեր: Երկուստէք կարեւոր համարած են խաղաղ եւ կայուն միջավայրի մէջ բոլոր ժողովուրդներու արժանապատիւ կեանքի ապահովման անհրաժեշտութիւնը` ընդգծելով Թուրքիոյ ցեղասպանական գործողութիւններու անթոյլատրելիութիւնը:
Վիեննայի մէջ գործող առաջատար վերլուծական կեդրոններէն մէկուն ղեկավարութեան հետ ունեցած հանդիպման ընթացքին Ա.Պեգլարեան ներկայացուցած է տարածաշրջանի մէջ անվտանգային իրավիճակը եւ Ատրպէյճանի յարուցած սպառնալիքները Արցախի բնակչութեան իրաւունքներուն հանդէպ: Անոնց հետ պայմանաւորուածութիւններ ձեռքբերուած են հետագայ փոխշփումներու համար: