«Ապառաժ».-18 Նոյեմբերին, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան եւ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ, Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի փոխնախագահ Վահրամ Բալայեան հանդիպումներ ունեցած են  2020-ին Արցախի մէջ տեղի ունենալիք ընտրութիւններուն նախագահի հաւանական թեկնածուներ Վիտալի Բալասանեանի եւ Ռուսլան Իսրայէլեանին հետ:

Մեկնաբանելով կատարուած հանդիպումները, Դաւիթ Իշխանեան «Ապառաժ»ի հետ զրոյցի ընթացքին յայտնած է, որ Արցախի մէջ գրանցուած 20-էն աւելի կուսակցութիւններէն 15-ին հետ հանդիպումներէն վերջ սկսած է միասնական օրակարգի եւ համաձայնուած թեկնածուի շուրջ հանդիպումներու երկրորդ փուլը: Անոր խօսքին համաձայն, բանակցութիւններու երկրորդ փուլի ընթացքին պիտի հանդիպին Արցախի Հանրապետութեան նախագահի 5 հաւանական թեկնածուներուն հետ:

«Հանդիպումներուն ընթացքին նախ միտքեր  փոխանակուած են ՀՅԴ-ի առաջարկած միասնական օրակարգին շուրջ ստեղծուած համախոհութիւնը տրամաբանական եզրայանգումի հասցնելու գործընթացի ուղղութեամբ: ԱՀ նախագահի հաւանական թեկնածուներուն հետ քննարկուած է արդեօ՞ք անոնք մատչելի կը համարեն համաձայնուած թեկնածու դառնալու հաւանականութիւնը, կարելի՞ է արդեօք միաւորումը այլ թեկնածուի շուրջ եւ հաւանական կը համարե՞ն արդեօք համախմբումը ՀՅԴ-ի կողմէ առաջարկուած թեկնածուի շուրջ», ըսած է Դաւիթ Իշխանեան:

Ըստ Դ. Իշխանեանի, հանդիպումները ընթացած են անկեղծ, անկաշկանդ եւ փոխըմբռնման մթնոլորտի մէջ:

Աւելցնենք, որ Վիտալի Բալասանեանի հետ հանդիպման ներկայ էին նաեւ Արդարութիւն Կուսակցութեան, իսկ Ռուսլան Իսրայէլեանին հետ հանդիպումին` Անկախութեան Սերունդ Կուսակցութեան ներկայացուցիչները: