ՏԵՂԱԿԱՆ 
Լուրեր Սուրիոյ Մարզական Կեանքէն
 – Սուրիոյ ֆութպոլի ախոյեան խումբը երկու շաբաթով պիտի դադրեցնէ իր խաղերը, համաշխարհային զտման մրցումներու շարքին Չինաստանի եւ Ֆիլիփինի հաւաքականներուն հետ խաղեր ունենալուն համար:
– ՀՄԸՄ-ի պասքեթի երեք խաղացողներ՝ Յովիկ Քլզի, Պետիկ Մահսերէճեան եւ Պետիկ Սարաֆեան, իսկ ՀԵԸ-էն Մինաս Թաշճեան Կիրակի օր մեկնեցան Դամասկոս՝ միանալու Սուրիոյ Երիտասարդական Հաւաքականի ուսումնամարզական հաւաքի փորձերուն:
– Դամասկոսի Ուահտէ ակումբը Իյատ Ապտուլ Քարիմը նշանակեց ֆութպոլի խումբի մարզիչ: Իյատ նախապէս կը մարզէր Լիբանանի Աահըտ խումբը եւ վերջերս այդ խումբին հետ տիրացած էր Ասիոյ ակումբներու ախոյեանութեան:
– Սուրիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան հինգերորդ փուլի աւարտին, Լաթաքիոյ Հըթթին խումբը, որուն մաս կը կազմէ հայազգի խաղացող Մարտիկ Մարտիկեան, 13 կէտով կը գլխաւորէ աղիւսակին առաջին դիրքը, անոր կը յաջորդեն Թըշրին, Ուահտէ, Ուասպէ եւ Իթթիհատ խումբերը, իւրաքանչիւրը 10 կէտի տարբերութեամբ:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ 
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆԸ ՈՒՆԵՑԱՒ ԻՐ ՆՈՐ ՄԱՐԶԻՉԸ 
7 Նոյեմբերին Հայաստանի Ֆութպոլի Դաշնութեան գրասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Ֆութպոլի Դաշնութեան գործադիր կոմիտէի արտակարգ նիստը: Ըստ դաշնութեան պաշտօնական կայքին, օրակարգի միակ կէտն էր հաւաքականի մարզիչին նշանակումը: Նիստի աւարտին Աբրահամ Խաշմանեան նշանակուեցաւ երկիրի առաջին հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ: Աւելցնենք, որ նիստին ներկայ էին ՀՖԴ գործադիր անդամներէն 13-ը, որոնք միաձայն քուէարկեցին Աբրահամ Խաշմանեանի Հայաստանի ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչի նշանակման ի նպաստ:
Կիրակի օր, Խուշամեան գործի լծուելով յայտարարեց անուանացանկը այն խաղացողներուն, որոնք մաս պիտի կազմեն հաւաքականի առաջին ուսումնամարզական հաւաքին, նախքան հաւաքականի պաշտօնական մրցումները:
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԷՆ ՉՈՐՍ ՄԱՐՄՆԱՄԱՐԶԻԿ ՊԻՏԻ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԱՇԽԱՐՀԻ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԵԱՆ
 Հայաստանի Ազգային Ողոմպիական Կոմիտէի մամլոյ ծառայութեան հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Յակոբ Սերոբեան յայտնեց, որ Գերմանիոյ Կոթպուս քաղաքին մէջ 21-24 Նոյեմբերին տեղի ունենալիք մարմնամարզութեան աշխարհի բաժակի խաղարկութեան Հայաստանի հաւաքականը հանդէս պիտի գայ 4 մարզիկով: Սոյն մրցաշարքին Յարութիւն Մերթինեան պիտի մասնակցի նժոյգի թափեր վարժութեան, Վահագն Դաւթեանն ու Արթուր Աւետիսեանը՝ օղակներու, իսկ Արթուր Դաւթեանը՝ նժոյգի թափերու, յենացատկի եւ պտտաձողի մրցումներուն: Կոթպուսի մրցաշարքը վարկանշային է: Հայ մարզիկները պարտաւոր են այս մրցումներուն գրաւել առաջին դիրքը, որպէսզի շարունակեն 2020 թուականի ողոմպիական խաղերու ուղեգիր ստանալու պայքարը: Յիշենք, որ Արթուր Դաւթեան արդէն ձեռք բերած է Թոքիոյ 2020-ի ուղեգիրը:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ 
ՄՈՐԻՆԻՕ ԿՐՆԱՅ ԳԼԽԱՒՈՐԵԼ ՊԱՅԵՐՆ ՄԻՒՆԻԽԸ
 Փորթուկալցի ֆութպոլի մասնագէտ Ժոզէ Մորինիօն կրնայ ստանձնել Գերմանիոյ բազմակի ախոյեան Պայերն Միւնիխի մարզիչի պաշտօնը: Ըստ La Gazzetta Dello Sport-ի թղթակից Նիկոլ Սկիրուի, Մորինիօ արդէն լուրջ բանակցութիւններու մէջ է գերմանական ակումբի վարչակազմին հետ, եւ կը փափաքի պայմանագիրը երկարաձագել մինչեւ 2022 տարեշրջանի աւարտը:
Աւելցնենք, որ փորթուկալցին 2018 թուականին հեռացաւ Անգլիոյ Մանչեսթըր Իւնայթըտի գլխաւոր մարզիչի պաշտօնէն եւ մինչեւ օրս ան աշխատանք չունի:
ՄՊԱՓԷ ՓԱՓԱՔ ՉՈՒՆԻ ԵՐԿԱՐԱՁԳԵԼՈՒ ՊԱՅՄԱՆԱԳԻՐԸ 
Աշխարհի ախոյեան, Ֆրանսայի հաւաքականի եւ Փարիզ Սան Ժերմանի յարձակողական խաղացող Կիլիան Մպափէ հետաքրքրուած չէ ՓՍԺ-ի հետ նոր պայմանագիր կնքելով: L’Equipe-ը յայտնեց, որ Ֆրանսայի ախոյեան ՓՍԺ-ի ղեկավարութիւնը մեծ հարցի առջեւ է, որովհետեւ Մպափէ փափաք չունի մնալու ֆրանսական խումբին հետ, իսկ ակումբը կարողութիւն չունի աշխատավարձքը բարձրացնելու: Ըստ փոխանցուած տեղեկութիւններուն, ակումբի վարչակազմը Նէյմարին տարեկան կը վճառէ 33 միլիոն տոլար եւ այդ պատճառով կարողութիւն չունի Մպափէն գոհացնելու աւելի բարձր աշխատավարձքով:
Պատրաստեց
Ռաֆֆի Սիւլահեան