Երեքշաբթի, 17 Դեկտեմբեր 2019-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ Միջազգային գործակցութեան ռուսական գործակալութեան նախագահ Էլիանոր Մեթրովանովա յայտած է, որ 2020-ի կիսուն կ’ակնկալուի Դամասկոսի մէջ ռուսական մշակութային կեդրոնի գործունէութեան վերսկսումը:
ՍԱՆԱ վկայակոչելով Մեթրովանովայի Սփութնիք լրատու գործակալութեան հետ ունեցած հարցազրոյցը ըսաւ. «Ռուսիոյ մշակութային կեդրոններէն լաւագոյնը Սուրիա կը գտնուէր: Ներկայիս, կեդրոնի նոր տնօրէն նշանակուեցաւ, իսկ տարեմուտին կը ծրագրենք վերանորոգել կեդրոնը»: