Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով համաձայնած են յառաջիկայ օրերուն հանդիպիլ: 22 Յունուարին, Ազգային ժողովին, կառավարութեան հետ հարց-պատասխանի ընթացքին յայտարարեց Զոհրապ Մնացականեան` պատասխանելով «Բարգաւաճ Հայաստան» խմբակցութեան քարտուղար Արման Աբովեանի հարցումին:
«Մենք պատրաստ ենք հանդիպումին: Որոշ համաձայնութիւններ ունինք, կը փորձենք համանախագահներուն եւ միւս կողմին հետ միասին ուրուագծել, թէ ինչպէ՛ս պիտի աշխատինք այս տարուան ընթացքին: Հանդիպումին պարագային, մենք միշտ կը հետեւինք այն սկզբունքին, որ կը յայտարարենք համաձայնեցուած ձեւով: Ունինք համաձայնութիւն, որ մօտօրէն կրնանք հանդիպիլ: Մեր կողմէ արտայայտուած է այն դիրքորոշումը, որ անկախ ամէն ինչէ, պատրաստ ենք բանակցելու որեւէ ատեն», ըսաւ Մնացականեան:
Նախարարը յայտնեց, որ չափազանց կարեւոր կը համարէ Արցախի Հանրապետութեան մասնակցութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման բանակցութիւններուն:
ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի վերջին հանդիպումը տեղի ունեցած է 4 Դեկտեմբեր 2019-ին` Պրաթիսլաւիոյ մէջ ԵԱՀԿ 26-րդ նախարարական խորհրդաժողովին, ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի համանախագահներուն միջնորդութեամբ եւ մասնակցութեամբ: