«Թերթ».-23 Յունուարին ԱԳ նախարար Զոհրապ Մնացականեան պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան ժամանած Հոլանտայի Թագաւորութեան արտաքին գործոց նախարար Սթեֆ Պլոքին հանդիպեցաւ: Հանդիպումին սկիզբը Հոլանտայի ԱԳ նախարարը Զոհրապ Մնացականեանին ներկայացուց Երեւանի մէջ Հոլանտայի Թագաւորութեան դեսպանութիւն բանալու մասին պաշտօնական դիմումը, որուն ի պատասխան` ՀՀ ԱԳ նախարարը շնորհակալութիւն յայտնեց Հոլանտայի Ներկայացուցիչներու պալատին` Հայաստանի մէջ ներկայացուցչութիւն հիմնելու որոշումին համար:
Արտաքին գործոց նախարարները գոհունակութիւն յայտնեցին Հայաստանի եւ Հոլանտայի միջեւ տարբեր մակարդակներու վրայ առկայ քաղաքական երկխօսութեան բարձր մակարդակին համար` ընդգծելով վերջինիս հետագայ ամրապնդման կարեւորութիւնը՝ արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւններու միջեւ խորհրդակցութիւններուն, բարձրաստիճան փոխայցելութիւններու կազմակերպման միջոցով:
Առեւտրատնտեսական համագործակցութեան պարագային, անոնք մատնանշեցին առկայ մեծ ներուժի ամբողջական կիրառումին անհրաժեշտ քայլերը, որպէս հեռանկարային ուղղութիւններ, ի թիւս այլոց, առանձնացնելով խելացի կրթութեան, բարձր ճարտարագիտութեան, զբօսաշրջութեան, գիւղատնտեսութեան, դրամատնային ոլորտները:
Անդրադառնալով Հայաստան-ԵՄ գործընկերութեան` երկուստեք արժեւորեցին Համապարփակ գործընկերութեան համաձայնագիրի դերը, որպէս կարեւոր միջոց Հայաստանի կառավարութեան կողմէ իրականացուող բարեփոխումներու գործընթացի խթանման եւ Եւրոմիութեան անդամ երկիրներուն հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման:
Նախարար Մնացականեան կարեւոր համարեց Հայաստանի համար` ԵՄ երկիրներ մուտքի արտօնագիրներու արտօնութեան շուրջ երկխօսութիւնը:
Իր հոլանտացի գործընկերոջը ներկայացնելով ժողովրդավարական հաստատութիւններու, իրաւունքի գերակայութեան ամրապնդումի, անկախ դատաիրաւական համակարգի հաստատման ուղղուած բարեփոխումներու իրականացման գործընթացը` նախարար Մնացականեան կարեւոր համարեց այդ օրակարգի կիրարկման ուղղութեամբ միջազգային եւ տարածաշրջանային գործընկերներու կողմէ ցուցաբերուող աջակցութիւնը եւ առկայ փորձագիտութեան արդիւնաւէտ օգտագործումը:
Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ միջազգային եւ տարածաշրջանային շարք մը հարցերու:
Նախարար Մնացականեան Սթեֆ Պլոկին ներկայացուց Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցին վերջին զարգացումները եւ հիմնահարցի բացառապէս խաղաղ կարգաւորման գործընթացին մէջ Հայաստանի սկզբունքային դիրքորոշումը եւ մօտեցումները:
Հանդիպումի աւարտին Հայաստանի եւ Հոլանտայի Թագաւորութեան ԱԳ նախարարները հանդէս եկան միատեղ մամլոյ ասուլիսով:
Այցելութեան օրը առաւօտեան Սթեֆ Պլոքի գլխաւորած պատուիրակութիւնը այցելեց Հայոց Ցեղասպանութեան յուշահամալիր եւ յարգանքի տուրք մատուցեց Սուրբ նահատակներու յիշատակին: