ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի կազմակերպած եւ երկու տարին անգամ մը կայացող 5րդ խորհրդաժողովը տեղի ունեցաւ 18էն 19 Հոկտեմբերին, ի մի բերելով համայնքի հարիւրաւոր անդամներ, մտաւորականներ, ղեկավարներ եւ գործիչներ։

Փասատինայի Խորհրդաժողովներու կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած խորհրդաժողովին մասնակցողները առիթը ունեցան քննարկելու իրաւագիտութեան, քաղաքականութեան, լրատուամիջոցներու դերին եւ Հայ Դատի ջատագովման շարք մը հարցեր։

Ձեռնարկին բացումը կատարեց կազմակերպիչ յանձնախումբի ատենապետ Նիրի Թոնկոզի Ափիկ, բարի գալուստ մաղթելով ներկաներուն եւ ներկայացնելով առաջին քննարկումին մասնակցողները։

Լրատուամիջոցներու մէջ հայ կանանց դերին նուիրուած քննարկումին իրենց մասնակցութիւնը բերին Էլինա Աբովեան («KTLA 5 News»), Աննա Խաչիկեան («Արմինիըն Ռիփորթըր»), Արաքսիա Կարապետեան («Ֆաքս 11» կայանի «Կուտ Տէյ Էլ.Էյ. » յայտագիր), Էլլա Սողոմոնեան (KRON ON) եւ Սոնա Մովսէսեան («Քոնըն»), իսկ ներկայացումներէն եւ խորհրդակցութիւններէն ետք, մասնակցողները վայելեցին կազմակերպուած հիւրասիրութիւնը եւ «Պէյ Ռու»ի երաժշտական կատարումները։

Խորհրդաժողովին երկրորդ օրուան առաջին նիստը նուիրուած էր «Թուրքիա եւ Հայոց Ցեղասպանութիւն» նիւթին։ Անոր առաջին մասը նուիրուած էր հայութեան մշակութային կորուստներուն եւ անոր ընթացքին նախ Անի Յովհաննէսեան խօսեցաւ դէպի Արեւմտեան Հայաստան կատարած իր այցելութեան հիման վրայ պատրաստած վաւերագրական ֆիլմին մասին, ապա դոկտ. Հեղնար Ուաթընփաու ներկայացուց Զէյթունի Աւետարանանին ոդիսականին նուիրուած իր հատորը։

Նիստին երկրորդ մասով, դոկտ. Խաչիկ Մուրատեան եւ իրաւաբան Էտվին Մինասեան խօսեցան Թուրքիոյ կողմէ հիւսիսային Սուրիա կատարուած ներխուժումին եւ անոր հետեւանքներուն մասին։ Մուրատեան նաեւ արտայայտուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը արտաքին ուժերուն կողմէ շահագործուելու վտանգին մասին։

Երկրորդ նիստին նիւթն էր՝ «Քաղաքացիական Աշխուժութիւն»։ Քաղաքական կեանքին աշխոյժ մասնակցութեան կարելիութիւններուն, ինչպէս նաեւ 2020ի մարդահամարին նուիրուած քննարկումին իրենց մասնակցութիւնը բերին Քալիֆորնիոյ նահանգային քարտուղար Ալեքս Փըտիա, Քալիֆորնիոյ նշանակումներու հարցերու քարտուղար Քեթրին Ռիվիրէ Հերնանտեզ, Լոս Անճելըսի գաւառի քարտուղար Տին Լոկըն, իսկ համադրողն էր՝ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան։

Ճաշի դադարին, ներկաները առիթը ունեցան իրենց խորհրդակցութիւնները շարունակելու ներկայացնողներուն հետ, նոյն ժամանակ վայելելով «Էլեմընթ» նուագախումբի կատարումները։

Յաջորդ նիստին նիւթն էր՝ «Արցախ եւ Քաղաքական Աշխուժութիւն»։ Արցախի Հանրապետութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն եւ յատկապէս Միացեալ Նահանգներու մէջ ու ընդհանրապէս Սփիւռքի տարածքին Արցախին նեցուկ կանգնելու ջանքերուն կարեւորութեան նուիրուած քննարկումին մասնակցեցան՝ Արցախի արտաքին գործոց փոխնախարար Արմինէ Ալեքսանեան, Ջուլֆայի մասնագէտ Սիմոն Մաղաքեան եւ Արցախի մէջ ականազերծում կատարող «Հէյլօ Թրասթ»էն Ամասիա Զարգարեան։

Վերջին նիստին նիւթն էր՝ «Հայրենիք եւ Սփիւռք», որ ինչպէս խորագիրը կը յուշէ, նուիրուած էր Հայաստանի եւ Սփիւռքի միջեւ յարաբերութեանց, յատկապէս Թաւշեայ յեղափոխութեան լոյսին տակ։ Քննարկումին իրենց մասնակցութիւնը բերին Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան Սփիւռքի հարցերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան, Նեւատայի համալսարանի Լաս Վեկասի մասնաճիւղէն դասախօս դոկտ. Ներսէս Քոփալեան, «Թիւֆէնքեան» հիմնարկէն դոկտ. Անդրանիկ Գասպարեան եւ «Ճի.Ճի.» ընկերութեան ամերիկեան բաժանմունքի տնօրէն Տարօն Լիզակուպ, իսկ համադրողն էր «Ասպարէզ» օրաթերթի անգլերէն բաժինի խմբագիր Արա Խաչատրեան։