ՏԵՂԱԿԱՆ
ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ
-Համաշխարհային Ֆութպոլի 2022 եւ Ասիոյ ախոյեանութեան 2023-ի զուգահեռ զտման մրցումներու շրջագիծին մէջ, Սուրիոյ հաւաքականը 2-1 արդիւնքով յաջողեցաւ պարտութեան մատնել Չինաստանի կազմը: Սոյն մրցումներուն, Սուրիոյ հաւաքականը կրցաւ յաղթական աւարտել երթի բոլոր խաղերը, ապահովելով 12 կէտ, արձանագրելով 100% յաջողութիւն: Աւելցնենք, որ մրցումէն ետք Չինաստանի հաւաքականի նշանաւոր մարզիչ իտալացի Մայչելլօ Լիփփին հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն:
-Տուպայի մէջ կայացած բարեկամական մրցաշարքին, Սուրիոյ ֆութպոլի ողիմպիական հաւաքականը արձանագրեց երկու պարտութիւն եւ մէկ յաղթանակ: Կազմը 2-1 արդիւնքով զիջեցաւ Արաբական Էմիրութիւններու խումբին, որմէ ետք 1-0 արդիւնքով դարձեալ կրեց պարտութիւն մը, այս անգամ՝ Իրաքէն: Սուրիոյ հաւաքականը միակ յաղթանակը տարաւ Յորդանանին դէմ՝ 1-0 արդիւնքով:
-Սուրիոյ պասքեթի հանրապետական տղոց բաժակի մրցումներուն, Իթթիհատի խումբը 81- 68 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Հոմսէն ժամանած Ուասպէին, իսկ Ճալաա Դամասկոոսի մէջ 72 – 68 արդիւնքով յաղթեց Ուահտէին:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆԸ ՊԱՐՏՈՒԹԻՒՆ ԿՐԵՑ ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆԷՆ
Եւրօ-2020-ի ընտրական մրցաշարքի նախավերջին փուլին, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը 0-1 արդիւնքով պարտուեցաւ Յունաստանի կազմէն: Երեւանի Վազգէն Սարգիսեանի անուան Հանրապետական մարզադաշտին մէջ կայացած հանդիպումին միակ կոլը արձանագրուեցաւ 35-րդ վայրկեանին Տիմիթրիս Լիմնիոսի կողմէ: Ասիկա Հայաստանի հաւաքականին առաջին մրցումն էր՝ նորանշանակ գլխաւոր մարզիչ Աբրահամ Խաշմանեանի գլխաւորությամբ:
ԱՐԹՈՒՐ ԱԼԵՔՍԱՆԵԱՆ՝ ԻՒՆԻՍԷՖ-Ի ԱԶԳԱՅԻՆ ԴԵՍՊԱՆ
Ողիմպիական ախոյեան, աշխարհի եռակի, Եւրոպայի քառակի ախոյեան յունահռոմէական ոճի ըմբիշ Արթուր Ալեքսանեան նշանակուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան ԻՒՆԻՍԷՖ-ի ազգային դեսպան: Պաշտօնական արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Շաբաթ 16 Նոյեմբերին:
Արդէն աւելի քան կէս դար է, որ ԻՒՆԻՍէՖ-ի դեսպանները աշխարհի տարածքին կ’օգնեն երեխաներուն եւ կիներուն պաշտպանելու իրենց իրաւունքները որպէսզի ապրին աւելի բարեկեցիկ կեանք մը:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
ՎԻՏԱԼԸ Կ’ՈՒԶԷ ՎԵՐԱԴԱՌՆԱԼ ԻՒՎԵՆԹՈՒՍ 
Պարսելոնայի կիսապաշտպան Արթուրօ Վիտալ կ’ուզէ յառաջիկայ շրջանին վերադառնալ Իտալիոյ բազմակի ախոյեան Իւվէնթուսի կազմ: Ըստ Calciomercato-ի տեղեկութիւններուն, 32-տարեկան ֆութպոլիստը փափաք ունի վերադառնալու Ա. կարգի ախոյեանութեան շարքերը, բայց իտալական ակումբի վարչակազմը ներկայիս չի մտածեր վերադարձնել Վիտալը: Մինչդեռ իտալական այլ ակումբի՝ Ինթէրի գլխաւոր մարզիչ Անթոնիօ Քանթէ, որ նախապէս մարզած է Իւվէնթուսը եւ Վիտալը, ամառնային փոխադրաշրջանին բանակցութիւններ պիտի վարէ չիլիցի խաղացողին հետ:
ՀՈՒՆԳԱՐԻՈՅ ՄԷՋ ԿԱՏԱՐՈՒԵՑԱՒ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ԱՄԷՆԷՆ ՄԵԾ ԴԱՇՏԻՆ ԲԱՑՈՒՄԸ
Անցեալ շաբթուան աւարտին Հունգարիոյ մայրաքաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ բացումը Եւրոպայի Ամէնէն մեծ դաշտին, որ կը կրէր երկիրի լաւագոյն խաղացող Պոշքաշի անունը: Այս մարզադաշտին մէջ տեղի պիտի ունենան Եւրօ 2020-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումները: Աւելցնենք, որ սոյն դաշտը կը համարուի Պուտափեստի երկրորդ բարձր կառոյցը՝ 52 մեթր բարձրութեամբ: Պոշքաշի դաշտը նախապէս ճանչցուած էր «Ժողովրդային դաշտ» անունով եւ հիմնուած է 1953-ին: Դաշտը 2016-ին փլեցին եւ անոր վերաշինութեան աշխատանքները աւարտեցան ամիսներ առաջ: 68 հազար հանդիսատես հիւրընկալող դաշտին շինարարութեան համար տրամադրուեցաւ 610 միլիոն եւրօ: Ան դարձաւ Եւրոպայի ամէնէն սուղ մարզադաշտը:
Պատրաստեց
Ռաֆֆի Սիւլահեան