Պատերազմը մեր ժողովուրդը օրհասական վիճակի մատնեց, տարիներ ետք մասամբ մեղմացան հրթիռակոծումներն ու արիւնահեղութիւնը, սակայն նոր փուլ մը թեւակոխեցինք: Ներկայիս Սուրիոյ մէջ ծայր առած տնտեսական սուր տագնապը խաղաղ բնակչութեան համար կենցաղային ծանր պայմաններ ստեղծած է:
Այդուհանդերձ պայմանները փոփոխական են, դժուարութիւնները՝ անցողիկ: Այս պայմաններուն դէմ պայքարող սուրիահայ երիտասարդներուն թիւը այնքան ալ արհամարհելի չէ:
«Գանձասար» հարցազրոյցներու շարք մը կը սկսի Հալէպի մէջ աշխատող եւ ստեղծագործող երիտասարդ տարրի ներկայացուցիչներու հետ, լոյսին բերելու մեր երիտասարդներուն դիմագրաւած դժուարութիւններն ու զանոնք յաղթահարելու կամքը:
 Առաջին հանդիպումը Չամսաքեան ընտանիքի երիտասարդներուն հետ էր:
Երբ հանդիպեցանք Չամսաքեան Նժդեհ եւ Սեւակ եղբայրներուն, Նժդեհը, իրապաշտօրէն բնութագրելով Սուրիոյ տնտեսական եւ ծառայողական ծանր պայմանները, անցնող տարիներու իր փորձառութեան մասին խօսեցաւ. «2012-2013-ին պատերազմի առաջին տարիներուն, աւարտելով քիմիագիտութեան մասնագիտութեամբ համալսարանական ուսումս, սկսայ դասաւանդութեան, անձնական դասեր տալով հայ աշակերտներու: Սկզբնական շրջանին ոչ ոք կը ճանչնար զիս որպէս դասատու: Առաւօտեան կանուխ ժամերէն մինչեւ գիշեր անընդհատ կ’աշխատէի, համեստ գումարի փոխարէն: Այնուհետեւ սկսայ դասաւանդել երկրորդականի 10-րդ եւ 11-րդ կարգերուն, Լազար Նաճարեան Գալուստ Կիւլպէնկեան վարժարանէն ներս: 6 տարի դասաւանդելէ ետք, անցեալ տարի ստի-պուեցայ թողուլ դպրոցի աշխատանքս, որովհետեւ ուզեցի կատարելագործել մասնագիտութիւնս եւ արդէն 6 ամիս ետք մաժըսթերի վկայականս ստացայ»:
Նժդեհ ՀՄԸՄ-ի պասքեթի խումբի խաղացող եւ փոքրերու մարզիչ է նաեւ: Անոր պատումին մէջ ակներեւ էին խանդավառութիւնն ու եռանդը, որոնցմով ան վարակած է իր աշակերտները նաեւ: «Աշակերտներս թեզի պաշտպանութեանս օրը զիս քաջալերելու համար համալսարան եկան, անոնք յաճախ ներկայ կ’ըլլան նաեւ պասքեթի մրցումներուս, որպէսզի քաջալերեն զիս: Աշակերտները յաճախ կը հետեւին ուսուցիչին օրինակին: Մենք իրարմէ ուժ կ’առնենք: Յառաջիկայ տարիներուն կը մտածեմ դոկտորականի թեզս ալ ներկայացնել: Պայմանները պէտք չէ կաշկանդեն մեր ընթացքը: Պիտի համբերենք ու շարունակենք մեր ճամբան, գանգատելով տեղքայլի մէջ մնալը հարցեր չի լուծեր»:
Նժդեհին եղբայրը՝ Սեւակը, Արգուպի շրջանին մէջ վարպետ կաղապարագործ էր: Ան պատերազմի բուռն մարտերուն ընթացքին ստիպուեր էր լքել վտանգաւոր իր գործատեղին եւ աւելի ապահով շրջանի մը մէջ այլ աշխատանքով զբաղիլ՝ ապրուստը ապահովելու եւ անգործ չմնալու համար: Ան ճամբայ ելած էր կրպակի մը մէջ խորոված պատրաստելու համեստ գործով: Սեւակ վերյիշելով այդ դժուարին օրերը, յատկապէս իր ժամանակաւոր աշխատանոցին մօտ ինկած հրթիռները ըսաւ. «Թէեւ մեր կրպակէն քանի մը մեթր հեռաւորութեան վրայ ռումբեր կ’իյնային՝ յաճախորդները կը շարունակէին կանգնած սպասել իրենց ապսպրանքներուն, նոյնիսկ այդ սարսափելի վիճակին մէջ»: Սեւակ օրէ-օր զարգացնելով իր աշխատանքը խանութ մը վարձու առած ու ընդլայնած է իր նոր գործը. «Խանութէն ներս կը սկսինք աշխատիլ առաւօտեան ժամը տասէն մինչեւ գիշերուան ժամը մէկ, անընդհատ: Միայն Կաղանդի օրը մեր սովորական ժամէն առաջ փակեցինք գործատեղին, մէյ մըն ալ 24 Ապրիլին, Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակին օրը»:
Նժդեհ եւ Սեւակ կը հաւատան որ.«Հալէպը, հայութիւն բուրող իր շրջաններով, մեզի համար եղաւ հայրենիքէն պատառիկ մը: Հալէպը կը սիրենք: Կ’ուզենք ապագայի համար ծրագիրներ ալ մշակել այստեղ»:
Անոնց համար էականը ընտանեօք, թեւ-թեւի տալով աշխատիլն է՝ այս աննախադէպ տնտեսական եւ ապահովական տագնապները դիմագրաւելու համար.«Մեզի համար շատ դիւրին էր ձգել-հեռանալը, սակայն մենք կամովին մնացինք ու նորանոր ծրագիրներ մշակեցինք»:
Անոնք չեն անտեսեր ապրուստի դժուարութիւնները. «Այո՛, մենք, ռումբերու տարափը արհամարհելով շարունակեցինք մեր աշխատանքը, սակայն այս տնտեսական ճնշող վիճակը բաւականին անել կացութեան մատնած է մեզ, նահանգի ծառայողական ոլորտը շատ վատ է: Գոնէ այդ մարզը բարելաւեն ու թոյլ տան որ աշխատինք»:
Տնտեսական ներկայ տագնապին մասին յաւելեալ բացատրութիւն ստանալու համար դիմեցինք վերլուծաբան Սարգիս Գասարճեանին, որ բաւական սպառիչ տեղեկութիւններ տուաւ. «Տնտեսական այս տագնապը զանազան ազդակներու հետեւանք է: Կարելի չէ յենիլ մէկ ազդակի վրայ: Տագնապի հիմնական պատճառը երկրէն ներս արտադրութեան կասեցումն էր, որուն հետեւանքով արտածումը դադրեցաւ եւ օտար դրամանիշի մուտքը նուազեցաւ: Պետութիւնը ստիպուեցաւ ժողովուրդին կարիքները ներածել, փոխանակ զանոնք բաւարարելով արտածելու եւ օտար դրամ մտցընելու երկիր, այնպէս ինչպէս էր նախապատերազմեան շրջանին: Այս բոլորին իբրեւ հետեւանք, երկրին մէջ պահ դրուած օտար դրամը սկսաւ սպառիլ: Երկրորդ պատճառը քարիւղի եւ կազի հանքերուն պետութեան հսկողութենէն դուրս մնալն էր: Անոնց արտադրութեան հասոյթէն զրկուած էր երկիրը եւ չէր կրնար բաւարարել բնակչութեան կարիքը: Երրորդ պատճառը եկամուտի կարեւոր գործօններէն մէկուն՝ զբօսաշրջութեան չգոյութիւնն էր: Այս բոլորին վրայ կ’աւելնային տնտեսական պաշարման խիստ կանոնները, որուն հետեւանքով ալ օտարներ չեն մտածեր Սուրիա այցելել: 
Եթէ այս գործօնները նկատի առնենք, յիշելով որ այս բոլորը ինը տարի շարունակ նահանջի կը մատնէին տնտեսութիւնը, կրնանք տրամաբանել, թէ սուրիական լիրան ինչու այս աստիճան անկում կրեց: Շատ յստակօրէն կրնամ ըսել, որ օտար դրամի պահանջը որքան բարձրանայ, սուրիական լիրան այնքան անկում պիտի կրէ բնականաբար:
Վերոյիշեալ գործօններուն հետեւանքով սուրիական լիրան արժեզրկուեցաւ ու սղաճը թափ առաւ, իսկ ժողովուրդը իր մորթին վրայ սկսաւ կրել այս բոլորին ազդեցութիւնը: 
Այս իրավիճակին վրայ աւելցաւ նաեւ ԱՄՆ-ի սահմանած «կայսերի օրէնք»ը, որ ցարդ պարտադրուած պատիժներուն ամէնէն խիստն էր:
Ընդհանուր քաղաքականութիւն մը կայ՝ Միջին Արեւելեան շրջաններէն օտար դրամը՝ տոլարը սպառելու եւ միայն Ամերիկայի բարեկամ շրջաններուն մէջ պահելու զայն: Այս քաղաքականութիւնը կիրարուեցաւ Իրանի դէմ ու հասաւ Լիբանան:
Այս բոլորին ի տես, կառավարութիւնը ուշ սկսաւ քայլերու ձեռնարկել: Հիմնականը քաղաքացիներուն կենսական պէտքերը պետութեան կողմէ յարմար գինով վաճառելու քաղաքականութիւնն էր՝ «խելացի քարտ»ի միջոցով: Ապա Կեդրոնական դրամատան նոր որոշումին համաձայն, տոլարին արժէքը 440-էն բարձրացնելով 700 սուրիականի, հետապնդելու շուկայի մէջ շրջանառուող օտար դրամին հակաօրինական վաճառքը:
Քաղաքական առումով ալ Սուրիոյ հիւսիսարեւելեան շրջաններու մէջ գտնուող քիւրտերուն հետ համաձայնութեան գալով կազի եւ քարիւղի հանքերէն օգտուիլն էր պետութեան քաղաքականութեան դրական մէկայլ կողմը»:
Լրագրող Սարգիս Գասարճեանին, երբ հարց տուինք լուծումներու եւ առաջարկներու մասին, ան յայտնեց.« Համբերատարութիւնը ամէնէն կարեւոր քայլն է, որովհետեւ քաղաքական աստիճանական կայունացող վիճակը տնտեսական իրավիճակին վրայ դրական ազդեցութիւն կ’ունենայ: Պէտք է, օրինակ, պետութեան կիզակէտին մէջ մնան այն արտադրութիւնները, զորս կարելի է ուղարկել Սուրիոյ սահմաններէն դուրս, ըլլան անոնք նիւթական արտադրութիւն կամ մտային արտադրութիւն: Այսպիսով անհատը կրնայ օգտուիլ ու դուրսէն օտար դրամ գանձելով թէ՛ տիրող տնտեսական տագնապի աստիճանական փարատումին նպաստել, եւ թէ իր անձնական եկամուտը բարելաւել, հեռու մնալով շուկային մէջ ուրիշին բաժինէն օգտուելու հնարաւորութենէն: Մէկէ աւելի միջոցներ կարելի է որոնել: Հիմնականը աշխատիլն ու ձեռնածալ չմնալն է, մինչեւ դժուարութիւններու փարատումը»:
Լուսին Ապաճեան-Չիլաբօշեան