Այսօր՝ 7 Յունուար 2020-ին, Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութին հասաւ Դամասկոս, ուր նախագահ Պաշշար ալ Ասատին ընկերակցութեամբ այցելեց Դամասկոսի ռուսական ուժերու կեդրոնը։
Երկու նախագահները լսեցին Սուրիոյ մէջ գործող ռուսական զինուած ուժերու հրամանատարին զեկոյցը, ապա նախագահ Փութին շնորհաւորեց ռուս զինուորները Ս․ Ծննդեան տօնին առիթով։ Իր կարգին նախագահ Ասատ շնորհաւորեց ռուս զինուորները եւ յանուն սուրիացի ժողովուրդին շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց, սուրիացի զինուորներուն հետ իրենց կատարած զոհողութիւններուն համար։

Նախագահներ Ասատ եւ Փութին ունեցան հանդիպում մը, որուն ընթացքին քննարկեցին տարածշրջանի վերջին զարգացումները, Իտլիպի բնակչութեան ապահովութեան եւ խաղաղութեան սպառնացող ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ծրագիրները, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ հիւսիսային շրջանի կացութիւնը, յատկապէս թրքական բռնարարքներուն լոյսին տակ, կարեւորելով տագնապի լուծման քաղաքական գործընթացին զարգացումը։

Նախագահ Փութին նախագահ Ասատի ընկերակցութեամբ շրջագայեցաւ Դամասկոսի մէջ, այցելեց Ումայատ մեծ մզկիթը, ուր կը գտնուի Յովհաննէս Մկրտիչին շիրիմը, ապա այցելուներու մատեանին մէջ մակագրեց։ Ռուսիոյ նախագահը Ս․ Ծննդեան տօնին առիթով այցելեց նաեւ ալ Մարիամիէ յոյն ուղղափառ համայնքի Անտիոքի եւ ողջ Արեւելքի աթոռանիստ եկեղեցին, որուն նուիրեց Ս․ Աստուածածինի սրբապատկերը։