Տարեմուտ է: Ամէնուր զետեղուած գեղեցիկ զարդարանքներն ու լոյսերը մեզի կը յուշեն Նոր Տարուան գալուստը:
Որքան ալ անհատին տարիքը յառաջանայ եւ որքան ալ կեանքի պայմանները դժուարանան՝ միշտ ալ բարիին եւ յոյսին ներկայութիւնը կը պարուրեն անոր սիրտն ու հոգին: Լաւագոյնին կը սպասէ ան միշտ, կը ձգտի անոր ու կը մաղթէ այդ բարին եւ լաւագոյնը բոլորին, յատկապէս տօնական օրերու յուզումնախառն պահերուն:
Իսկ ի՞նչ են մեր մաղթանքները… Թէեւ պատերազմի ահն ու սարսափը, մահուան վտանգը մասամբ հեռացած են մեր երկնակամարէն, սակայն տակաւին խաղաղութեան ափ հասնելու համար երկար ուղի պէտք է հարթէ մեր երկիրը:
Գաղթողներուն թիւը նուազած է, մնացողներունը յոյս կը ներշնչէ ու մասամբ հաւասարակշռութիւն մը կը ստեղծէ գաղութի ընդհանուր պատկերին մէջ:
Մաղթանքներու շարան մը կ’երթեւեկէ մտքիս մէջ, ամէնուն լաւագոյնը կ’ուզեմ մաղթել ու շրջապատիս ուրախութեամբ ալ ուրախանալ: Ամանորի եւ Ս. Ծնունդի տօնական օրերուն հիմնական եւ էական խորհուրդը, սակայն, նուիրումն է, կը կարծեմ: Նուիրում աշխատանքի մէջ, նուիրում ընկերային յարաբերութեան ու բարեկամութեան մէջ…:
Այո՛, մենք մնացողներս բազում դժուարութիւններ կրեցինք ու դեռ ապագան յստակ չի պարզուիր մեր դիմաց, բայց մեզմէ իւրաքանչիւրը, իր կարելիութիւններուն համաձայն, դրական ներուժ սփռելու է իր շրջապատին, որպէսզի դիւրաւ հասնինք ցանկալիին, նուիրումով աշխատինք անոր հասնելու համար:
Կրօնական եւ մարդկային առումով նուիրումը վեհագոյն գաղափարն է, որմով ազգեր եւ ժողովուրդներ կ’առաջնորդուին:
Ազգային թէ անձնական, ընկերային, ընտանեկան միջավայրերու մէջ որեւէ աշխատանք յաջողութեամբ կը պսակուի, եթէ զուգորդուած ըլլայ սիրոյ, հաւատքի, հետեւողականութեան եւ նուիրումի նեկտարով:
Քիչ չէ թիւը այն եզակիներուն, որոնք իրենց կեանքն իսկ նուիրած են իրենց նպատակին, իրենց աշխատանքը դարձուցած են կոչում, առաքելութիւն: Այսպիսով յարգանքի արժանացած եւ օրինակ ծառայած են երիտասարդներուն:
Թէ նորահաս սերունդին մէջ որքանով թրծուած է նուիրումի գաղափարը, հարցական կը մնայ այս օրերուն: Կեանքը փոխուած է, ծառայութեան ըմբռնումն ալ՝ իր կարգին:
Երբեմն կը դժգոհինք երիտասարդութեան անտարբերութենէն կամ պարտականութիւն ստանձնելու գիտակցութեան նուազումէն: Բայց պահ մը փորձենք քննութեան ենթարկել մեր տարած աշխատանքները՝ մենք մեզի հարց տալով, թէ որքանո՞վ կրցած ենք լաւ օրինակ ծառայել անոնց:
Քարոզելն ու «Խօսքը առանց գործի մեռեալ է» պատգամելը ապարդիւն կը մնան, եթէ մեզմէ շատեր միութենական կամ ընտանեկան միջավայրի մէջ, այդպիսի քարոզներ հնչեցնելով մէկտեղ, վատ օրինակ դառնան մերթ ընդ մերթ:
Կ’արժէ մտածել ուրեմն նախքան պատգամներ ուղղելը…
Նուիրեալը նախ երեւելի է իր գործով, իր օրինակով: Ու մեր գաղութը որքան ալ թիւով նօսրանայ եւ մարդուժի նուազում ունենայ, որքան ալ ծանր պայմաններ թելադրէ, տակաւին կը տեսնենք նուիրեալներու օրինակելի փաղանգ մը ու կը կրկնենք՝ «Իրաւունք չունինք յուսալքուելու»:
Սերունդներ պիտի հասնին, թռիչք առնեն ու իրե՛նց խօսքով, գործելաձեւով առաջնորդեն մեր ապագայ հաւաքական կեանքը: Ուստի այդ ճամբան հարթ դարձնենք մեր նուիրումի օրինակով, վեր մնալով նիւթի, պաշտօնի, դիրքի գերիները դառնալու ծուղակէն:
Յուսահատելու եւ հրապարակաւ, բացասական արտայայտութիւններով յանդուգն ծրագիրներ կասեցնելու իրաւունք չունինք ուրեմն, որքան ալ դժուար ըլլան մեր երկրին պայմանները: Պայմանները փոփոխական են, դրական լիցքով դիմաւորենք Նոր Տարին ու խրախուսենք աշխատելու պատրաստակամ երիտասարդութիւնը՝ ընթացք տալով անոր թռիչքին:
Լուսին Ապաճեան-ՉիլԱբօշեան