2019-ն յատկանշուեցաւ սուրիական տագնապին վրայ ազդեցութիւն ունեցող արտաքին ուժերու շահերուն բախումով:
Սուրիական պատերազմին շիջումը աւետող տարեմուտէն քանի մը շաբաթ անց, բացասական զարգացումներ գլուխ ցցեցին: ԱՄՆ-ի կողմէ պարտադրուած տնտեսական շրջափակման հետեւանքով սուրիական դրամանիշը նկատառելի անկում կրեց, որուն հետեւանքով ալ աճ արձանագրեցին անգործութեան եւ սղաճի տոկոսները:
Թրքական ուժերուն ներխուժումը Սուրիոյ հիւսիսաեւելեան շրջաններ կրկին տեղահանութեան ենթարկեց շրջանի բնակչութիւնն ու վերաշխուժացուց ահաբեկչական խումբերու գործունէութիւնը:
Միջազգային ընտանիքը ամենայն սառնասրտութեամբ հետեւեցաւ ՄԱԿ-ի եւ միջազգային օրէնքները խախտող Թուրքիոյ ծաւալապաշտ քաղաքականութեան եւ ապօրինի ընթացքին, առանց դոյզն դատապարտում մը հրապարակելու: Սուրիոյ հիւսիսարեւելեան շրջանին մէջ 30 քլմ. խորութեամբ ապահովական գօտի ստեղծելու թուրք-ռուսական համաձայնութեան զգուշութեամբ հետեւեցաւ Սուրիան, հրապարակաւ դատապարտելով զայն եւ սուրիական բանակը երկրին ու անոր ժողովուրդին ապահովութեան միակ երաշխիքը համարելով: Սուրիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը քանիցս հանդէս գալով յայտարարեց, որ Սուրիա ներխուժած բոլոր ուժերը, ուշ կամ կանուխ, դուրս պիտի ելլեն սուրիական տարածքներէն, իսկ սուրիական բանակը պիտի շարունակէ իր կռիւը մինչեւ Սուրիոյ ամբողջական ազատագրումը:
Քրտական գործօնը անհետացնելու Թուրքիոյ նկրտումը, իրականութեան մէջ, թրքական իշխանութիւններուն միակ հեռանկարը չէր ու կարելի չէ հաւատալ այդ թեզին: Թուրքիան ունի սուրիական հողեր գրաւելու եւ այնտեղ իր ազդեցութեան գօտին ընդլայնելու ընդգծուած նպատակներ, որոնց իրականացման պարագային կը վտանգուի Սուրիոյ փոքրամասնութիւններուն, յատկապէս հայութեան ու քրիստոնէութեան գոյութիւնը, միեւնոյն ատեն՝ Սուրիոյ գերիշխանութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը:
Գերպետութիւններուն կռուախնձորը Սուրիոյ հիւսիսարեւելեան շրջանի քարիւղն էր, անկէ առաւելագոյնս օգտուելու նկրտումներուն արդիւնքով օտար ուժեր մուտք գործեցին Սուրիա ու տարբեր պատրուակներով, տարբեր լծակներով պաշարել փորձեցին Սուրիոյ քարիւղի հորերը, որուն հետեւանքով ալ Սուրիոյ բնակչութիւնը վառելանիւթի տագնապ ապրեցաւ ու կը շարունակէ ապրիլ:
Հակառակ այս բոլորին, սուրիական բանակը նկատառելի յառաջխաղացք արձանագրեց, հասնելով մինչեւ Իտլիպի արուարձաններ եւ թոյլ չտալով որ ապահովական գօտիէն մէկ մղոն իսկ դէպի հարաւ թափանցեն թըրքական բռնագրաւեալ ուժերը: Սուրիական դրօշը, երկար տարիներու բացակայութենէն ետք, քրտական ուժեր-սուրիական բանակ համակարգուած ծրագրի մը կենդանացումով ու սուրիական բանակին յառաջխաղացքով, կրկին ծածանեցաւ Սուրիոյ հիւսիարեւելեան շրջաններուն մէջ:
Սուրիոյ տագնապի քաղաքական լուծման նպաստող քայլ մըն էր տարեվերջին Սահմանադրութեան վերանայման յանձնախումբին կազմութիւնը, որուն մաս կազմեցին իշխանամէտ, ընդդիմադիր շրջանակներէ անհատներ եւ անկախ քաղաքացիներ:
Սուրիոյ հիւսիսային շրջանի եւ Հալէպի ապահովական վիճակը կը մնայ անկայուն, իսկ թրքական թափանցումներուն լոյսին տակ՝ առաւել անորոշ:
Միւս կողմէ վճռականօրէն յառաջ կը մղուի երկրի վերակառուցման ծրագիրը՝ համայնքներու եւ պետութեան մակարդակներով: Վարժարաններ, եկեղեցիներ, մզկիթներ, հիւանդանոցներ, զբօսաշրջական կեդրոններ, շուկաներ եւ արդիւնաբերական շրջաններ կը վերանորոգուին ու աստիճանաբար կը զգենուն իրենց երբեմնի աշխուժութիւնը:
Մէկէ աւելի երկիրներ, աւելի քան տասը տարի փակ պահելէ ետք իրենց դեսպանատուները, այս տարի աստիճանաբար կը վերաբանան Սուրիոյ մէջ իրենց դիւանագիտական ներկայացուցչութիւնները:
Սուրիան տնտեսական գործակցութեան եւ վերականգնումի ծրագիրներու համաձայնագիրներ կը ստորագրէ զանազան երկիրներու հետ:
Տնտեսական տագնապը կը մնայ երկրին բնակչութիւնը անել կացութեան մատնող հիմնական ազդակը:
Լիբանանի մէջ ծայր առած ժողովրդային շարժումն ու անոր հետեւանքով յառաջացած տնտեսական սուր տագնապը եւս կու գան իրենց ազդեցութիւնը թողելու Սուրիոյ տնտեսական կեանքին վրայ:
Այս բոլորին լոյսին տակ, տարեմուտին, Սուրիոյ ժողովուրդը իր երկիրն ու անոր տարբեր բաղադրիչները կþուզէ տեսնել միասնական, զերծ ծայրայեղական բոլոր դրսեւորումներէ, քաղաքացիական հասարակութեան վերաձեւաւորումով եւ տնտեսական ու ապահովական տագնապի դիմագրաւման կառավարութեան յստակ ու արդիւնաւէտ ծրագիրներով:
Մաղթենք, որ Նոր Տարին ըլլայ բանակցութիւններու տարի ու վերջ գտնեն զինուորական բոլոր գործողութիւնները, որոնք պիտի երկարաձգեն Սուրիոյ տագնապն ու առիթ հանդիսանան օտար երկիրներու միջամտութեան:
Թող սուրիացի մայրերը չողբան իրենց նահատակ զաւակներուն կորուստը: Թող խաղաղութիւնն ու հաշտութիւնը Սուրիոյ երկնակամարը գունաւորող յոյսի ծիածաններ դառնան ու մեր ժողովուրդը, Սուրիոյ բոլոր նահանգներուն մէջ, Նոր Տարին դիմաւորէ ցնծութեամբ եւ բարեբեր օրերու սպասումով:
Շնորհաւոր Նոր Տարի:
«Գ.»