Մենք՝ մահկանացուներս, երբ նեղուինք, մխիթարութեան պահանջք մը կը յառաջանայ մեր մէջ եւ այդ մէկը կը սպասենք մարդոցմէ, կամ մենք մեզ կը մխիթարենք համոզումներով։
Անցեալ շաբաթ Սուրիոյ պատերազմի տարիներու ամենադժուարն էր տնտեսական գետնի վրայ։ Սուրիական լիրան յանկարծակի անկում կրեց քանի մը օրուան ընթացքին։ Եւ երբ կշիռքին մէկ նժարը վար իջնէ, միւսը բնականաբար վեր կ’ելլէ։ Շուկայի առօրեայ ամենատարրական պիտոյքները սուղցան, միակողմանի եւ անկայուն սուղութիւն մը։ Ժամը անգամ մը նոր գին, իսկ նոր գինը միշտ հինէն աւելի բարձր։
Շուկան դատարկ էր։ Անուանի փողոցները, որոնք կը վխտային գնորդներով, դատարկ էին հիմա։ Մարդիկ տուն նստած, կը խուսափէին շուկայ շրջելէ, իսկ փողոց իջնողները իրենց ձեռքերը գրպաննին դրած՝ կ’իջնէին պէտք եղած մէկ ապրանքը առնելու ու կրկին տուն կը վերադառնային։
Տնեցիներուն ու քով-քովի շարուած քանի մը խանութներու ի մի հաւաքուած գործատէրերուն նիւթը կը կազմէին շուկան, գիներն ու սուղութիւնը։
Վիճակը ուղղակի անկայուն էր։ Որքա՞ն պիտի տեւէր այս կացութիւնը, եւ ինչպիսի՞ վերջ մը պիտի ունենար։
Ո՛չ ոք գիտէր։
Այս պայմաններուն մէջ էր, որ Սուրիոյ ժողովուրդը սկսաւ մէկ լիրայի նախաձեռնութիւն մը։ (Սուրիոյ մէջ հարիւր լիրայով զոյգ ցուցամատի չափ պիսքուիթ մը հազիւ կ’առնես)
Ճաշարանատէրեր, վաճառականներ, ուտեստեղէնի խանութներ բոլորն ալ միացան այս նախաձեռնութեան։
Մէկ լիրայի սանտուիչներ.
Մէկ լիրայի հրաւէրներ.
Մէկ լիրայի կօշիկներ.
Մէկ լիրայի անուշահոտեր.
Եւ այսպէս շատ մը գործատէրեր իրենց խանութէն ներս գտնուած կարգ մը ապրանքներ եւ ուտեստներ միայն մէկ լիրայի փոխարէն կը տրամադրէին յաճախորդներուն։
Ժողովուրդը իր տան մէկ անկիւնը պահած գանձանակները դուրս հանեց, անոր վրայ հաւաքուած փոշին սրբեց ու զայն բանալով ընտրեց մէջէն մէկ լիրաներն ու մէկ կողմ դրաւ զանոնք։
Մօտիկ անցեալի երկաթեայ անպէտք այդ կտորները այսօր արդէն թղթադրամներէն աւելին կ’արժէին։
Իւրաքանչիւրը ուղղուեցաւ իր հաճոյքին գոհացում տալու։
Խուռներամ բազմութիւնը մայթերուն վրայ, հոս ու հոն կը տեսնէիր, իսկ ընկերային ցանցերուն վրայ յայտարարութիւն տեղադրողները մրցակցութեան ելած էին կարծէք։
Պետական քննութիւններու պատրաստութեան շրջանն էր, դասերուս լծուած՝ այս բոլորը հեռուէն կը դիտէի։
Կ’ուրախանայի այս բոլորը տեսնելով, ժողովուրդը տակաւին մարդկութենէ գաղափար ունի ու մարդիկ տակաւին գիտեն սիրել զիրար, սակայն այս բոլորը կատարեալ գոհացում չէին տար։
Մտքիս մէջ մեծ-մեծ խանութներու այդ առիթները կը գունաւորուէին, շատ անգամ ծանուցումի գոյնով։
Բացարձակ սիրոյ արդիւնք չէր այդ մէկը։
Բացարձակ բան կա՞յ միթէ այս աշխարհին վրայ։
Ո՛չ, չկայ։ Միշտ բան մը ուրիշ բանի հաշուոյն է։ Եւ այդ երկու բաները կրնան ըլլալ նիւթական կամ բարոյական։
Երկրորդ օրը քննութիւն պիտի յանձնէի։ Աւարտին, վերադարձի ճամբուս վրայ, երբ պատուհանէն դուրս կը նայէի, թաքսի մը մօտեցաւ ու կանգնեցաւ քովս։ Վարորդը ծերունի մըն էր, կուզը մէջտեղ ելած եւ մարմինը ղեկին վրայ կքած։ Հագուածքը կը մատնէր իր համեստ պայմաններու տակ ապրիլը։
Կարմիր էր ազդալոյսը, երկուքս ալ կանաչին կը սպասէինք։ Եւ երբ կանաչը բացուեցաւ, ինք էր, որ առաջին անգամ պենզինի մզակը սեղմելով յառաջ գնաց։ Աչքս նկատեց թաքսիին ետեւի ապակիին վրայ ձեռագիրով գրուած թուղթը. «Բոլորս եղբայրներ ենք. մէկ լիրայով հասիր երթալիք տեղդ»։
Պէս-պէս ճաշարաններու, հսկայ ուտեստեղէնի խանութներու եւ վաճառատուներու տրամադրածներէն աւելի արժէքաւոր էր ա՛յս մէկը։
Մեզմէ ո՞վ չի գիտեր «Այրի կնոջ առակը», զոր Յիսուս պատմած էր իր աշակերտներուն, յայտնելով որ անոր տուածը աւելին էր, որովհետեւ ան իր ամբողջ ունեցածը տուաւ, իսկ մնացեալը՝ իրենց հարստութենէն բաժին մը։
Առակներն ու անոնց հերոսները միշտ ալ իրենց պատմութեան սահմաններուն մէջ չեն մնար, չեն կաղապարուիր, այլ կու գան ու կը մարմնանան մեր աշխարհին մէջ։
Իսկ այս մարդը աւելի քան 2000 տարուան այդ առակին լաւագոյն մարմնացումներէն մէկն էր։
Բացարձակ բան չկայ։
Ճիշդ է որ ան վնաս պիտի կրէր, բայց վնասը բացարձակ չէր։
Ան բարիք ընելով իր ազնիւ հոգին կը յագեցնէր։
Առաջինը՝ նիւթական վնաս, իսկ երկրորդը՝ բարոյական, մարդկային, գերագոյն շահ։
Քրիստ Խրոյեան