«Ուստի ամէն ինչ, որ կ’ուզէք որ մարդիկ ձեզի ընեն, դուք ալ անոնց այդպէս ըրէք, քանզի այս է օրէնքը ու մարգարէները»։ Մատթ7։12
Հոգեբանական լուրջ միտք մը կայ այս խօսքին մէջ, որ արտասա-նուած է Մատթէոս աւետարանիչին կողմէ։ Արդարեւ, մեկնելով նման գաղափարէ, Հայ Աւետ. Բեթէլ եկեղեցւոյ Զոյգերու Յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ, Կիրակի, 17 Նոյեմբեր 2019-ին, Բեթէլ եկեղեցւոյ «Շիրաճեան» սրահէն ներս հոգեբանական հարցերու խորհրդատու տիկին Լանա Պոյնարեան-Մալաքեանի ներկայացումով «Զգացական Իմացութիւն» խորագիրով դասախօսութիւն-զրոյց մը տեղի ունեցաւ։
Դասախօսութիւնը սկսաւ տիկին Սեւան Տէր Սահակեանի բարի գալուստի խօսքով, ապա դասախօսին կենսագրականին ներկայացումով, որմէ ետք Լանա Պոյնարեան_ Մալաքեան նիւթին մատուցումը սկսաւ ձեռային աշխատանքով մը: Այդ աշխատանքին մէջ ներդրուեցաւ ե՛ւ միտք, ե՛ւ զգացում։ Լայնածաւալ բնոյթ ունեցող այս նիւթը դասախօսը մատչելի եւ բաժանմունքային դասաւորումով առաւել եւս հասկընալի եւ հետաքրքրական դարձուցած էր ունկնդիրին համար։ Աժմէական օրինակներով, մասնագիտական վերլուծումներով եւ զրուցային մաշտապով դասախօսութիւնը հասաւ իր աւարտին։
Այնուհետեւ համայնքապետ Վեր. Յարութիւն Սելիմեան գնահատեց տիկին Լանան իր շահեկան դասախօսութեան համար, ապա յայտնեց, որ մենք ամէն օր դէմ առ դէմ կու գանք զգացական իմացութեամբ հասկնալու, ըմբռնելու եւ կամ արտայայտելու շատ մը վիճակներ, որոնք մեզ ընդհանրապէս կ’առաջնորդեն դէպի ընկերային իմացութիւն։
Հուսկ, համայնքապետ վերապատուելին աղօթքով փակեց դասախօսական հաւաքը։
Հուրինա