«Ապառաժ».- ԱՀ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը կը հաղորդէ, որ 12 Նոյեմբերին Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեան ընդունած է ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ դեսպան Անճէյ Քասպըրչիքը:

Հանդիպման ընթացքին կողմերը քննարկած են Արցախի Հանրապետութեան եւ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու շփման գիծի իրավիճակին եւ ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի գրասենեակին կողմէ կատարուող դիտարկումներուն առնչուող շարք մը հարցեր:

Զրուցակիցները յայտնած են հակամարտութեան գօտիին մէջ կայունութեան պահպանման անհրաժեշտութիւնը: Ընդգծուած է նաեւ հակամարտութեան կողմերու միջեւ վստահութեան ամրապնդման նախաձեռնութիւններու իրականացման կարեւորութիւնը` խաղաղ գործընթացի յառաջմղման համար բարենպաստ պայմաններ ստեղծելու նպատակով: