2019-ի վերջին օրերուն, ամէն մարդ ուրախ եւ անհամբեր կը սպասէ 2020-ը՝ իբրեւ սկիզբի մը խորհրդանիշ՝ մոռնալով անցեալին կատարուած բոլոր պատեհ կամ անօգուտ դէպքերը:
2020 տարուան առաջին օրը, ըստ սովորութեան, եկեղեցի գացի։ Տարուան առաջին օրը Աստուծոյ նուիրելով շատեր եկած էին եկեղեցի։ Պաշտամունքէն ետք, զիրար կը շնորհաւորէին, բոլորը 2020-ը շատ ուրախ ընդունած էին։ Սակայն ի՞նչ էր փոխուածը մէկ օրուան մէջ։ Կեանքի ընթացքը նոյն ձեւով կը շարունակուէր, միայն տարեթիւն էր, որ փոփոխութեան կ’ենթարկուէր:
Համոզուած եմ, որ 2019-ը եւ 2020-ը նոյնն են։ Անհատը, երբ դէպի լաւին ձգտելու համար փոփոխութիւններ կատարէ՝ այն ատեն կեանքը նոր երանգ մը կը ստանայ։ Մենք մեզ փոխելու համար պայման չէ որ սպասենք նոր տարուան, մենք ամէն օր առիթ ունինք:
Եկէք փորձենք 2020-ին բոլորին հետ սիրով ըլլալ, սիրենք զիրար, օգնենք իրարու եւ պիտի տեսնենք, որ 2020-ը որքան հաճելի եւ հոգեկան խաղաղութիւն ներշնչող տարի մը պիտի ըլլայ բոլորիս համար։
Սիլվի Նարինեան
ԺԱ. Կարգ
Հայ Աւետարանական Բեթէլ Երկրդ. Վարժարան