Պրիւքսէլ, 7 Նոյեմբեր 2019 -ին, Արցախի հետ Պելճիքայի հոլանտախօս պատգամաւորներու բարեկամութեան խումբի անդամներու եւ ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբի գրասենեակին նախաձեռնութեամբ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը հիւրընկալուեցաւ Ֆլամանական խորհրդարանէն ներս:

ֆլամանական խորհրդարանի ութը անդամներ՝ պելճիքացի ծերակուտականներ մասնակցեցան հանդիպումին, որուն ներկայ էին նաեւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, ինչպէս նաեւ Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան եւ գործադիր տնօրէն Հեղինէ Էւինեան:
Ի թիւս այլ թեմաներու, հանդիպման մասնակիցները քննարկեցին Արցախի եւ Ֆլանտրիոյ միջեւ ապակեդրոնացած գործակցութեան ներուժը, մասնաւորապէս գիւղատնտեսութեան, կրթութեան եւ մշակոյթի ոլորտներուն մէջ: Արցախի Հանրապետութեան նախագահը ներկայացուց վերջին տարիներու ընթացքին Արցախի կողմէն հաստատուած միջազգային կապերը, ինչպէս նաեւ երկրի անվտանգութեան իրավիճակը:
Քննարկումին առանցքային կէտերէն մէկը Արցախի աշխարհաքաղաքական մեկուսացումն էր` պարտադրուած Ատրպէյճանի իշխանութիւններու կողմէն, մասնաւորապէս` Ստեփանակերտի օդանաւակայանի գործարկման անհնարութիւնը: Հակառակ այն հանգամանքին, որ Արցախի իշխանութիւնները յայտարարած են, որ իրենք մտադիր են օդանաւակայանը գործարկել միայն քաղաքացիական նպատակներով, Ատրպէյճանի կառավարութիւնը կը սպառնայ խոցել որեւէ ինքնաթիռ, որ կը փորձէ Ստեփանակերտ թռիչք կամ վայրէջք կատարել:
Մեկնաբանելով հանդիպումը` Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան յայտնեց․ «Ես կը փափաքէի շնորհակալութիւն յայտնել ֆլամանացի խորհրդարանականներուն Արցախի Հանրապետութեան նախագահին խորհրդարան ընդունելու իրենց նախաձեռնութեան համար, մասնաւորապէս ծերակուտական Քառլ Վանլուին, որ համակարգեց այս հանդիպումը: Սոյն բարեկամական խումբի բազմակուսակցական բնոյթը ցոյց կու տայ այն մեծ հետաքրքրութիւնը, որ ձեւաւորուած է տարբեր քաղաքական կուսակցութիւններու շրջանին Արցախի մասին»: