ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Պաքուի մէջ կատարուած հայերու ջարդերուն 30-րդ տարելիցին առիթով Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոս, Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեան եւ բարձրաստիճան այլ պաշտօնատարներ այցելեցին Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրը՝ յարգանքի տուրք մատուցելու ոճրագործութեան զոհերու յիշատակին:

Անոնք ծաղիկներ զետեղեցին զոհերուն յիշատակը յաւերժացնող յուշարձանին առջեւ:

Այս առիթով իր ուղերձին մէջ վարչապետ Փաշինեան անդրադարձաւ կատարուած ոճիրին ահաւորութեան՝ դիտել տալով, որ պիտի չարտօնուի նման դէպքերու կրկնութիւնը։

«Այսօր մենք կ՛ոգեկոչենք Ատրպէյճանի մայրաքաղաք Պաքուի մէջ հայերու ջարդերուն, ցեղային զտումներուն ու զանգուածային տեղահանումներուն զոհերուն անմար յիշատակը: 30 տարի առաջ միջազգային հանրութիւնը ականատես եղաւ ու դատապարտեց Պաքուի հայ բնակչութեան ջարդերը:

«Սումկայիթի ոճրագործութենէն յետոյ թափ հաւաքող բռնա-ճնշումներուն եւ ցեղային զտումներու քաղաքականութեան հետեւանքով, 1990 թուականին Պաքուի 250 հազարնոց հայկական համայնքէն մնացած էր միայն 35-40 հազարը՝ հիմնականապէս տարեց եւ անօգնական մարդիկ: Անոնց հետագայ ճակատագիրը աւելի ողբերգական էր: Հարիւրաւոր սպանուածներ, խեղուածներ եւ անհետ կորածներ, տասնեակ հազարաւոր փախստականներ. այսպիսին էր շուրջ մէկ շաբաթ Պաքուի մէջ մոլեգնած հակահայկական ջարդերուն հետեւանքը»:

«Այսօր, մենք մեր երախտագիտութիւն կը յայտնենք բոլոր միջազգային կառոյցներուն եւ խորհրդարանական մարմիններուն, որոնք արձագանգած եւ փաստագրած են այս իրադարձութիւնները՝ զանոնք դատապարտելով ու աշխարհին ներկայացնելով:

«Գլուխ խոնարհեցնելով մեր անմեղ զոհերուն յիշատակին առջեւ, ես ամենայն պատասխանատուութեամբ կը յայտարարեմ՝ հայերու բնաջնջման կամ բռնագաղթեցման նոր փորձերու առիթ պիտի չտանք: Հայաստանի Հանրապետութիւնը, Արցախի Հանրապետութիւնը եւ ողջ աշխարհասփիւռ հայութիւնը միասնաբար պիտի ներդնեն իրենց ողջ ներուժը՝ ապահովելու հայ ժողովուրդին գոյութեան եւ խաղաղ զարգացման իրաւունքը իր պատմական հայրենիքին, այդ կարգին՝ Արցախի մէջ», յայտնեց Փաշինեան։