Համաստեղի «Գիւղը» պատմուածքներու հատորը ճշմարտացի ներկայացումն է գիւղական կեանքին եւ գիւղացիին՝ իր առաքինութիւններով, շնորհքներով, արժէքներով, նաեւ նեղմիտ մտայնութեամբ:
Համաստեղ կը պատկանի յետեղեռնեան, սփիւռքահայ գրագէտներու փաղանգին: Ան իր գրութիւններուն մէջ հետեւողականօրէն զարգացող գիւղական մթնոլորտ մը կը ստեղծէ ու հայրենի գիւղին ամբողջական պատկերը կ’ուրուագծէ:
Ընթերցողը լաւապէս կ’ըմբռնէ գիւղական կեանքին զանազան երեսները՝ բարքերը, մտայնութիւնները եւ մարդկային յարաբերութիւնները: Խարբերդցի արձակագիրը իր տողերուն մէջ Փերչենճ գիւղի բարբառը կ’անմահացնէ: Իր գրիչին շունչով կը վերակենդանացնէ գիւղացիին թաքուն խռովքը:
Թէեւ հատորին մէջ մեծ տեղ յատկացուած է տիպարներու նկարագրային յատկութիւններուն, կենցաղային հարցերուն, հոգեբանական վիճակներուն, միեւնոյն ատեն սակայն, ընթերցողի տեսադաշտին դիմաց կը բացուին գեղանկարչական ճաշակով պատկերուած դաշտերը, արօրին աշխատանքը, ջրտուքը, ոսկեայ ցորեաններուն վէտ-վէտ ալիքները, հոս-հոն նետուած կոճղերը, ծանր ու դանդաղ գոմէշները, ծառաստաններու շուքին տակ խժացող հորթերը, ուղտերու կարաւանները, նաշխուն խեցիով կրիաները եւ այլն:
Հեղինակը մեծ կարեւորութիւն կու տայ հերոսներուն հողին ու ջուրին հետ ունեցած հոգեկան կապին: Իր հերոսները խեղճուկ արտաքինով, տքնաջանօրէն աշխատող ու պարկեշտ տիպարներ են, ինչպէս՝ առուի եզերքին քնացած ջրուորը, արտին նուիրուած «Տափան Մարգար»ը, Այգեստանը հսկող Կար Ամուն, որբեւայրի, աւելը ձեռքին աշխատող Մնուշը, խուլ սակայն լուռ գործող «Փիլիկ Աղբար»ը:
«Գիւղը» պատմուածքներու շարքին մէջ հեղինակը գեղջուկներուն կենցաղը իրապաշտօրէն ներկայացնելով, անոնց կը միաձուլէ իր մանկութեան քաղցր յուշերը՝ «Երնէկ Այն Օրերուն», «Նապաստակի Մը Օրագիրը», «Հին Օրերուն»: Երազային մթնոլորտ մը կը հիւսէ «Աստղկան Սայլը» պատմուածքով: Հայրենի բնաշխարհին գեղեցկութիւնը, հայ ժողովուրդին ազգային նկարագիրը, գիւղացիին տխուր ճակատագիրը կ’արտադրէ «Միջօ», «Փիլիկ Աղբար» եւ «Վարդան» պատմուածքներուն մէջ:
Գիւղագիրը անհուն սէր, գորով ու պաշտամունք կը տածէ հայրենի հողին եւ գիւղացիին հանդէպ: Սփիւռքահայ գրականութեան ածուին մէջ հանդէս եկած նոր «Թլկատենցի» մը կը սեպուի Համաստեղ, սակայն նոր ու իւրայատուկ ոճով, պատմողական առինքնող ձեւերով:
Լարա Արթին