Չորեքշաբթի, 8 Յունուար 2020-ին, տեղական աղբիւրներ հաղորդեցին, որ ամերիկեան ուժեր, շուրջ 6 ամիս ներկայութենէ ետք, Հասիչէի հիւսիս-արեւելեան շրջանի, սուրիական-իրաքեան-թրքական սահմանային Մալիքիէ շրջանին մէջ գտնուող Խրապ ալ Ճիր գիւղէն դուրս ելան: Շուրջ 40 փոխադրակարգեր նահանջեցին դէպի Սուէտիէ գիւղ, Իրաք ուղղուելու համար: