Հայկական մեր իրականութեան մէջ յաճախ կը քննարկուին հարցեր, կ’ըլլան ախտաճանաչումներ, կ’առաջարկուին լուծումներ, սակայն այդ լուծումները կամ կ’անտեսուին, կամ կ’ուշանան, կամ ալ փապուղի կը մտնեն՝ կրկնուելով, բայց խուլ ձեւացողներու նեղ-անձնական շահերուն հետ բախելով յաճախ:
Սփիւռքահայ թէ հայրենի հասարակական կեանքի մէջ կտրուած ճամբան պէտք է մեզի սորվեցուցած ըլլար աւելին պահանջել մենք մեզմէ։ Եթէ մեր օգտակարութիւնը պիտի ըլլար մի-միայն այժմեան կացութիւնները քննարկելն ու առանց վճռականութիւն ցուցաբերելու հարցերը անլոյծ ձգելը, նախընտրելի էր, որ մենք մեզ չյոգնեցնէինք անպտուղ ախտաճանաչումներու ժամավաճառութեամբ:
Անլուծելի հարցեր գոյութիւն չունին, լուծումներու տարբերակները միշտ ալ կը հնչեն տարբեր կողմերէ, տարբեր չափանիշներով, սակայն ապարդիւն կը մնան երբեմն, երբ պաշտօնի վրայ կամ իշխանութեան մէջ գտնուող անձիք չեն տագնապիր, իրավիճակներու բարեփոխման համար յանդուգն քայլերու չեն դիմեր եւ երբեմն իրենց նեղ շահերը արգելք կը հանդիսանան պարզ ու յստակ լուծումներու ձեռնարկելու: Ոմանք երբեմն կը սկսին լուծման տարբերակներու անպատեհութիւնները հաշուել ու այնքան բազմացնել, որ ապարդիւն համարուի այդ լուծումն ու հարցը մնայ հարց, օրակարգ, կրկնուող անլուծելի տագնապ:
Հարցը հարց պահե՞լն է այսպիսիներուն գոյութեան երաշխիքը, լուծումները բոլորին պէտք է յարմարի՞ն, որպէսզի լուծում համարուին, թէ հանրութեան շահերուն ծառայելու իրենց որակով պէտք է գնահատուին, պիտի հարցուի իրաւացիօրէն:
Օրինակներով խօսինք.-
Հայերէնագիտութեան նահանջին մասին կը խօսինք յաճախ, բայց այնքան բա՞րդ աշխատանք է մարդուժ պատրաստելը, ծրագիր մշակելը, լեզուն, գրականութիւնն ու մամուլը սիրցնելը, գրական, մշակութային թէ գիտական ոլորտներու մէջ հայերէնով ստեղծագործողները քաջալերելը:
Մշակոյթի աղաւաղման մասին կը խօսինք, բայց չունի՞նք մասնագէտներ, նոյնիսկ երիտասարդ ուժեր, որոնց հոգատարութիւն ցուցաբերելով, գործի անկաշկանդ դաշտ ու պիւտճէ յատկացնելով կը յաջողինք պահպանել մերը՝ ազգայինը, ու քայլ պահել աշխարհի երեսին տեղի ունեցող բարեշրջումներուն հետ:
Ըստ երեւոյթի գոյութիւն ունի այլ տագնապ մը, անձնական կամ հատուածական շահերէ վեր բարձրացող ու հանրային շահը հետապնդող պատասխանատուներու չգոյութեան տագնապ:
Այս տագնապն է գլխաւոր հարցը, որ կը դանդաղեցնէ հաւաքականութեան մը, ազգի մը յառաջընթացը, եւ ոչ թէ հարցերը անլուծելի համարելու յանկերգը:
Նոյն երեւոյթին կը հանդիպինք այս օրերուն հայրենիքի մէջ:
Ընդամէնը բուհերուն մէջ հայոց լեզուի եւ պատմութեան դասաւանդումը պարտադիր դարձնել-չդարձնելու հարցը դժուա՞ր էր քննարկել հոյլ մը տագնապող երիտասարդներու հետ ու երկխօսութեան ճամբով լուծումներ որոնելը: Որքա՞ն սիրաշահած պիտի ըլլար նախարարը երիտասարդ տարրը, եթէ յարգեր ու ականջ տար անոնց ըսելիքներուն, երկխօսութեան դրական մթնոլորտ մը ստեղծելով օրինակ ծառայէր բոլորին:
Դիւրաւ պիտի իրականանար այլազան ոլորտներու մէջ բարեփոխումներ մուծելու, նոր գործելաոճ կիրարկելու իշխանութիւններու մարտավարութիւնը, եթէ մեր քաղաքական մշակոյթին մէջ կառուցողական երկխօսութեան դրական մթնոլորտ ստեղծուէր, փոխանակ ամէն քայլափոխի ցեխարձակումներով, վարկաբեկումներով եւ չիկ-չակներով հարցերը շրջանցելու:
Մեր ժողովուրդը հատուածական նեղ հաշիւներէ վեր պահելու, անոր յառաջընթացը ապահովելու համար երբեմն պարզապէս երկխօսութեան տրամաբանութեամբ առաջնորդուելու են ղեկավար դէմքեր, ըստայնմ միայն կարելի է հարցերը լուծման առաջնորդել:
«Գ.»