Այնքան կը տքնինք, այնքան կը յոխորտանք ունենալու համար երկրի ղեկավարման ժողովրդավարական համակարգ մը վերջապէս: Կը ձգտինք անոր, կը հաւատանք ալ, բայց առաջին իսկ փորձութեան դիմաց ցոյց կու տանք, որ տակաւին շա՜տ հեռու ենք ժողովրդավարութիւն կոչուած մշակոյթէն….
Այո՛, մշակոյթէն: Ժողովրդավարութիւնը օրէնքներ հաստատելուն կողքին, ղեկավարելու, գործելու, վերաբերմունքի մշակոյթ է: Այսինքն՝ կիրթ մտքի եւ մաքուր սրտի ստեղծած քաղաքականութիւն: Ո՞ւր փնտռել սակայն այդ միտքն ու սիրտը…
Անցնող օրերուն հետեւեցանք ՀՀ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարին Հայաստանի ուսումնական բարձրագոյն հաստատութիւններուն մէջ «Հայոց լեզու եւ հայ գրականութիւն» եւ «Հայոց պատմութիւն» նիւթերու դասաւանդութիւնը պարտադիր չհամարելու որոշումին շուրջ եղած քըննարկումներուն եւ բողոքի ալիքին: Համոզուեցանք որ, այո՛, տակաւին շա՜տ հեռու ենք ժողովրդավարութեան մշակոյթէն:
 Օրինակ կը վերցնենք յառաջադէմ երկիրներու համալսարանները, մոռնալով որ այդ երկիրները իրենց լեզուն եւ մշակոյթը երկրի սահմաններէն դուրս հանելու, միջազգայնացնելու մակարդակ նուաճած են, հիմնելով, օրինակ, ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութիւն, այդ երկիրներուն մէջ իսկ ուսուցանել տալով իրենց լեզուն ու մշակոյթը: Իսկ մե՞նք… փոքրաթիւ մեր ազգին սահմաններուն մէջ իսկ լեզու, պատմութիւն եւ մշակոյթ պահելու քաղաքականութիւն չունինք:
Ժողովրդավարութիւն կը քարոզենք, յառաջադէմ երկիրներու վայել ժողովրդավարութիւն, սակայն ձեւականութեան սահմաններէն քայլ մը անդին չենք անցնիր: Հաւատքով տոգորուած, ազգային պետականութեան տեսլականին կառչած երիտասարդ ցուցարարները կը նսեմացնենք՝ ԱՆԴԱՍՏԻԱՐԱԿՆԵՐ անուանելով զիրենք:
Ինչպէ՞ս կը համարձակին բողոքել, ընդդիմանալ, հրաժարական պահանջել… Լսուա՞ծ բան է ասիկա: Ընդդիմութիւն-մընդդիմութի՞ւն ինչ ըսել է: Սա ժողովրդավարութիւն կոչուածը ժամանակի կը կարօտի չէ՞, մինչեւ իշխանութիւնները ճկունութիւն ձեռք բերեն այլ կարծիք լսելու, ընդունելու, քննարկելու, քննարկողներուն արտայայտուելու առիթը չխլելու…: Այլապէս, քաւ լիցի, ինչո՞ւ անդաստիարակ պիտի կոչէին երիտասարդ ցուցարարները, ինչո՞ւ պիտի կրկնէին հիները մերժելու եւ «Ձեր կուսակցութիւնը նախորդ իշխանութիւններու լծակիցն էր, դուք գացէք այդ տարիներու էջերը բացէք…» ժանգոտած սկաւառակին յանկերգը, Թումանեանի բանաստեղծական տողե՞րը յիշելու.
«Էս էն կատուն է, 
որ բռնել է էն մկանը, 
որ կերել է էն ցորենը, 
որ պահած է էն տանը, 
որ շինել է վարպետ Օհանը…» :
Հարցերու լուծումէն փախուստ տալով վարպետ Օհանին երգը երգելու նախարարին այս ոճը պարտազանց հոսանքի մը քարոզչութեան ազդեցութիւնն է: Եթէ պատմութիւն կարդալու վարժութիւն չունին մարդիկ, մէկէն իմէկ ժողովրդավա՞ր պիտի դառնան: Ո՞ւր լսուած է ասիկա:
«Ահազանգ»…
«Էս էն կատուն է, 
որ բռնել է էն մկանը, 
որ կերել է էն ցորենը, 
որ պահած է էն տանը, 
որ շինել է վարպետ Օհանը…»:
Դեղին քարտ՝ քաղաքապետարանին…
«Էս էն կատուն է, 
որ բռնել է էն մկանը, 
որ կերել է էն ցորենը, 
որ պահած է էն տանը, 
որ շինել է վարպետ Օհանը…» :
Նախարարի հրաժարական…
«Էս էն կատուն է, 
որ բռնել է էն մկանը, 
որ կերել է էն ցորենը, 
որ պահած է էն տանը, 
որ շինել է վարպետ Օհանը…» :
Ու այս բոլորով իրավիճակ պիտի փոխուի ու պիտի կառուցուին ժողովրդավարութեան խարխուլ սիւները, որպէսզի ժողովուրդը քիչ մըն ալ անդունդ գլտորի:
Փշակն