Հալէպահայ համայնքը յատկանշող կարեւորագոյն իւրայատկութիւնը անոր ընկերային կեանքն է:
Պատերազմական տիրող կացութիւնը բացասական ազդեցութիւն ունեցաւ նաեւ ընկերային կեանքին վրայ, հարցեր յառաջացնելով թէ՛ նորահաս երիտասարդներուն եւ թէ իգական սեռին համար:
«Գանձասար»ի սկսած հարցաքննութեան այս սիւնակով լուսարձակի տակ կ’առնենք երիտասարդութեան դիմագրաւած ընկերային որոշ հարցեր եւ կը փորձենք որոնել համապատասխան լուծումներ:
Համայնքէն ներս երիտասարդութիւնը, իր նկատառելի թիւով եւ միութենական թէ այլ միջավայրերու մէջ ներգրաւուածութեան բարձր մակարդակով ազդեցիկ ներկայութիւն դարձած է: Օրերս, սակայն, գաղթի եւ այլ պատճառներու հետեւանքով անոր թուապատկերը յստակ նուազում արձանագրած է:
Այս երեւոյթը բնականաբար իր ազդեցութիւնը ունեցած է համայնքի կեանքի այլազան ոլորտներուն վրայ: Նման հարցեր քննարկելու համար հանդիպում ունեցանք Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի դաստիարակ եւ Շրջ. Միութեան Վարչութեան ատենապետ Ներսէս Պարսումեանի հետ, որ երկար տարիներ երիտասարդներուն հետ աշխատած ըլլալով քաջածանօթ է անոնց բազմապիսի տագնապներուն:
Ներսէս Պարսումեան տիրող իրավիճակին անդրադառնալով ըսաւ.«Պատերազմը շրջեց երիտասարդներուն հետաքրքրութիւնները: Անցեալին որեւէ երիտասարդ, երբ որոշ տարիքի մը հասնէր՝ գիտէր թէ ի՛նչ պիտի ընէր, ինչպէ՛ս պիտի ուրուագծէր իր ապագան, ընկերային կեանքը եւ այլն: Բայց պատերազմը անորոշութեան մատնեց զինք: Որեւէ երիտասարդ երազանքներ ալ կ’ունենայ, հեռանկարներ ալ, սակայն ներկայ երիտասարդութեան դիմաց անորոշութիւնն է պաստառի նման փրուած: Անոնց ապրած ծանր օրերն ալ իրենց ազդեցութիւնը ունեցան: Չմոռնանք, որ այս երիտասարդները պատերազմի օրերուն, երբ հարկ եղաւ ջուր կրեցին կամ զէնք շալկեցին: Ուստի մեր գաղութի ղեկավարութեան պարտքն է օգնել անոնց, որպէսզի կարենան որոշ չափով ուրուագծեն իրենց հեռանկարները, իմանալ դժուարութիւնները… անոնց յաղթահարման եղանակները եւ դէպի լաւը առաջնորդել զիրենք: Ընդհանրապէս երիտասարդ տարրի ներկայացուցիչները, երբ չեն գտներ իրենց փնտռածը, կը սկսին թափանցել այլ միջավայրեր, որոնք միշտ ալ համահունչ չեն մեր սկզբունքներուն, հաւատալիքներուն, պարզ ու անշահախնդիր միջավայրին: Իսկ օտար որոշ շրջանակներ դիտումնաւոր կերպով կը փորձեն ներգրաւել մեր երիտասարդները, զիրենք իրենց նպատակներուն ծառայեցնելու համար»: 
Ներսէս Պարսումեանի համոզումով միութիւններ թերացած են մեր երիտասարդները մեր միջավայր ներգրաւելու աշխատանքին մէջ. «Մենք պէտք է հասկնանք, որ այս երիտասարդը տարբեր պատճառներով կրնայ հեռանալ մեր հարազատ միջավայրէն, ոչ միայն իր անհատական հետաքրքրութիւններուն փոփոխութեան, այլ մեր միջավայրերուն երբեմն անհետաքրքրական դառնալուն հետեւանքով: Փոխարէնը, օտար շրջանակներ այնքան շռայլութեամբ ու գրաւիչ պայմաններով կը փորձեն ներգրաւել մեր երիտասարդութիւնը:
Պատերազմի տարիներուն չտեսանք երիտասարդութեան յատուկ գրաւիչ ծրագիրներ: Չեմ խօսիր կառոյցներու արդիականացման մասին միայն: Երիտասարդութիւնը անհրաժեշտ էր ուղղել դասընթացքներու, զարգացնող ու աշխատանք հայթայթող ծրագիրներու, որպէսզի իրենց կարգին նպաստէին համայնքը զօրացնելու աշխատանքին: 
Երկրորդ կարեւոր առաջադրանքս ազատ խօսքի եւ մտածումի առիթի ընծայումն է: Անոնք պէտք է ազատօրէն մտածեն ու արտայայտուին զանազան հարթակներէ, իսկ մենք աւելի լայնամիտ ու հանդուրժող ըլլանք անոնց քննադատութիւնները ընդունելու նոր ոճով գործելու համար: Երիտասարդները պէտք է վարժեցնել նաեւ պատասխանատուութիւն ստանձնելու յանձնառութեան: Այս մէկը կ’իրականանայ նաեւ երբ անոնք գործ կ’ունենան միջին տարիքի մարդոց հետ եւ աստիճանաբար կը ստանձնեն պատասխանատու աշխատանքներ՝ գանգատելու եւ դժգոհելու փոխարէն լուծումներ որոնելով տարբեր հարցերու համար»:
Պարսումեան ընկերային կեանքի հիմնական հարցերէն մէկը համարեց երիտասարդութեան գաղթը. «Գաղթը մեր հիմնական հարցն է, որովհետեւ մարդուժի նուազեցման պատճառ կը դառնայ: Մենք երբեք որակի հարց չենք ունեցած, սակայն ուժերը ճիշդ կերպով համադրելու, նորերը պատրաստելու դանդաղ ընթացքն է, որ կրնայ սխալ ուղիներ առաջնորդել մեզ»:
Երիտասարդը բնականաբար իր հարցերուն լուծումները չգտնելով կրնայ վատ մոլութիւններու հետեւիլ: Այս երեւոյթին ալ անդրադարձաւ Պարսումեան ու ըսաւ. «Յատկապէս տղոց մօտ զարգացած է ծխելու երեւոյթը, ասոր կողքին տարածուիլ սկսած են համակարգչային խաղեր, որոնք երիտասարդը կը մղեն ապօրինի ձեւերով դրամ շահելու մոլութեան եւ հետագային ընկերային լուրջ հարցերու դուռ կը բանան, ինչպէս՝ աշխատանքի դաշտէ հեռացում, նախաձեռնութեան ոգիի անկում, ծուլութիւն, կրաւորականութիւն, հոգեկան հարցեր»:
Երիտասարդները կ’ուզեն դիւրաւ դրամ շահիլ, որովհետեւ իրենց վստակած գումարը անբաւարար է դիմագրաւելու ներկայ տնտեսական տագնապը, յատկապէս սղաճը: Ուստի անոնք կ’որոնեն տարբեր միջոցներ, որպէսզի իրենց պէտքերը հոգան: Ահա թէ ինչու կարեւոր է որ պատասխանատու մարմիններ ստեղծեն աշխատանքի առիթներ, ուղղեն զիրենք որոշ հմտութիւններու տիրացման եւ համապատասխան աշխատանքի ապահովման:
Երիտասարդութիւնը հետաքրքրող նիւթերն ալ փոխուած են: Ներկայ երիտասարդութիւնը քաղաքական, գաղափարական հետաքրքրութիւններ չունի, սա միայն հայկական միջավայրին յատուկ երեւոյթ չէ, բնականաբար: Զիրենք կը հետաքրքրէ յատկապէս վըրչուալ աշխարհը եւ անոր մէջ ներկայութիւն ըլլալը»:
Երբ զրուցեցինք լուծումներու մասին, Պարսումեան յայտնեց. «Այս ալիքին դէմ նաւարկելը դժուար է, որովհետեւ հոսանքը մեծ է: Իրականութեան մէջ ոչ թէ միայն մեր գաղութի երիտասարդները յուզող հարցեր են ասոնք, այլ ընդհանուրը կը յուզեն, ինչպէս ըսինք: Հիմնական տագնապը այն է, որ պատերազմական երկիրէ դուրս ապրող երիտասարդը ապագայի նկատմամբ ծրագիր ունի, մեր երիտասարդներուն մօտ այդ ծրագիրը անորոշ է: Օրինակ՝ ներկայ երիտասարդը կը մտածէ, թէ իր ուսումով պիտի կարենա՞յ աշխատանք գտնել ու իր նպատակադրած ընկերային դիրքին հասնի: Եթէ ուսման կամ արհեստի մարզերուն մէջ ան լաւագոյնին կամ գէթ որոշ մակարդակի մը չհասնի, միջակութենէ պիտի տառապի եւ պիտի չկրնայ իր երազանքները իրականացնել»:  
Պարսումեան յոյսով կը նայի ներկայ միութենական երիտասարդ ղեկավարութեան, որ ի հարկին գիտէ, թէ ինչպիսի՛ ձեւեր կրնայ որդեգրել, որպէսզի հետաքրքրէ, քաջալերէ երիտասարդութիւնը եւ օգնէ անոր իր լաւագոյնը ի գործ դնելու այս պայմաններուն մէջ:
«Մեր միութենական երիտասարդները կը տառապին խճողուածութենէ: Նախապէս երիտասարդութեան թիւը մեծ էր, իւրաքանչիւրը մէկ կամ երկու ազգային-միութենական ոլորտի կը ծառայէր: Այսօր երիտասարդը մէկէ աւելի միութենական ոլորտներու ծառայելով իր ուժերը կը ցրուէ ու կը սպառի:
Բարեբախտաբար շատ մը երիտասարդներ ուսման զուգահեռ կ’աշխատին եւ կը գործեն միութիւններու մէջ: Մեծ է այդ երիտասարդներուն թիւը եւ ես հպարտ եմ մեր գաղութի երիտասարդներով»:
Պարսումեան գործնական առաջարկներով փակեց մեր զրոյցը. «Ժամը հասած է, որ մենք մեր երիտասարդներուն նեցուկ կանգնինք տարբեր ձեւերով: Մեր երիտասարդները բարոյական գետնի վրայ հարցեր չունին: Անոնք աշխատանքի որոնման, նիւթական աջակցութեան կարիք ունին, որպէսզի իրենց ծրագիրները ի գործ դնեն: Կարելի է նման նիւթով խորհրդաժողով կազմակերպել եւ հոն միջին տարիքի փորձառու անձեր եւ նորահաս սերունդի ներկայացուցիչներ հրաւիրել ու անոնց առաջադրանքները լսել, իսկ աւարտին գործնական քայլեր առնել: Մեր հիմնական պարտաւորութիւնն է ասիկա, ես լաւատեսութեամբ ու հաւատքով կը նայիմ մեր պայծառ երիտասարդութեան»: 
Ընկերային կեանքին մէջ երիտասարդութեան կողքին կարեւոր դեր ունի նաեւ իգական սեռի դրուածքն ու ներդրումը:
Մարդկային պատմութեան պղտոր եւ ամպամած օրերուն, անցեալին մէջ անգամ կնոջ դէմքը կ’ուրուագծուի մեզի շատ համակրելի եղանակով մը:Կինը ուղղակի թէ անուղղակի միջամտած է հասարակական կեանքին, շահագրգռուած է անո՛վ եւ յաճախ ալ տիրական ազդեցութիւն մը ունեցած է անոր ճակատագրին վրայ: Նոյնն էր վիճակը անցնող պատերազմի տարիներուն եւ մինչեւ օրս:
Պատերազմի այս օրերուն կնոջ ներդրումը ընկերային կեանքին մէջ այլ բնոյթ ստացաւ: Կնոջ ունեցած եւ ունենալիք դերին մասին մենք հանդիպում ունեցանք Սոնիա Գաբրիէլեանին հետ, որ երկար տարիներ շինարարական գրասենեակէն ներս գործած ըլլալով եւ գործարքի տիկիններու յանձնախումբին մաս կազմելով լայնօրէն առնչութիւն ունեցած է կնոջ դրուածքին ընդհանրապէս եւ պատերազմէն տուժողներուն հետ յատկապէս:
Սոնիա Գաբրիէլեան հետեւեալը կը բնութագրէ.«Կինը պէտք է ժամանակին հետ քայլ պահէ: Երբ կը տեսնենք տղամարդոց թիւը նուազած է, եւ կինը պէտք է իր ուժերուն վստահելով իր ներդրումը բերէ իր հասարակութեան մէջ: Հետեւաբար կինը պէտք է իր մշակուած ծրագիրով եւ տնտեսութեամբ իր դերը ունենայ միջավայրին մէջ»:
Սոնիա Գաբրիէլեան քաջատեղեակ ըլլալով տեղացի ժողովուրդին դրուածքին եւ կնոջ կերպարին նշեց. «2013-2014 տարիներէն սկսեալ Ճարտարարուեստի պալատը ձեռնարկեց ծրագիր մը, ներառելով յատկապէս իգական սեռի ներկայացուցիչներ, մայրեր: Ծառայողական այս ծրագիրը ի միտի ունէր պատրաստել կինը աշխատանքի, զարգացնել անոր գիտելիքները առեւտուրի, ճարտարարուեստի եւ նման բնագաւառներու առնչուող:
Պատերազմական իրավիճակը արգելք չեղաւ այս աշխատանքին: Կինը վերապատրաստելու աշխատանքը բաւական յոգնեցուցիչ ըլլալով, ունէր դրական ազդեցութիւն: Ան ինքնավստահութիւն ներշնչեց յատկապէս դժուարութիւններու տակ կքած կիներուն, մարզեց զիրենք սեփական արտադրութիւններով հանդէս գալու եւ այլն: 
Այս ծրագիրին ներկայացան 450 տեղացի կիներ եւ անոնց մէջէն ընտրուեցան յարմարագոյն կիները, որոնք հետեւեցան դասընթացքներու: Աշխատանքի ծրագիր ներկայացողներուն պիտի տրամադրուէր ամէն տեսակի պիտոյք, որպէսզի անոնք պատրաստ ըլլան աշխատանքի ասպարէզ մտնելու: Յանձնախումբը կը հետապնդէր աշխատանքները: Մէկ տարի անց յաջողութիւն չգտնողները կը վերադարձնէին իրենց տրուած պիտոյքները»:
Գաբրիէլեանի հետ մեր զրոյցի ընթացքին ի յայտ կու գար անոր կառչածութիւնը սուրիական միջավայրին: Ուստի, գաղթելը բոլորին համար նախընտրելի ընտրութիւն չէր, որովհետեւ ծանօթ ըլլալով այս երկրի տարբեր ազգութիւններու մտայնութեան, աշխատելաձեւին, շատեր հարազատ կը զգան այս մթնոլորտը ու դիւրին այստեղ արարելն ու աշխատիլը, նոյնիսկ ծանր պայմաններու տակ, մինչդեռ օտար երկրի մէջ, անծանօթ օտար միջավայրին ու անոր պայմաններուն, գործունեայ դառնալու համար ահագին ճիգ ու տագնապ պիտի դիմագրաւէ սուրիացին, բախումներ ունենալով մտքերու, գործելաձեւի, համոզմունքներու տարբերութեան հետ եւ այլն:
«Այս երկրին քաղաքացին ըլլալով ինքզինքս անոր մէկ մասնիկը կը նկատեմ, ինծի համար հաւասար են բոլորը՝ անկախ իրենց կրօնական կամ ազգային տարբերութիւններէն: Այս զանազանութիւնը հարստութիւն է: Մենք՝ հայերս, մենք մեզ միշտ գերադաս համարելով երբեմն ձեռնածալ կը մնանք: Սակայն օտար երկիրներու մէջ պատրաստ ենք զանազան գործեր յանձն առնելու միայն ապրուստ ապահովելու համար: Պէտք է նախ մեր մտայնութիւնը փոփոխութեան ենթարկենք, որպէսզի ընկերային առողջ միջավայր ունենանք: Յանձնառութիւն տանք կիներուն, որպէսզի ընկալող դերէն արդիւնաբերողի դերին անցնին: Այսպիսով է որ պիտի ունենանք նաեւ մեր օրինակով դաստիարակուած, յանձնառու զաւակներ եւ սերունդներ»:
Գաբրիէլեան իր աշխատանքին ու յարաբերութիւններուն շնորհիւ սերտօրէն աղերսուած է տարբեր շերտաւորումներու հետ եւ քաջածանօթ է բոլորին: «Մենք այս երկրին մէջ փոքրամասնութիւն ըլլալով, ընկերային խճանկարին մէկ մասնիկն ենք: Հետեւաբար իւրաքանչիւրիս ճիտին պարտքն է խրախուսել մնացող եւ պայքարող ժողովուրդը, գործի մղել իգական սեռը, շեշտել անոր ներդրումին կարեւորութիւնը, որպէսզի ան եւս նպաստէ իր ընտանիքին եւ հասարակութեան անցուկ վիճակի բարելաւման»:
Լուսին Ապաճեան-ՉիլԱբօշեան
(Շար.1)