29 Հոկտեմբերի 2019-ին, ամերիկահայերը նշանակալից յաղթանակ տարին ԱՄՆ Քոնկրէսի սրահներուն մէջ: 35 տարուան ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատը ընդունեց Հայոց Ցեղասպանութեան փաստերը հաստատող 296 թուակիր բանաձեւը:
Ես օգտագործեցի «հաստատող» եզրը, քանի որ հակառակ բազմաթիւ հայ եւ ոչ-հայ մեկնաբաններու կարծիքին, առաջին անգամը չէր, որ Միացեալ Նահանգները կը ճանչնար Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Իրականութեան մէջ, սա ամերիկեան կառավարութեան կողմէն հինգերորդ ճանաչումն էր: Ինչպէս անցեալ տարիներուն բազմիցս ըսած եմ, Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը առաջին անգամ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցած է 1951-ին, երբ պաշտօնական փաստաթուղթ ղրկած է Արդարադատութեան Միջազգային դատարան (Համաշխարհային դատարան)՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ներկայացնելով որպէս ցեղասպանութեան օրինակ: ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատը Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցած է 1975 եւ 1984 թուականներուն ընդունուած երկու բանաձեւերով, իսկ նախագահ Ռոնալտ Ռեյկըն նախագահական հռչակագիր հրապարակած է 22 Ապրիլ 1981-ին՝ վկայակոչելով Հայոց Ցեղասպանութիւնը:
Տարբեր մեկնաբաններու կողմէ հնչած սխալ մեկնաբանութիւններու կարգին էին այնպիսի յայտարարութիւններ, ինչպիսիք էին.
1. «29 Հոկտեմբեր 2019-ին Ներկայացուցիչներու պալատին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը առաջին անգամն էր հարիւր տարուան ընթացքին, ուր Միացեալ Նահանգներ ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը»: Այդպէս չէ եղած… իրականութեան մէջ, 296 թուակիր բանաձեւին բովանդակութեան մէջ ինքնին կը թուարկուին Հայոց Ցեղասպանութեան մասին ԱՄՆ-ի կողմէ նախորդ բոլոր ճանաչումները եւ սա կը բնութագրուի որպէս հաստատում, ոչ թէ ճանաչում:
2. «296 թուակիր բանաձեւը կը սահմանէ ԱՄՆ-ի կառավարութեան Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման քաղաքականութիւնը»: Նման բան չէ եղած: Այս բանաձեւը, իր նախորդներուն նման ոչ-պարտադիր բանաձեւ է, որ պարզապէս կ’արտայայտէ Քոնկրէսի կամքը: Ան օրէնք չէ եւ իրաւական հետեւանքներ չունի:
3. «296 թուակիր բանաձեւը կը պարտադրէ նախագահ Թրամփին օգտագործել ցեղասպանութիւն եզրոյթը իր յաջորդ ապրիլքսանչորսեան ուղերձին մէջ»: Նախագահը, ուզած պահուն, կրնայ օգտագործել այլ մեղմ եզրեր՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը նկարագրելու համար, ինչպէս ինքն ու ԱՄՆ-ի այլ նախագահներ ըրած են նախագահ Ռեյկընէն ետք:
4. «296 թուակիր բանաձեւը թոյլ կու տայ հայութեան Թուրքիոյ դէմ դատական հայցեր ներկայացնել ԱՄՆ-ի դատարաններուն՝ պահանջելով վերականգնել ցեղասպանութեան ընթացքին իր կրած վնասները»: Սա ճիշդ չէ: Ինչպէս վերը յիշեցինք, Քոնկրէսի մէջ 1975 եւ 1984 թուականներուն ընդունուած են երկու նոյնանման բանաձեւեր, որոնք չեն օգնած հայերուն ԱՄՆ դատարաններէն ներս Թուրքիոյ դէմ որեւէ դատական գործ շահիլ:
5. «296 թուակիր բանաձեւի ընդունումէն ետք, եթէ ԱՄՆ Ծերակոյտը ընդունի իր համապատասխան բանաձեւը (Ծերակոյտի թիւ 150 բանաձեւ), եւ նախագահ Թրամփ ստորագրէ զայն, այն ատեն այդ բանաձեւը կը ստանայ օրէնքի ուժ»: Սա ճիշդ չէ, քանի որ ինչպէս Ներկայացուցիչներու պալատին, այնպէս ալ Ծերակոյտին տարբերակները «առանձին» բանաձեւեր են: Եթէ Ծերակոյտին տարբերակը նոյնպէս ընդունուի, բանաձեւը չի փոխանցուիր նախագահին ստորագրութեան համար, քանի որ Պալատին եւ Ծերակոյտին տարբերակները չեն ներկայացուած որպէս «նոյնանման բանաձեւ»:
Այնուամենայնիւ, վերոնշեալ պարզաբանումներէն ոչ մէկը չենք կատարեր 29 Հոկտեմբերի 2019 -ին ընդունուած թիւ 296 բանաձեւը արժեզրկելու համար: Ստորեւ կը պարզաբանեմ, թէ ինչո՛ւ այս բանաձեւը նշանակալից յաղթանակ կը համարուի Հայ Դատին համար:
1. 35 տարի շարունակ Ներկայացուցիչներու պալատէն ներս ցեղա-սպանութեան բանաձեւի ընդունման փորձ կատարելէ ետք, ամերիկահայ համայնքին համար սա նշանակալից ձեռքբերում է՝ վերջապէս արձանագրել կարենալ նման յաղթանակ մը: Կարելի չէ շարունակ պահանջել, որ հայ հանրութիւնը տասնամեակներ շարունակ աջակցի գործի մը՝ առանց ժամանակ առ ժամանակ որոշ արդիւնքի հասնելու: Այս յաղթանակը կ’աշխուժացնէ ամերիկահայերը՝ շարունակելու իրենց նուիրումը Հայ Դատին եւ աշխատելու աւելի մեծ նուաճումներու հասնելու համար:
2. Թէեւ 296 բանաձեւի ընդունումը չի պարտադրեր Միացեալ Նահանգներու նախագահին, սակայն կը շեշտադրէ անոր վրայ բանեցուած ճնշումը, որպէսզի պատշաճ ձեւով ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ապրիլքսանչորսեան իր յայտարարութեան մէջ:
3. Թիւ 296 բանաձեւը կը դժուարացնէ նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը շարունակելու Թուրքիոյ կառավարութեան քաղաքականութիւնը:
4. Տարօրինակօրէն, թիւ 296 բանաձեւի ընդունման Թուրքիոյ ղեկավարներուն կոշտ արձագանգները նպաստեցին թուրք ժողովուրդին եւ ամբողջ աշխարհին Հայոց Ցեղասպանութեան յիշեցման:
5. Թիւ 296 բանաձեւի ընդունման առնչուող հազարաւոր յօդուածներ, հաղորդումներ եւ հասարակական ցանցերու գրառումներ օգնեցին ընդհանրացնելու Հայոց Ցեղասպանութեան արծարծումը ողջ աշխարհի տարածքին: Ցեղասպանութենէն աւելի քան 100 տարի անց, արդարութեան համար ճիչը տակաւին կը հնչէ հայերուն եւ անոնց աջակիցներուն աշխուժութեան շնորհիւ:
6. Թիւ 296 բանաձեւի ընդունումը քայլ մըն է Թուրքիոյ եւ համաշխարհային հանրութեան վրայ հայերու կողմէ ճնշում բանեցնելու պայքարին մէջ՝ ցեղասպանութեան վնասի հատուցման ի խնդիր հետագայ քայլերու ձեռնարկելու համար՝ հակառակ աւելի քան մէկդարեայ ուշացումին…
7. Բացի պատմական իրադարձութեան տարեգրութեան ուղղումէն, ցեղասպանութեան բանաձեւի ընդունման ջանքերը քաղաքական պայքար են ամերիկահայ համայնքին եւ Թուր- քիոյ կառավարութեան ու անոր վճարովի լոպիստներուն միջեւ, թէ ո՛ր կողմը աւելի մեծ քաղաքական ազդեցութիւն ունի Ուաշինկթընի մէջ: Ճնշող մեծամասնութեան յաղթանակը (405 ձայն ընդդէմ 11-ի) Թուրքիոյ ջախջախիչ պարտութեան եւ հայերու լիարժէք յաղթանակին ակնյայտ ցուցանիշն է:
8. Տարիներ շարունակ Թուրքիոյ կառավարութիւնը տասնեակ միլիոնաւոր տոլարներ վատնած է՝ վարձելով ամերիկեան բարձրակարգ լոպիստական ընկերութիւններ՝ ԱՄՆ Քոնկրէսին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւերուն հաստատումը խափանելու ձախող փորձերուն համար: Կարելի չէ խեղաթիւրել ցեղասպանութիւնը որպէս մարդկային արարք, անկախ անկէ, թէ քանի՛ միլիառ տոլար կը ծախսէ Թուրքիան լոպիստներուն վրայ:
9. Թուրքիոյ պարտութիւնը նաեւ ուղերձ է թրքական հասարակութեան, որ իր վճարած յարկերը կը մսխուին իր կառավարութեան կողմէ՝ անհերքելին ժխտելու համար:
10. Ոմանք թիւ 296 բանաձեւի ընդունման ակնարկելով դիտել կու տային, որ Քոնկրէսը օգտուած է Թուրքիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ լարուած յարաբերութիւններէն: Հակառակ որ սա ճիշդ է, բայց կան քանի մը հակափաստարկներ եւս.
ա) Քոնկրէսը քաղաքական մարմին է. հետեւաբար, անոր բոլոր քննարկումներն ու որոշումները քաղաքական բնոյթ կը կրեն։
բ) Եթէ ամերիկահայ կազմակերպութիւններու եւ ամերիկահայ համայնքի եռանդուն ջանքերը ի գործ չդրուէին, երաշխիք չկար, որ այդ բանաձեւը յայտնուէր Ներկայացուցիչներու պալատի օրակարգին վրայ: Քանի որ ԱՄՆ-ի Քոնկրէսը դժգոհ էր Թուրքիոյ հիւսիսային Սուրիա ներխուժումէն, Ներկայացուցիչներու պալատը կը գոհանար 29 Հոկտեմբերի 2019-ին Թուրքիոյ դէմ պատժամիջոցներ կիրառող բանաձեւ ընդունելով՝ քիւրտերուն դէմ իր բարբարոսական յարձակումներուն համար: Սակայն հայկական կողմին աշխուժութեան շնորհիւ Ներկայացուցիչներու պալատը նոյն օրը ընդունեց նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին բանաձեւը:
գ) Մենք չենք կրնար այնքան միամիտ ըլլալ ակնկալելու, թէ որեւէ կառավարութիւն կրնայ պաշտպանել Հայ Դատը, եթէ այդ մէկը կը հակասէ իր շահերուն: Շատ տրամաբանական է, որ Հայոց Ցեղասպանութեան դատապարտումը կը համընկնի Թուրքիոյ նկատմամբ այլ պատճառներով Քոնկրէսի զայրոյթին հետ: Փաստօրէն, հայերը որքան շատ կարենան գտնել իրենց շահերը այլ երկիրներու շահերու համապատասխան դարձնելու պատճառներ, այնքան աւելի յաջողութիւն կը գտնեն Հայ Դատի հետապնդման գործին մէջ:
Որպէս յաջորդ քայլ, ես յոյս ունիմ, որ ԱՄՆ Ծերակոյտը կ’ընդունի 150 թուակիր բանաձեւը: Սա կարեւոր է, քանի որ ԱՄՆ Ծերակոյտը երբեք չէ ընդունած Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւ: Հաւանաբար յաջորդ տարի Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւը վերանայուելու առիթ կ’ունենայ, բայց այս անգամ որպէս «նոյնանման բանաձեւ»: Սա կը նշանակէ, որ եթէ Քոնկրէսի պալատները բանաձեւը ընդունին, իսկ Նախագահը ստորագրէ զայն, Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւը կը դառնայ ԱՄՆ օրէնք, եւ ոչ թէ պարզապէս «ոչ-պարտադիր» բանաձեւ: Սա Ամերիկայի ապագայ բոլոր նախագահները պարտաւոր կը դարձնէ օգտագործելու Հայոց Ցեղասպանութիւն եզրոյթը իրենց ապրիլքսանչորսեան ուղերձներուն կամ որեւէ այլ առիթով:
Յարութ Սասունեան
Արեւելահայերէնի թարգմանութիւնը՝ Ռուզաննա Աւագեանի
Արեւմտահայերէնի վերածումը՝ «Գանձասար»ի