Վերջին 6 ամսուան ընթացքին տարբեր գործերով արդէն 5-րդ անգամ ըլլալով ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի անդամ Արծուիկ Մինասեան կանչուած է հարցաքննութեան: 7 Նոյեմբերին եւս կանչուելով:

yerkir.am-ի հետ զրոյցի ընթացքին Արծուիկ Մինասեանն անդրադարձաւ հարցաքննութեան մանրամասնութեան․ ««Զուարթնոց» Օդակայանի Կեդրոն» ընկերութեան տնօրէնը, որ հրաժարած էր իմ հրամանով 21 Փետրուար 2017-ին, հաղորդած էր, որ ես, իբրեւ թէ` զինք աշխատանքէն դադրեցուցած էի իմ ապօրինի յանձնարարութիւնս չկատարելուն համար:

Հարցաքննութեան նպատակը այս մասին պարզաբանում ստանալն էր:
Իմ բոլոր գործողութիւնները, ինչպէս եւ ՀՀ գլխաւոր դատախազութեան գրաւոր համաձայնութեամբ փաստագրուած են` օրէնքի դրոյթներէն բխած եւ ես աշխատանքէն դադրեցուցած եմ մարդ մը, որ ոչ միայն ի վիճակի չէր ղեկավարելու ընկերութիւնը, այլեւ անոր պաշտօնավարման շրջանին բազմաթիւ ապօրինի գործեր եղած են», ըսաւ Արծուիկ Մինասեան:
Արծուիկ Մինասեանն յայտնեց, որ այս գործով յստակ քաղաքական ենթահող չի տեսներ, բայց վերջին 6 ամսուան ընթացքին իրեն տարբեր գործերով քննչական մարմիններ հարցաքննութեան հրաւիրած են՝ արդէն 5 անգամ:
Կրթութեան Գիտութեան Մշակոյթի եւ Մարմնամարզութեան նախարար Արայիկ Յարութիւնեանին` դատարկ արկղերը քրէական գործերով լեցնելու սպառնալիքը` այսօրուան հարցաքննութեան հետ կապելու մասին Արծուիկ Մինասեան ըսաւ.«Ոչ միայն Արայիկ Յարութիւնեան, այլեւ քաղաքական իշխանութեան որեւէ ներկայացուցիչ չի կրնար զիս` իմ գործունէութեանս շրջանակիս մէջ ներկայացնել որեւէ իրաւական մեղադրանքով` ձեւակերպելով իբրեւ յանցագործութիւն կամ ապօրինութիւն, հակառակ պարագային` իրաւական փաթեթաւորումով որեւէ վարքագիծ պիտի վերածուի քաղաքական հետապնդումի»:
8 Նոյեմբերին, Արծուիկ Մինասեան` ՀՅԴ Հայաատանի Գերագոյն Մարմինի անդամներ Տարօն Տօնոյեանին եւ Աշոտ Սիմոնեանին հետ բոլոր մանրամասնութիւններով պիտի անդրադառնայ Արայիկ Յարութիւնեանի հրաժարականի պահանջին եւ անոր շուրջ տեղի ունեցող զարգացումներուն:

Աննա Բալեան