«Ատրպէյճանաղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացը պէտք է հիմնուած ըլլայ Արցախի ժողովուրդին կողմէ իր ինքնորոշման անքակտելի իրաւունքին ճանաչման վրայ: Բանակցային գործընթացին մէջ իսկական յառաջընթացի հասնելու համար անհրաժեշտ է վերականգնել 1994-ի ԵԱՀԿ Փուգափեստի գագաթնաժողովի եզրափակիչ փաստաթուղթին մէջ ամրագրուած բանակցութիւններու եռակողմ ձեւաչափը՝ գործընթացի բոլոր փուլերուն Արցախի Հանրապետութեան ուղղակի մասնակցութեամբ՝ որպէս հակամարտութեան լիիրաւ կողմ»,- «168 Ժամ»ին հետ բացառիկ զրոյցին ընթացքին ըսած է ԱՀ ԱԳ նախարար Մասիս Մայիլեան՝ պատասխանելով այն հարցումին, թէ հայկական կողմերը ինչպիսի՞ քայլերու հերթականութեամբ կը պատկերացնեն Արցախեան հիմնահարցին կարգաւորումը:

Նախարարը ըսած է, որ գործընթացին մէջ միայն Արցախի լիարժէք ներգրաւուածութեան պարագային կարելի կը դառնայ իսկական յառաջընթաց ապահովել։
«Այդ մասին կը վկայեն Արցախի Հանրապետութեան և Ատրպէյճանի միջեւ ուղիղ շփումներու հետեւանքով շուրջ տասը երկկողմ համաձայնութիւններու ձեռքբերումը՝ ռազմական գործողութիւններու սահմանափակման, ժամանակաւոր զինադադարի կամ անոր երկարաձգման մասին, որոնք և ճամբայ հարթեցին 12 Մայիս 1994-ին՝ զինադադարի մասին, 27 Յուլիսին՝ զինադադարի անժամկէտ բնոյթը հաստատելու մասին, և 6 Փետրուար 1995-ին՝ զինադադարի ամրապնդման մասին եռակողմ համաձայնագրերու ձեռքբերման համար։ Առանցքային նշանակութիւն ունի նաև խաղաղ կարգաւորման գործընթացի անշրջելիութեան ապահովումը, այդ կարգին՝ շփման գիծին վրայ զինադադարի միջազգային վերահսկումի մեքանիզմներու ներդրման և ԵԱՀԿ Գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի գրասենեակի և դիտարկման կարողութիւններու աւելացման մասին Վիեննայի (16 Մայիսի 2016) եւ Սանկթ-Փետերսպուրկի (20 Յունիս 2016) ձեռքբերուած համաձայնութիւններուն իրագործման միջոցով»,- յայտնած է Մասիս Մայիլեան: