Շաբաթ, 18 Յունուար 2020-ին, Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ Ասատ, բարեփոխելով 2013-ի թիւ 54 հրամանագիրը, հրապարակեց 2020-ի թիւ 3 հրամանագիրը, որուն համաձայն երկրէն ներս կտրականապէս կ’արգիլուի սուրիական թղթոսկիէն բացի, այլ դրամներով վճարում կատարելը:
Այլ հրամանագիրով մը, Շաբաթ, 18 Յունուար 2020-ին, Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ Ասատ բարեփոխելով 1949-ի քրէական օրէնքի յատուկ 148 թուակիր օրէնսդրական որոշումը հրապարակեց 2020-ի թիւ 4 հրամանագիրը, որուն համաձայն բոլոր անոնք, որոնք ապատեղեկատուութիւն, կեղծ կամ անհիմն լուրեր կը հրապարակեն, պիտի ձերբակալուին կամ մէկէն – հինգ միլիոն ս.ո.-ի արժողութեամբ տուգանք պիտի վճարեն: