«Էրմէնիհապէր».-Թուրքիոյ արդարադատութեան նախարարութիւնը թոյլատրած է Տիարպեքիրի փաստաբանական պալատի նախկին նախագահի եւ գործադիր խորհուրդի անդամներուն դէմ հետաքննութիւն սկսիլ:

Պատճառը 24 Ապրիլ 2018-ի առիթով պալատի հրապարակած յայտարարութիւնն է: Կազմակերպութեան նախկին նախագահ Ահմետ Օզմենին եւ ղեկավար խորհուրդի 10 անդամի մեղադրանք առաջադրուած է քրէական օրէնսգիրքի 301-րդ յօդուածի յատկանիշներով` մասնաւորապէս «ժողովուրդին հրապարակայնօրէն ատելութեան եւ թշնամութեան հրահրելու, Թուրքիոյ ազգային մեծ ժողովը նսեմացնելու» կէտով:

Տիարպեքիրի իրաւաբանական ընկերակցութեան` 24 Ապրիլ 2018-ին «Կը բաժնեկցինք հայ ժողովուրդին չապաքինուող մեծ ցաւը» խորագիրով յայտարարութեան մէջ յայտնուած էր.

«Ժամանակին պատասխանատուները, նախ հայ մտաւորականներն ու առաջնորդները ոչնչացնելով, իսկ յետոյ «աքսորի մասին օրէնքի» անուան տակ զինուորական ստորաբաժանումներու եւ Հետախուզական կառոյցի` Teşkilatı Mahsusa (Յատուկ կազմակերպութիւն) միջոցով մէկ միլիոնէն աւելի քաղաքացի դէպի Սուրիոյ սահմաններ մահուան տանելով, դաժան քաղաքականութիւն  վարած են:

Տառապանքը այնքան մեծ  եղած է, որ ՄԱԿ-ի Ցեղասպանութեան մասին ժողովին «Ցեղասպանութիւն» եզրոյթը ստեղծած են հայ ժողովուրդի հանդէպ կատարուածէն ոգեշնչուած: Սթանպուլի, Տիարպեքիրի, Վանի եւ Անատոլիոյ  շարք մը քաղաքաներուն մէջ, ուր հայեր  ապրած են, կոտորածի, աքսորի եւ տեղահանութեան առաջացուցած աւերածութիւնը եւ խոր ցաւը թարմ կը  մնայ: Յարգանքով կ’ոգեկոչենք ցեղասպանութեան ընթացքին զոհուած քաղաքացիական անձերը եւ անմեղ բոլոր հայերը»: