«Արմէնփրէս».- Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան 4 Փետրուարին նախագահական նստավայրին մէջ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ աշխատանքային հանդիպում մը ունեցաւ։ Քննարկուեցան երկրի ընթացիկ օրակարգերուն առնչուող հարցեր:
Նախագահ Արմէն Սարգսեան իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ աւանդութիւն է պարբերաբար հանդիպիլը եւ երկրին ներքին ու արտաքին ճակատին առնչուող հարցեր քննարկելը, նաեւ իրազեկ դառնալ իւրաքանչիւրին հովանիին ներքեւ գործող կառոյցներուն՝ կառավարութեան եւ նախագահական, այցելութիւններուն, հանդիպումներուն, ձեռքբերումներուն եւ դժուարութիւններուն:
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան նկատել տուաւ, որ այս հանդիպումը 2020-ի իրենց առաջին աշխատանքային հանդիպումն է, եւ ուրախ է արձանագրելու նաեւ, որ 2019-ը յաջող տարի եղած է Հայաստանի Հանրապետութեան համար:
«Հրապարակուած են 2019-ի տնտեսական աշխուժութեան ցուցանիշները եւ կրնամ ըսել, որ 2019-ին ունեցած ենք տնտեսական աշխուժութեան ցուցանիշի առաւելագոյն թիւը: 2019-ին մենք արձանագրեցինք յեղափոխութենէն յետոյ անցումային կառավարման շրջանը եւ մեր քննարկումներուն առանցքը եղաւ այն, որ պէտք է աւելի ու աւելի շատ կարեւորութիւն տանք մեր երկրէն ներս հաստատութենական բարեփոխումներուն եւ հիմնադրենք ու ներդնենք ռազմավարական կառավարման տրամաբանութիւնը», յայտնեց Փաշինեան։
Ըստ վարչապետին՝ 2020 թուականին այդպիսի փուլ կը թեւակոխէ երկիրը, եւ Հայաստանի մէջ պետական հաստատութիւններու կայացումը, հակակշիռներու եւ փոխզսպումներու համակարգի ներդրումը միշտ ալ եղած են իրենց ուշադրութեան կիզակէտին մէջ եւ պիտի շարունակեն այդպէս մնալ։
Նախագահ Արմէն Սարգսեան հաստատեց, որ ինք պատրաստ է քննարկումներու: «Շատ էական է այն, ինչ որ ըսիք: Հաստատութիւններու կայացումը մեր երկրին մէջ, հաւասարակշռուած հաստատութիւններու, որովհետեւ եթէ կը խօսինք երկարաժամկէտ, կայուն զարգացման մասին, անոնք անհրաժեշտութիւն կը համարուին», շեշտեց ան։ Նախագահը դիտել տուաւ, որ կ’արժէ նաեւ քննարկել ապագայ ներդրումային ծրագիրները: Նախագահը ուրախութեամբ արձանագրեց, որ նոր, փոքր ձեռքբերումներ արձանագրուած են նաեւ այլ երկիրներ իր տուած այցելութիւններուն ընթացքին: