«Հորիզոն».-7 Դեկտեմբեր, 2019-ին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ՝ Իշխան Սաղաթէլեան հանդիպեցաւ Քանատայի Տնտեսական զարգացման նախարարուհի Մելանի Ժոլիի հետ։
Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան Քանատա-Հայաստան տնտեսական փոխզարգացման հեռանկարները եւ յատկապէս Հայաստանի մէջ խօսքի ազատութեան ըմբռնման ժողովրդավարական յստակ ուղեծիրի հայեացքները։
Հանդիպումին մասնակցած էին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Րաֆֆի Տօնապետեան, ՀՅԴ Քանատայի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Մհեր Գարագաշեան եւ Քանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբի ատենապետ Հրակ Տարագճեան եւ Քեպէքի Հայ Դատի Յանձնախումբի ներկայացուցիչ Արփի Պալիոզեան։