«Էրմէնիհապեր».-Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցած է Ատրպէյճանի առաջին Հանրապետութեան ներքին գործոց նախարար Պեհպութ Խան Ճիւանշիրի յուշաքարի բացման պաշտօնական արարողութիւնը: Ջիւանշիրը եղած է 1918-ի Պաքուի հայերուն ջարդերուն գլխաւոր կազմակերպիչը:
Ոչ այնքան մարդաշատ բացման արարողութեան ներկայ գտնուած են նաեւ Պոլսոյ Ատրպէյճանի գլխաւոր հիւպատոս Մեսիմ Հաճիյեւ, Պէյօղլուի համայնքապետ Հայտար Ալի Եըլտըզ եւ Սթանպուլի փոխնհանգապետ Համտի Ուսթան:
Հաճիեւ յուշաքարի տեղադրումը կարեւոր համարած է այն յոյսով, որ օրական 2 մլն. զբօսաշրջիկ պիտի տեսնէ ու պիտի իմանայ Ճիւանշիրի մասին:
Յուշաքարը տեղադրուած է Պոլսոյ Պէյօղլու թաղամասի վարը, ուր 18 Յուլիս 1921-ին, հայ վրիժառու Միսաք Թորլաքեան «Նեմեսիս» գործողութեամբ գնդակահարած է Ճիւանշիրը:

Թուրքիոյ պետական լրատուական «Anadolu» գործակալութիւնը կը յայտնէ, որ յուշաքարի տեղադրման օժանադակած են Պոլսոյ մէջ Ատրպէյճանի հիւպատոսարանը, Պոլսոյ քաղաքապետարանը եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը: