ԹԱՍՍ գործակալութիւնը կը յայտնէ, որ Թուրքիա եւ Ռուսիա համաձայնած են յառաջիկայ օրերուն Սուրիոյ մէջ դիտորդական կէտեր հաստատելու շուրջ:
Կայքը կը տեղեկացնէ, որ այդպիսի յայտարարութեամբ հանդէս եկած է Թուրքիոյ ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար «Al Jazeera»-ին տուած հարցազրոյցին:
«Մենք կը շարունակենք ջանքեր գործադրել զինադադարի ամբողջական վարչակարգի հաստատման համար, որպէսզի շրջաններու մէջ մարդիկ կարենան իրենց բնականոն կեանքին վերադառնալ: Այդ առնչութեամբ մենք Ռուսիոյ հետ համապատասխան աշխատանք կ’իրականացնենք որոշակի շրջաններուն մէջ գործընթացը համակարգելու համար: Ռուսիոյ հետ կը քննարկենք քանի մը դիտորդական կէտեր հաստատելու հարցը: Յառաջիկայ օրերուն որոշակի յստակեցումներ պիտի ըլլան այդ ուղղութեամբ», յայտնած է ան: